Յունիս 6ին Հայաստանի Գրողներու միութեան Ծաղկաձորի ստեղծագործական տան մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդ գրողներու 12րդ համաժողովը, որուն մասնակցեցան երիտասարդ ստեղծագործողներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Վրաստանէն:
ՀԳՄ նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը, ողջունեց ներկաներուն եւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ մարդկային յարաբերութիւններու, երիտասարդներու հետ շփուելու եւ աւագ երիտասարդ գրողներու միջեւ երկխօսութիւն ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին: