ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան հայրենի «Երկիր» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Նիքոլա Սարքոզիի Հայաստան կատարած այցելութիւնը նախ եւ առաջ հայ-ֆրանսական սերտ յարաբերութիւններու ապացոյցն էր:
Մանոյեան չանտեսեց նաեւ այն փաստը, որ Սարքոզի ունէր առնուազն 2 լսարան՝ հայաստանաբնակ հայերու եւ ֆրանսահայերու:
Կ. Մանոյեան նշեց, որ Սարքոզիի ելոյթէն յստակ էր, որ ան կ՛ակնարկէր նաեւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն: Մանոյեան վստահեցուց, որ Սարքոզի, դէմ ըլլալով Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, այդ մասին անգամ մը եւս զգացնել տուաւ հայաստանեան իր ելոյթին մէջ:
Ըստ անոր, Սարքոզի ընտրութեան առջեւ դրաւ Թուրքիան՝ ընդունիլ սեփական պատմութիւնը, կամ Ֆրանսա այդ ուղղութեամբ քայլերու պիտի դիմէ:
Թէեւ ֆրանսական-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ այսօր լարուածութիւն կը նկատուի, սակայն Մանոյեանի համոզումով, այդ լարուածութիւնը պիտի չխորանայ: