ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ելեկտրականութեան գինը շուրջ մէկ ամիսէն պիտի բարձրանայ մօտ 4 դրամով: Երկու ժամէն աւելի տեւած լարուած քննարկումներէ ետք նման որոշում տուաւ Հայաստանի հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը:
Բնակչութեան մատակարարուող ցերեկային ելեկտրականութեան 1 քիլովաթ/ժամը ներկայիս գանձուող 38 դրամի փոխարէն պիտի դառնայ 41,85 դրամ, իսկ գիշերայինը՝ 28ի փոխարէն 31,85 դրամ:
Ազգային ժողովի ոչ իշխանական քաղաքական ուժերը որոշումէն ետք անամօթութիւն նկատեցին յանձնաժողովի անդամներուն այս որոշումը։
Քուէարկութենէն առաջ Հայ Ազգային Կոնգրես խմբակցութեան ներկայացուցիչ Արամ Մանուկեան ելոյթ ունեցաւ եւ յանձնաժողովին յորդորեց ինքզինք դնել ժողովուրդին կացութեան մէջ եւ յետաձգել հարցի քուէարկութիւնը: Այս առաջարկին միացաւ նաեւ «Օրինաց Երկիր»ը: Յանձնաժողովի նախագահ Ռոբերտ Նազարեան քաղաքական ուժերուն առաջարկը մերժեց, ըսաւ, որ իրենք քաղաքական գործընթացներուն չեն մասնակցիր:
«Մեր երկիրը պաշտօնական տուեալներով գրանցել է 37 տոկոս աղքատութիւն: Մէկ տարուայ ընթացքում շուրջ 40 տոկոս հոսանքի թանկացումը անթոյլատրելի է: Ֆինանսական հիմնաւորումները բաւական չեն արդարացնելու այն քայլը, որ դուք պէտք է այսօր քուէարկէք», ըսած է Արամ Մանուկեան:
Ելեկտրականութեան գինի բարձրացման նախաձեռնող Ռոբերտ Նազարեան յայտնեց թէ՝ «ի հարկէ, աղքատութիւն կայ, սա սոցիալական բեռ է աւելացնում, ի հարկէ սա իր հետեւից կարող է որոշակի առաջին անհրաժեշտութեան սննդամթերքի թանկացման բերել, չեմ բացառում: Սրանք հետեւանքներ են, կարծում եմ, պէտք է այս հարցերը ուղղել այն պատկան մարմիններին, որոնք կոչուած են լուծելու այդ խնդիրները: Եթէ մենք հիմա ճիշդ ազդակ չհաղորդենք այս համակարգին, ուրեմն համակարգը արդէն այն վիճակում է… արդէն ունենք կայանների չվճարումներ, ապա համակարգի կայունութիւնը կարող է խարխլուել, եւ մենք աւելի շատ տուժենք, քան այս սոցիալական բեռն է», յայտարարած է Նազարեան:
Ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ ցոյց
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 1 Յուլիսին, մինչ Հայաստանի հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը կը քննարկէր ելեկտրականութեան սակի բարձրացման հարցը, շէնքէն դուրս հոծ բազմութիւն հաւաքուած էր: Ցոյցին կը մասնակցէին շուրջ հարիւր քաղաքացիներ, քաղաքացիական գործիչներ, «Դէմ եմ»ի անդամներ, քաղաքական գործիչներ, «Ժառանգութեան» փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան, «Օրինաց Երկիր»ի երիտասարդական թեւը, ՕԵԿ պատգամաւոր Իշխան Խաչատրեան, ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը, ՀՅԴ երիտասարդներ, ՀԱԿ պատգամաւորներ Լեւոն Զուրաբեան եւ Արամ Մանուկեան:
Նիստին ընթացքին ոստիկանութիւնը արդէն իսկ փակած էր Հայաստանի հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի շէնքին գտնուած վայրը՝ Երզնկեանի զառիթափը՝ երկու կողմերէն, այսինքն՝ փակ է Սարեան-Երզնկեան հատուածը: Ոստիկանութիւնը շատ խիստ օրէնքներ ճշդած էր, զառիթափով կրնային բարձրանալ միայն լրագրողները՝ իրենց լիազօրագիրները ցոյց տալէ ետք, նաեւ քաղաքացիական ինքնաշարժները: Պարբերաբար կը ծագէին խնդիրներ՝ ոստիկանութեան սահմանած խիստ դրութեան իբրեւ հետեւանք: Հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք միշտ մասնակցած են ՀԾԿՅի նիստերուն, ստիպուած եղած են երկար բացատրութիւններ տալ ոստիկանութեան ներկայացուցիչներուն, որպէսզի արտօնեն բարձրանալ շէնք կամ մտնել ներս:
Նոյնիսկ լրագրողներուն համար կային խոչընդոտներ: «Հայկական Ժամանակ»ի թղթակից Հայկ Գէորգեանին արտօնութիւն չէին տար բարձրանալ եւ իր մասնագիտական աշխատանքը կատարել, որովհետեւ ոստիկանութիւնը սկսած է անտրամաբանական պահանջներ ներկայացնելու, օրինակ՝ «բարձրացէք աստիճաններով, այլ ոչ ճանապարհով, լրագրողները մի քանի քայլ վերեւից թող նկարեն»:
Ցուցարարները սուլոցներով պահանջած են բանալ աստիճանները, որպէսզի քաղաքացիները կարելիութիւն ունենան իրենց բողոքը արտայայտել շէնքին առջեւ, սակայն, բնականաբար, ոստիկանութիւնը առիթ չէ տուած: