Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան:

Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան միջոցներուն հետ կապերու վարչութիւնը տեղեկացուց, որ զրուցակիցները քննարկեցին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպման ընթացքին Նիքոլայ Պորտիւժա Հայաստանի նախագահին զեկուցեց կազմակերպութեան ընթացիկ գործունէութեան, համագործակցութեան ծիրին մէջ արձանագրուած արդիւնքներուն, որոնց շարքին՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ռազմական բաղադրիչի զարգացման, անոր անդամ պետութիւններու ռազմական համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւններու զարգացման ծրագիրի իրականացման ընթացքի, կազմակերպութեան միացեալ անձնակազմի ընթացիկ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ հարցերու մասին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարը քննարկեցին կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նախորդ նստաշրջանին մէջ ընդունուած որոշումներու իրագործման ընթացքը: