Print
Category: Յուշատետր

Այսօր՝ Մայիս 10ին, կը լրանայ ծննդեան 199ամեակը արժանաւոր հայ հոգեւորականի մը՝ Գաբրիէլ Արքեպիսկոպոս Այվազովսկիի։

Հմուտ հայագէտ, թարգմանիչ, նուիրեալ մանկավարժ եւ հոգեւորական անխոնջ գործիչ էր հանճարեղ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի աւագ եղբայր Գաբրիէլը, որ ազգային ծառայութեամբ իմաստաւորեց իրեն վիճակուած 68 տարիներու կեանքը՝ հայ լեզուի եւ մշակոյթի անկորնչելի արժէքներուն պաշտամունքը ամէնուր տարածելով։

Հաւատքի մարդ էր Գաբրիէլ Արքեպիսկոպոս, քրիստոնէական աստուածապաշտութեան աներեր նուիրեալ մը, որ թունդ պահպանողականի մտածողութեամբ փարեցաւ հայ հոգեւորականի իր կոչումին։ Իր համոզումներուն համար բուռն պայքար մղեց ժամանակի ազատախոհ ու յեղափոխաշունչ հայ մտաւորականութեան դէմ եւ թիրախ դարձաւ նոյնքան բուռն քննադատութեանց՝ 19րդ դարակէսի Զարթօնքի Սերունդին կողմէ, յատկապէս Միքայէլ Նալբանդեանի եւ Ստեփան Ոսկանի տարողութեամբ ազատախոհ գրողներու կողմէ։

Պահպանողական իր աշխարհայեացքի հիմքին միշտ արմատաւոր եւ հաստաբուն պահեց հաւատքն ու պաշտամունքը մայրենիին, հայոց լեզուի եւ ազգային մշակոյթի անփոխարինելիութեան։ Եւ բոլորին ու շարունակ քարոզեց՝

«Քանի որ ազգ մը իր լեզուն կը պահէ, թէպէտ եւ ուրիշ ամէն ազգային յատկութիւններն ալ կորսնցնէ, ազգութիւնը չի կորսնցներ, իսկ լեզուն մէկդի ձգելուն պէս՝ ազգութիւնն ալ խիստ շուտ կը կորսուի»:

Ծնած էր 1812ի Մայիս 10ին, Թէոդոսիա (Խրիմ)։ Նախնական կրթութիւնը ստացաւ ծննդավայրի գաւառական դպրոցին մէջ, որմէ ընթացաւարտ՝ 1826ին ուղարկուեցաւ Ս. Ղազար (Վենետիկ), Մխիթարեաններու մօտ ուսումը շարունակելու համար։ Ուսման աւարտին, 1830ին, հոգեւորական կոչումի տէր Գաբրիէլը միացաւ Մխիթարեան Միաբանութեան եւ 1834ին ձեռնադրուեցաւ վարդապետ։

Ս. Ղազարի մէջ ստանձնեց փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան դասախօսի պաշտօն՝ միաժամանակ վարելով Միաբանութեան ընդհանուր քարտուղարի գործերը։ Թէեւ ազգային իր համոզումներուն բերմամբ այնքան ալ հաշտ չէր Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ, այսուհանդերձ՝ Գաբրիէլ վարդապետ շուտով դարձաւ Միաբանութեան սիւներէն մէկը։ 1842¬48ին դասախօս հրաւիրուեցաւ Վենետիկի Ռաֆայէլյան վարժարանը։ 1843ին հիմնադրեց եւ խմբագրեց (մինչեւ 1848) Միաբանութեան «Բազմավէպ» հանդէսը:

1848¬56ին եղաւ Փարիզի Մուրատեան վարժարանի տնօրէնը, ինչպէս եւ հայոց պատմութեան ու հայերէն լեզուի ուսուցիչը։ Բայց նոյն այդ շրջանին դաւանաբանական հարցերով բախում ունեցաւ Մխիթարեաններու հետ եւ 1856ին, գժտուելով, վերադարձ կատարեց Հայ Առաքելական Եկեղեցիին՝ մնալով հանդերձ Փարիզի մէջ։ Իր գաղափարակիցներ Ս. Թէոդորեանի եւ Ա. Գալֆայեանի հետ, Փարիզի մէջ, հիմնեց ու ղեկավարեց Հայկազեան վարժարանը։ 1855¬58ին խմբագրեց եւ հրատարակեց «Մասեաց Աղաւնի» ամսագիրը։

1858ին վերադարձաւ իր ծննդավայրը եւ շուտով նշանակուեցաւ Նոր Նախիջեւանի ու Բեսարաբիայի հայոց թեմակալ առաջնորդ։ Այդ շրջանին Թէոդոսիայի մէջ հիմնեց Խալիպեան վարժարանը (որուն տեսուչն էր 1858էն 1865), շարունակեց խմբագրել ու հրատարակել (մինչեւ 1865) «Մասեաց Աղաւնին»։

1867ին Ս. Էջմիածնի մէջ ձեռնադրուեցաւ եպիսկոպոս, իսկ 1871ին արժանացաւ արքեպիսկոպոսի աստիճանին։ 1875ին, Գէորգ Դ. Կաթողիկոսի հրաւէրով նշանակուեցաւ Գէորգեան Ճեմարանի տեսուչ, իսկ երկու տարի ետք կարգուեցաւ Թիֆլիսի հայոց թեմակալ առաջնորդ։ Այդ պաշտօնին վրայ ալ, 1880ի Ապրիլ 8ին, Գաբրիէլ Արք. Այվազովսկի վախճանեցաւ Թիֆլիս։

Գաբրիէլ Այվազովսկի հայագիտական եւ պատմաբանասիրական հարուստ ժառանգութիւն մը կտակեց հայ ժողովուրդին։ Յիշատակելի են՝ «Համառօտ պատմութիւն ռուսաց» (1836), «Պատմութիւն Օսմանեան պետութեան» (Ա. եւ Բ. հատոր, 1841), «Նիկոլ եպիսկոպոս եւ պատմութիւն դարձին հայկազանց Լեհաստանի ի կաթոլիկութիւն» (1877), «Պատմութիւն Խալիպեան ուսումնարանին ազգիս հայոց» (1880), «խանգարմունք հայկաբանութեան ի հնումն եւ ի նորումս» (1869), «Ուղղագրութիւն լեզուիս հայոց» (1869), «Նախակրթանք հայերէն լեզուի...» (մաս 1¬3, 1860¬77), «Ընթերցարան լեզուին ռուսաց» (1862) գործերը։ Ունի կրօնա -աստուածաբանական շարք մը աշխատութիւններ: Տիրապետելով եւրոպական ու արեւելեան 12 լեզուներու՝ Գ. Այվազովսկի իր ետին ձգեց թարգմանական նշանակալի ժառանգութիւն։ Հայացուցած է իտալերէնէ՝ Սիլվիօ Բելլիքոյի «Բանտք իմ» վիպակը (1853), ֆրանսերէնէ՝ Յովսէփ Տրոզի «Խորհրդածութիւնք»ը (1854), ռուսերէնէ՝ Ի. Կռիլովի առակները (աշխարհաբարով)։ Իսկ հայերենէն իտալերէնի թարգմանած է Մովսէս Խորենացիի եւ Ագաթանգեղոսի Պատմութիւնները (յաջորդաբար 1841ին եւ 1843ին)։

Ոչ միայն իր ժամանակին, այլեւ քսաներորդ դարուն ու մինչեւ վերջին տասնամեակները, Գաբրիէլ Արք. Այվազովսկին ընդհանրապէս կը մեղադրուէր իր պաշտպանած թունդ պահպանողական գաղափարներուն համար։ Յատկապէս խորհրդահայ պաշտօնական դիտանկիւնէն՝ Գ. Այվազովսկի կը նկատուէր արտայայտիչը հայ կղերի եւ ունեւոր խաւերու շահերուն՝ անվերապահօրէն պաշտպան կանգնելով ատենին տիրող հասարակական ու քաղաքական կարգերուն։ Ըստ Հայկական Սովետական Հանրագիտարանին՝ «ազգասիրութեան» ու «միաբանութեան» կոչելով ազգը, նա դատապարտում էր քաղաքացիական պատերազմը, ապստամբութիւնը, «անհնազանդութիւնը», յեղափոխութիւնը եւ նրանց, ովքեր ընդդիմանում էին «օրհնաբանեալ տէրութեանը» եւ «երկպառակութեան» հրահրում ազգը»...

Բայց վերջին շրջանին, հայ պահպանողական գաղափարախօսութեան դիրքերէ կատարուող վերարժեւորումներու ծիրին մէջ, հայրենի հեղինակներ սկսած են մատնանշել, որ ազգասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը խոր արմատներ ունէին Գ. Այվազովսկիի մտածողութեան մէջ։ Դիտել կու տան, որ Ցարիզմի հակահայ քաղաքականութեան եւ Սուլթանական հակահայ խժդժութեանց դէմ պարբերաբար բողոքած է հայ հոգեւորականութեան այս պահպանողական ներկայացուցիչը։ Բայց իր մէջ միշտ իշխեց այն խոր համոզումը, որ ըմբոստութեամբ եւ յեղափոխական քայլերով կը վտանգուին հայոց ազգային հաւատն ու լեզուն, որոնք Գաբրիէլ Արք. Այվազովսկիի համար «հայօրէն գոյատեւելու ամէնէն ապահով ու անփոխարինելի կռուաններն էին» հայ ժողովուրդին պարտադրուած դաժան բռնատիրութեանց պայմաններուն տակ։

Իսկ ժամանակը եկաւ իր վճռորոշ տրամաբանութեամբ ցոյց տալու, որ նոյնինքն այդ անփոխարինելի կռուաններու պաշտպանութեան համար անխուսափելի անհրաժեշտութիւն էր մեր ժողովուրդին յեղափոխական ծառացումը։