Յունիս 30-ին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Սպանիայի Սենատի անդամ Ուրկօ Այարտզա Ազուրտզային՝ Հայաստանի Եւրոպացի բարեկամներ կազմակերպութեան տնօրէն Էտուարտօ Լորենզօ Օչոայի ուղեկցութեամբ:
Ողջունելով հիւրերը՝ նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատեց երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման գործով խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերակատարութիւնը:
Էդուարդ Նալբանդեան ողջունեց սպանացի սենատորի այցը Արցախ՝ նշելով, որ նման այցելութիւններ հնարաւորութիւն կուտան առաջին ձեռքէ ծանօթանալու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին եւ տեղւոյն առկայ իրավիճակին:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ սենատոր Ազուրտզան ընդգծեց, որ իրեն համար շատ կարեւոր էր այցելել Հայաստան եւ Արցախ ու վստահեցուց, որ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ ուղղուած հայ-սպանական փոխգործակցութեան առաւել ամրապնդման ու խորացման:
Նախարար Նալբանդեան ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու կողմէ գործադրուող ջանքերը:
Զրոյցի ընթացքին միտքեր փոխանակեցին Հայաստան եւ Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան շուրջ: