Հանդիսավարի լոյսերուն տակ, ներկայ հետաքրքիր հասարակութիւնը մեծ յուզումով կը հետեւի հայկական կրկէսի (Երեւան) անդամներէն մարդու մը զարմանահրաշ խաղերուն, տրուած ըլլալով, որ ան կենաց մահու պայքար մըն է, որ կը մղէ իր այս ցուցադրութեան ընթացքին, հսկայական սողուններու՝ մեծ պետոններու հետ կռուելով, իր ահեղ ուժին շնորհիւ: Ինչպէս ծանօթ է, պետոնները ամենազօրաւոր  օձերն են, նոյնիսկ ոմանք՝ պոայէն ալ զօրաւոր:

Անգլիական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը իր մէկ թիւին մէջ կը գրէ.- 1955-ին, երբ Լիզպոնի մէջ մեռաւ Գալուստ Կիւլպենկեանը, 24 միլիոն սթերլինի հասնող հարստութիւն մը ձգեց: Այսօր Կիւլպենկեան հիմնարկութեան փոխանցուած այս հարստութիւնը կը հասնի 45,5 միլիոն սթերլինի:

Երեւանի ձայնասփիւռէն առնելով՝ արտասահմանեան հայերէն բոլոր թերթերը գրեցին, թէ վերջին վիճակագրութեան արդիւնքներուն համաձայն, Հայաստանի բնակչութեան ընդհանուր թիւն է 1,890,000:
Խօսնակը աւելցուցած է նաեւ, թէ երկու տարուան ընթացքին Հայաստանի բնակչութիւնը աւելցած է 125,000 հոգի: Ուրիշ աղբիւրներէ հասած տեղեկութիւններու համաձայն, մայրաքաղաք Երեւանի բնակչութեան թիւն ալ հասած է 560,000-ի: Սրտի անհուն հրճուանքով է, որ կու տանք այս լուրը մեր ընթերցողներուն:

  • Ֆիքսի «Արշալոյս-Ջամալեան»  խումբը, պաղպաղակասեղան մը սարքեց ի պատիւ աւետարանական եւ Ազգ. Միացեալ վարժարաններու այս տարուայ շրջանաւարտներուն:

  • Վերջերս, Ֆիքսի Ազգ. Միացեալ վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտները (թիւով 17), իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հետ, ծովագնացութիւն մը կազմակերպեցին դէպի Էղինա: