Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արցախեան ազատամարտի առաջին կռիւները տեսած գիւղին՝ Տողի մէջ, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը արուեստի դպրոց մը հաստատեց համայնքի եւ մօտակայ տասը գիւղերու երեխաներուն համար:

Դժուար է որոշել, թէ արուեստը որքա՛ն կարեւոր կը նկատուէր այդ ահաւոր տարիներուն: Երկատուած դպրոցը՝ հայ եւ ատրպէյճանցի աշակերտներու համար տարանջատ դասարաններով, կը նախապատկերէր երկու ժողովուրդներու մօտալուտ բաժանումը: Ապա արձակուեցաւ առաջին փամփուշտը: Տողը ահա կը դառնար կռիւի կիզակէտը:
Գիւղը հանդիսացաւ բռնկող վայրագ պատերազմի սկզբնական ճակատը, իսկ անոր հայ բնակիչները՝ առաջինները, որոնք ստիպուած եղան զէնք բարձրացնելու Ատրպէյճանի նեցուկը վայելող ազերի միլիսներուն դէմ: Գիւղացիները կռուեցան քաջաբար՝ թշնամի դարձած համայնքակիցներու դէմ եւ զանոնք ետ մղեցին, մինչեւ որ Ստեփանակերտէն կամաւորական խումբեր, որսորդական հին հրացաններով զինուած՝ հասան ու ամրակայեցին Տողի հայոց պաշտպանութիւնը:
Եթէ այդ օրերուն ոեւէ մէկը արուեստի մասին կը մտածէր, ապա ատելութեամբ ու բռնարարքով յատկանշուած այդ միջավայրին խաղաղութեան նշոյլ մը բերելու իմաստով էր՝ հաւանաբար: Յամենայնդէպս, փամփուշտներու եւ ռումբերու տեղատարափներուն տակ եւ մինչ ապագան անորոշ կը մնար՝ դժուար պիտի ըլլար պատկերացնել, թէ կեանքը երբեւէ կրնար բնականոն կամ գէթ տանելի դառնալ նորէն:
Արցախի ազատագրութենէն ետք, հայութիւնը սկսաւ վերակառուցելու: Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը եւս, իր մարդասիրական առաքելութեամբ, անմիջապէս գործի անցաւ՝ Արցախի եւ Հայաստանի կենսական սպասարկութիւններն ու ենթակառոյցները վերականգնելու հետամուտ: Տողի պարագային, առաջնահերթ նպատակներէն էր համայնքի երեխաներուն համար արդիական յարմարութիւններով յագեցուած եւ անվտանգ ուսումնական միջավայրի մը ապահովումը:
Գոյութիւն ունեցող դպրոցը՝ 1978ին կառուցուած, արդէն իսկ պատերազմի նախօրեակին փտած վիճակի մէջ էր եւ ապա ծանր վնաս կրած՝ կռիւներուն ընթացքին: Իրօք, երբ «Հայաստան» հիմնադրամը ձեռնարկեց վարժարանի վերանորոգման ծրագիրին, շէնքը գրեթէ անգործածելի դարձած էր:
Այսօր ամբողջովին վերակառուցուած դպրոցը կ՛ընդգրկէ 20 դասարան, մարզասրահ մը եւ վարչական գրասենեակներ: Անիկա օժտուած է նաեւ ջեռուցիչ համակարգով՝ անընդհատ դասաւանդութիւնը կարելի դարձնելով Տողի դաժան ձմեռներուն: Ներկայիս 108 աշակերտներ կը յաճախեն դպրոցը:
Վարժարանի դեռեւս չվերանորոգուած բաժինի մը մէջ էր, ուր արուեստագէտներու ու երաժիշտներու շրջուն խումբ մը արուեստի դպրոց մը հիմնեց: Հասարակական գործիչ Սուսաննա Բալայեանի գլխաւորութեամբ, այս խումբը Տողը ընտրեց որպէս գործունէութեան վայր՝ նկատի առնելով գիւղի պատմական նշանակութիւնը, իբրեւ թէ՛ երբեմնի հայկական թագաւորութեան մը մայրաքաղաքը եւ թէ այն համայնքը, ուր Արցախի ազատագրումը սկսած էր:
Թէեւ արուեստի դպրոցի մը համար պէտք եղած յարմարութիւնները կը պակսէին, երբ Բալայեանի խումբը իր գործունէութեան սկսաւ Տողի մէջ, երեխաներու խանդավառութիւնը կը բաւէր, որ արուեստագէտ-ուսուցիչները իրենց բացարձակ կարելին ընէին՝ գոյութիւն ունեցող պայմաններով դասաւանդութիւնը լաւագոյնս արդիւնաւորելու: Արդարեւ, այս ուսուցիչները օրեր, երբեմն՝ շաբաթներ կ՛անցընէին Տողի մէջ, արուեստի գնահատումն ու կիրառումը աւանդելով հետաքրքիր երեխաներուն:
Շուտով Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը դարձեալ գործի լծուեցաւ Տողի մէջ, այս անգամ՝ արուեստի ուսուցման համար գործածուած մասնաշէնքը վերանորոգելով եւ կատարեալ ու արդիական արուեստի դպրոցի մը վերածելով: Ներկայիս այս լուսաշատ, գեղեցիկ շէնքին մէջ կը դասաւանդուի պար, թատրոն, նկարչութիւն, կաւագործութիւն եւ երաժշտութիւն, ներառեալ՝ երգ, դաշնակի, ջութակի ու ժողովրդական գործիքներու կատարում:
Շէնքը ո՛չ միայն վերակառուցուած է ըստ Համահայկական հիմնադրամի խստապահանջ չափանիշներուն, այլեւ՝ օժտուած լիիրաւ արուեստի դպրոցէ մը ակնկալուած բոլոր սարքաւորումներով ու յարմարութիւններով: Հիմնադրամը կառուցած է նաեւ այցելող արուեստագէտ-ուսուցիչներուն համար հանրակացարան մը:
Շնորհիւ Արցախի կառավարութենէն ստացուած յաւելեալ օժանդակութեան՝ արուեստի դպրոցը նաեւ փոխադրամիջոց կը տրամադրէ Տողի մօտակայ գիւղերէն եկող աշակերտներուն, հետեւաբար՝ ներկայիս 130 երեխայ կը յաճախէ դպրոցը: Եւրոպական Վերածնունդի շրջանի Մետիչի տոհմին ու ԱՄՆ Արուեստներու Ազգային հիմնարկին ոգիով, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը կը հաւատայ արուեստի ուժին՝ որպէս կերպարանափոխիչ ու ազնուացնող ազդակ, եւ ըստ այնմ՝ քաջալեր կը հանդիսանայ տաղանդ ու ձիրք ունեցող երեխաներու եւ պատանիներու ուսուցման: Աշխարհը կը սպասէ Տողի ծլող արուեստագէտներու արտադրելիք գլուխ գործոցներուն: