Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արցախի զարգացման ու վերաբնակեցման ուղղուած ազգային վիճակախաղի երկրորդ խաղարկութեան մեկնարկը տրուեցաւ Մայիս 9-ին Ստեփանակերտի մէջ: Մինչեւ Դեկտեմբեր 28-ը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցները կրնան աջակցիլ Արցախի զարգացման՝ գնելով ազգային վիճակախաղի տոմսեր:

Այս անգամ խաղարկութեամբ վիճակախաղի տոմսերէն բացի կան նաեւ ոչ խաղարկութեամբ տոմսեր եւ SMS վիճակախաղ: Ոչ խաղարկութեամբ տոսմերը կը վաճառուին ԼՂՀ եւ ՀՀ տարածքէն ներս եւ շահը կը կազմէ մինչեւ 50 հազար դրամ: SMS վիճակախաղը առայժմ կը խաղարկուի միայն ԼՂՀ տարածքէն ներս, որով կարելի է շահիլ i-Phone եւ i-Pad, կայ նաեւ պոնուս խաղարկութիւն, որը հնարաւորութիւն կուտայ շահելու մինչեւ 500 հազար դրամ:
Այս անգամ նոյնպէս ազգային վիճակախաղին կը խաղարկուին բնակարաններ, գորգեր: Գիւղանտնտեսութեան աջակցելու նպատակով այս տարի կը խաղարկուի նաեւ տակառով թութի օղի:
«Ազգային վիճակախաղ» ՓԲԸ տնօրէն Ալեքսանդր Արզումանեանի խօսքերով ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին հայաստանեան բջիջային ընկերութիւններու հետ ՀՀ ամբողջ տարածքին մէջ եւս SMS վիճակախաղ խաղարկելու համար:
Այս տարի շրջանառութեան մէջ դրուած է վիճակախաղի 300 հազար տոմս: Ալեքսանդր Արզումանեան յոյս յայտնեց, որ այն ամբողջութեամբ կը վաճառուի, եւ եւս 100 հազար տոմս շրջանառութեան մէջ կը դնեն:
Յիշեցնենք, որ ազգային վիճակախաղի առաջին խաղարկութիւնը սկսաւ 2013 թուականին: Դեկտեմբեր 28-ին կայացած վիճակահանութեան արդիւնքներով պարզ դարձաւ, որ շրջանառութեան մէջ դրուած 300 հազար վիճակախաղի տոմսէն վաճառուած էր 260 հազար 505ը: 345 հոգի շահած է արցախեան գորգ: Արցախի ազգային վիճակախաղէն գոյացած 240 միլիոն դրամը յատկացուեցաւ Իշխանաձոր համայնքի վերաբնակեցման: Այժմ Իշխանաձորի մէջ ընթացքի մէջ են շինարարարական աշխատանքները, մինչեւ տարուոյ աւարտին կը հասցուի համայնքի 37 առանձնատան կառուցումը: