Print
Category: Յուշատետր

altՀոկ­տեմ­բե­րի այս օ­րե­րուն, 348 տա­րի ա­ռաջ, ­Հո­լան­տա­յի Ամս­թեր­տամ քա­ղա­քին մէջ ամ­բող­ջա­ցաւ հա­յե­րէն Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի ա­ռա­ջին տպագ­րու­թիւ­նը, ո­րուն ձեռ­նար­կո­ւե­ցաւ 11 ­Մարտ 1666ին եւ որ իր ա­ւար­տին հաս­նե­լու հա­մար պէտք ու­նե­ցաւ ա­ւե­լի քան եր­կու

տա­րո­ւան աշ­խա­տան­քի։
Ա­ռա­ջին տպա­գիր հա­յե­րէն Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը 21ով 26 սան­թի­մեթր չա­փի վրայ 1464 է­ջե­րէ բաղ­կա­ցած գե­ղա­տիպ հրա­տա­րա­կու­թիւն մըն է։ ­Հա­յե­րէն Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի տպագ­րու­թիւ­նը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ Ոս­կան Ե­րե­ւան­ցիի (­Նաեւ ծա­նօթ՝ իբ­րեւ ­Ջու­ղա­յե­ցի) նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ ուղ­ղա­կի մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Ոս­կան վար­դա­պե­տի ծնող­նե­րը ­Շահ-Աբ­բա­սի ժա­մա­նակ Ե­րե­ւա­նէն տե­ղա­հա­նո­ւած ու Ս­պա­հան՝ ­Նոր-­Ջու­ղա հաս­տա­տո­ւած հայ գաղ­թա­կան­ներ էին։ Ոս­կան ծնած էր 1614 թո­ւին։ Ու­սու­մը ստա­ցած էր ­Նոր-­Ջու­ղա­յի Ա­մե­նափրկ­չեան վան­քին մէջ։ Այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ­Նոր-­Ջու­ղա­յի հա­յոց ա­ռաջ­նորդն էր ­Խա­չա­տուր վար­դա­պետ ­Կե­սա­րե­ցին: ­Հա­կա­ռակ իր ծնող­նե­րու ար­գել­քին՝ Ոս­կան ոչ միայն հե­տե­ւե­ցաւ կրօ­նա­կան ուս­ման, այ­լեւ ձեռ­նադ­րո­ւե­ցաւ վար­դա­պետ։ ­Քա­նի մը տա­րի յե­տոյ, ­Մով­սէս ­Տա­թե­ւա­ցի ­Կա­թո­ղի­կո­սին հետ մեկ­նե­ցաւ Ս. Էջ­միա­ծին, ուր ծա­նօ­թա­ցաւ կա­թո­լիկ հայր ­Պօ­ղո­սին եւ իր­մէ սո­րո­ւե­ցաւ լա­տի­նե­րէն լե­զուն, ինչ­պէս նաեւ փի­լի­սո­փա­յու­թիւն, քե­րա­կա­նու­թիւն եւ աստ­ղա­բաշ­խու­թիւն: Այ­նու­հե­տեւ նշա­նա­կո­ւե­ցաւ Ու­լիի Ս. ­Սար­գիս վան­քի վա­նա­հայր:

1655 թո­ւին ­Յա­կոբ ­Ջու­ղա­յե­ցի ­Կա­թո­ղի­կո­սը Եւ­րո­պա ու­ղար­կեց իր քար­տու­ղա­րը՝ ­Մա­թէոս ­Ծա­րե­ցին, հոն տպա­րան հիմ­նե­լու նպա­տա­կով: ­Ծա­րե­ցի մեկ­նե­ցաւ Ի­տա­լիա, սա­կայն հոն ա­ջակ­ցու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն չգտնե­լով ան­ցաւ ­Հո­լան­տա՝ Ամս­թեր­տամ, ուր տպա­րա­նա­յին գոր­ծի հա­մար ա­ւե­լի բա­րեն­պաստ էին պայ­ման­նե­րը: ­Ծա­րե­ցի գոր­ծեց նիւ­թա­կան ծանր պայ­ման­նե­րու մէջ: ­Բայց մեծ զրկանք­նե­րով կրցաւ տպա­րան հիմ­նել եւ ձու­լել տալ հայ­կա­կան տա­ռե­րու հա­ւա­քա­ծուն:
­Ծա­րե­ցի ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի տպագ­րու­թեան, սա­կայն նիւ­թա­կան պատ­ճառ­նե­րով չյա­ջո­ղե­ցաւ ի­րա­կա­նաց­նել իր մտադ­րու­թիւ­նը:

1660ին ան լոյս ըն­ծա­յեց «­Յի­սուս որ­դի» գիր­քը, բայց տա­րի մը ետք՝ 1661ին վախ­ճա­նե­ցաւ: Իր մա­հէն ա­ռաջ ­Ծա­րե­ցի խնդրեց ե­րե­ւան­ցի վա­ճա­ռա­կան Ա­ւե­տի­սին, որ տէր կանգ­նի տպա­րա­նին եւ շա­րու­նա­կէ իր սկսած գոր­ծը: Ա­ւե­տիս, որ Ոս­կան վար­դա­պետ Ե­րե­ւան­ցիի եղ­բայրն էր, իր կար­գին դի­մեց իր եղ­բօ­րը՝ Ոս­կան վար­դա­պե­տին, որ­պէս­զի Ամս­թեր­տամ գայ ու շա­րու­նա­կէ տպագ­րա­կան գոր­ծը, ո­րուն հմտու­թիւ­նը ինք չու­նէր: ­Մին­չեւ Ոս­կան Ե­րե­ւան­ցիին Ամս­թեր­տամ ժա­մա­նու­մը, ­Ծա­րե­ցիի տպա­րա­նէն լոյս տե­սան «­Սաղ­մոս» եւ «­Ժա­մա­գիրք» հա­տոր­նե­րը: ­Վեր­ջա­պէս 1664 թո­ւին Ոս­կան Ե­րե­ւան­ցին (ար­դէն Ե­պիս­կո­պոս ձեռ­նադ­րո­ւած) հա­սաւ Ամս­թեր­տամ եւ լծո­ւե­ցաւ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի տպագ­րու­թեան:

Ոս­կան Ե­պիս­կո­պոս բազ­մա­թիւ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ եւ ա­մէն կար­գի ար­գելք­ներ յաղ­թա­հա­րե­լով՝ 1666էն 1668 ի­րա­գոր­ծեց տպագ­րու­թիւ­նը ա­ռա­ջին Աս­տո­ւա­ծա­շունչ ­Մա­տեա­նին։ Այ­նու­հե­տեւ տպագ­րեց այլ 16 հա­տոր գիր­քեր եւս, ո­րոնք ծի­սա­կան ու կրթա­կան բնոյթ ու­նէին: Ոս­կան Ե­րե­ւան­ցիի (­Ջու­ղա­յե­ցիի) այս մեծ ու ազ­գա­նո­ւէր գոր­ծին նիւ­թա­կան կա­րե­ւոր ա­ջակ­ցու­թիւն բե­րին Ի­րա­նի (­Ջու­ղա­յի) հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րը, ինչ­պէս ­Ջու­ղա­յե­ցի Ս­տե­փա­նոս ­Խա­նենց, ­Թէո­դորս ­Քե­րե­շենց եւ ­Պետ­րոս ­Տէր-Ա­ւա­գենց:

Ոս­կան Ե­րե­ւան­ցիի տպագ­րած Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը կը հան­դի­սա­նայ հայ հին տպագ­րու­թեան լա­ւա­գոյն նո­ւա­ճում­նե­րէն մէ­կը։ Հ­րա­տա­րակ­չա­կան իր կա­րե­ւոր նո­ւա­ճում­նե­րէն են նաեւ ­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցիի «Աշ­խար­հա­ցոյց»ը, Ա­ռա­քել ­Դավ­րի­ժե­ցիի «­Գիրք պատ­մու­թեան»ը, ­Վար­դան Այ­գեկ­ցիի ա­ռակ­նե­րը ե­ւայլն: Ան տպագ­րա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն ու­նե­ցաւ նաեւ ­Լի­վոռ­նո­յի եւ ­Մար­սէյ­լի մէջ:
­Հայ մշա­կոյ­թի ար­ժա­նա­ւոր այս գոր­ծի­չը վախ­ճա­նե­ցաւ ­Մար­սէյլ (Ֆ­րան­սա), 1674 թո­ւի ­Փետ­րո­ւար 4ին։

Ն.