Print
Category: Յուշատետր

­altՀոկ­տեմ­բեր 4ին կ­՚ո­գե­կո­չենք մա­հո­ւան տա­րե­լի­ցը հայ­կա­կան բնան­կար­չու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ վար­պե­տին` ­Գէորգ ­Բա­շին­ջա­ղեա­նի։

­Հա­յաս­տա­նի բնա­կան գե­ղեց­կու­թիւ­նը` Ա­րա­րատ լե­րան վե­հու­թիւ­նը, ­Սե­ւա­նայ լի­ճին խա­ղա­ղու­թիւ­նը եւ յա­ւեր­ժա­կան Ա­նի քա­ղա­քին շքե­ղու­թիւ­նը

դժո­ւար թէ այս աս­տի­ճան խո­րու­թեամբ դրոշ­մո­ւած ըլ­լա­յին հայ մար­դու էու­թեան մէջ, ե­թէ կերպ ու գոյն, լոյս եւ շունչ ստա­ցած չըլ­լա­յին հայ մե­ծա­նուն նկա­րի­չի բարձ­րա­րո­ւեստ վրձի­նին տակ։

­Գէորգ ­Բա­շին­ջա­ղեան ոչ միայն հիմ­նա­դի­րը հան­դի­սա­ցաւ հայ­կա­կան բնան­կար­չու­թեան, այ­լեւ հա­զա­րի հաս­նող իր կտաւ­նե­րով բարձ­րար­ժէք տեղ գրա­ւեց նաեւ ռու­սա­կան ու վրա­ցա­կան բնան­կար­չու­թեան մէջ, իբ­րեւ ամ­բողջ ­Կով­կա­սի բնա­կան գե­ղեց­կու­թիւ­նը մեծ ա­րո­ւես­տով պատ­կե­րա­ւո­րած նկար­չու­թեան «պատ­րիարք»ը` ռուս ա­րո­ւես­տի քննա­դատ­նե­րու դի­պուկ ար­ժե­ւո­րու­մով։

Վ­րաս­տա­նի մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան Սղ­նախ ա­ւա­նի ծնունդ էր հայ մեծ բնան­կա­րի­չը։ ­Լոյս աշ­խարհ ե­կած էր բա­նաս­տեղծ ­Զա­քա­րիա ­Բա­շին­ջա­ղեա­նի յար­կին տակ 16 ­Սեպ­տեմ­բեր 1857ին եւ մա­նուկ տա­րի­քէն շնչած, սնա­նած ու կազ­մա­ւո­րո­ւած էր հայ գի­րի ու գրա­կա­նու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ նկար­չու­թեան հո­գե­պա­րար մթնո­լոր­տին մէջ։ ­Կա­նու­խէն մեծ սէր եւ ըն­դու­նա­կու­թիւն դրսե­ւո­րած էր նկար­չու­թեան նկատ­մամբ` հօր հե­քիաթ­նե­րը նկա­րա­զար­դե­լու ուղ­ղու­թեամբ իր ա­ռա­ջին քայ­լե­րը նե­տե­լով։

Շ­նոր­հա­լի ե­րի­տա­սար­դը գե­ղա­րո­ւես­տա­կան իր կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ 1876-78 տա­րի­նե­րուն, գե­ղա­րուես­տը խրա­խու­սող կով­կա­սեան ըն­կե­րու­թեան ­Թիֆ­լի­սի ­Գե­ղան­կար­չու­թեան եւ ­Քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան ­Վար­ժա­րա­նին մէջ։ ­Փայ­լուն նի­շե­րով ա­ւար­տե­լով դպրո­ցը` կրթա­թո­շա­կի ար­ժա­նա­ցաւ ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու եւ մաս­նա­գի­տա­նա­լու Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի ­Գե­ղա­րո­ւես­տից Ա­կա­դե­միա­յին մէջ, ուր տա­ղան­դա­ւոր նկա­րիչ­նե­րու շուն­չին տակ, 1879էն 1883, Գ. ­Բա­շին­ջա­ղեան կա­տա­րե­լա­գոր­ծեց իր ա­րո­ւես­տը։ 1883ին, «­Կե­չի­նե­րի պու­րակ» իր բնան­կա­րին հա­մար, ար­ժա­նա­ցաւ Ա­կա­դե­միա­յի ար­ծա­թեայ մե­տա­լին եւ նիւ­թա­կան պար­գե­ւի` շա­րու­նա­կե­լու եւ ամ­բող­ջաց­նե­լու հա­մար իր ու­սու­մը։

1883ին վե­րա­դառ­նա­լով ­Թիֆ­լիս, տա­ղան­դա­ւոր նկա­րի­չը ձեռ­նար­կեց ու­սում­նա­սի­րա­կան շրջա­գա­յու­թեան նախ ­Կով­կա­սի եւ, ա­պա, ­Հա­յաս­տա­նի ողջ տա­րած­քին` մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար հայ­րե­նի բնու­թեան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րուն եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի կեր­տած մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թիւն­նե­րուն։

