Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Երկիր».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնականի տեղակալ Պրենթ Հարթլի, ելոյթ ունենալով Վիեննայի մէջ կայացող եւ ապահովական հարցերու նուիրւած ԵԱՀԿի խորհրդաժողովին ընթացքին՝

կոչ ըրած է Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին աշխուժացնելու Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած ջանքերը։

Ըստ ատրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գօրծակալութեան՝ Հարթլի աւելցուցած է. «Յոյս ունինք, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահները կ՛ընդունին Փարիզի մէջ մօտիկ ապագային հանդիպելու Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի առաջարկը: Բանակցութիւնները աւելի առարկայական դարձնելու Զուիցերիոյ նախագահ Տիտիէ Պուրխալթերի կոչը եւս առիթ կ՛ընծայէ կողմերուն՝ խաղաղութեան գործընթացը արագացնելու»: