Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Բրիտանիոյ հայ համայնքին նուէրը այս անգամ բաժին ինկած է Ծղուկ, Թասիկ եւ Աղիտու համայնքներու (Սիւնիքի մարզ) 105 աշակերտներու: Յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանին անոնք դպրոց պիտի յաճախեն նոր պայուսակներով եւ գրենական պիտոյքներով:

Այս մասին կը հաղորդէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հասարակութեան հետ կապերու բաժինը:

Գիւղացիները հաւաքուած էին կիսելու դպրոցականներուն ուրախութիւնն ու անձամբ տեսնելու նուէրները:
Ծնողները գոհունակ էին, որովհետեւ այս նախաձեռնութեամբ մեծ բեռ մը իջած է իրենց ուսերէն: Անոնք յատկապէս ուրախ էին այն պատճառով, որ իրենց նկատմամբ հետաքրքրութիւն ստեղծուած է։
Անահիտ Ղազարեան, որ անգամ մը եւս գացած էր Լոնտոնէն, նուէրները յանձնելու նպատակով, խոստացաւ օրուան բարձր տրամադրութիւնն ու ջերմ խօսքերը փոխանցել Բրիտանիոյ համայնքի զաւակներուն։