­Բա­շին­ջա­ղեա­նի հա­մար ո­գեշնչ­ման մեծ աղ­բիւր դար­ձաւ այդ շրջա­գա­յու­թիւ­նը, ա­մէ­նուր ու­րո­ւա­գիծ­ներ եւ նկար­չա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեանց ա­տաղձ հա­ւա­քեց, ո­րոնք հիմք եւ իբ­րեւ հումք ծա­ռա­յե­ցին հե­տա­գայ իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց։

1884ին մեկ­նե­ցաւ Ի­տա­լիա եւ մօ­տէն ու­սում­նա­սի­րեց ­Վե­րած­նուն­դի մեծ վար­պետ­նե­րուն գոր­ծե­րը։ Շրջա­գա­յե­ցաւ նաեւ ­Զո­ւի­ցե­րիոյ տա­րած­քին, Ալ­պեան լեռ­նե­րու բնու­թեան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը նիւթ դար­ձուց նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու, բայց նաեւ իր ու­ղե­ւո­րագ­րու­թեան մէջ նշեց, թէ Ալ­պեան բնու­թեան գե­ղեց­կու­թիւ­նը կը զի­ջի... ­Կով­կա­սի եւ ­Հա­յաս­տա­նի բնան­կար­չա­կան հարս­տու­թեան։

Եւ­րո­պա­կան գե­ղան­կար­չու­թեան եւ յատ­կա­պէս բնան­կար­չու­թեան նո­րա­գոյն հո­սանք­նե­րուն մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցու­մը մե­ծա­պէս նպաս­տեց ­Բա­շին­ջա­ղեա­նի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մին։ 1898ին ան կրկին մեկ­նե­ցաւ Եւ­րո­պա` այս ան­գամ Ֆ­րան­սա, ուր ե­րեք տա­րի ապ­րե­ցաւ իր կնոջ ու զա­ւակ­նե­րուն հետ, մաս­նակ­ցե­լով ֆրան­սա­ցի նկա­րիչ­նե­րու հետ հա­ւա­քա­կան ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու եւ, միա­ժա­մա­նակ, հարստաց­նե­լով բնան­կար­չա­կան իր ա­րո­ւեստն ու ո­ճը։

1901ին ­Գէորգ ­Բա­շին­ջա­ղեան վե­րա­դար­ձաւ ­Թիֆ­լիս, ուր այ­նու­հե­տեւ ամ­բողջ 40 տա­րի նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բե­ղուն աշ­խա­տան­քի։ Ոչ միայն հա­զար կտա­ւի հաս­նող նկար­չա­կան մեծ ժա­ռան­գու­թիւն մը կտա­կեց հայ ժո­ղո­վուր­դին, այ­լեւ կա­նո­նա­ւո­րա­բար ցու­ցա­հան­դէս­ներ տա­լով, նաեւ գե­ղան­կար­չա­կան ա­րո­ւես­տին նո­ւի­րո­ւած իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը եւ ու­ղեգ­րա­կան է­ջե­րը հրա­տա­րա­կե­լով` ­Բա­շին­ջա­ղեան ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րում ու­նե­ցաւ հայ հա­սա­րա­կու­թեան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ճա­շակ ջամ­բե­լու եւ ո­րա­կա­կան զար­գա­ցում ա­պա­հո­վե­լու մար­զին մէջ։

­Գէորգ ­Բա­շին­ջա­ղեա­նի ա­րո­ւես­տը իր ժա­մա­նա­կին իսկ ար­ժա­նա­ցաւ միա­հա­մուռ սքան­չա­ցու­մի եւ գնա­հա­տան­քի։ ­Հայ նկար­չու­թեան հան­ճա­րեղ մե­ծու­թիւն­նե­րէն ­Մար­տի­րոս ­Սա­րեա­նի իսկ վկա­յու­թեամբ` մեծ ար­ժէք ու կշիռ ու­նե­ցաւ ­Բա­շին­ջա­ղեան հայ ազ­գա­յին գե­ղան­կար­չու­թեան հա­րուստ ա­ւանդ­նե­րը վե­րա­թար­մաց­նե­լու եւ ար­դիա­կա­նաց­նե­լու աս­պա­րէ­զին մէջ։

­Գէորգ ­Բա­շին­ջա­ղեան լայն տես­լա­կա­նի ու ընդգրկու­մի տէր նկա­րիչ ե­ղաւ։ Բ­նու­թեան գե­ղեց­կու­թիւ­նը չպատ­կե­րա­ցուց իր խռով­քի ու յոյ­զե­րու պա­հե­րուն, փո­թո­րիկ­ներն ու շար­ժու­մի պա­հե­րը զինք չներշն­չե­ցին, ընդ­հա­կա­ռակն` ան­դորրն ու խա­ղա­ղու­թիւ­նը, ա­մե­հի եւ վե­հա­շուք հանգս­տու­թիւ­նը փնտռեց հայ­րե­նի բնու­թեան մէջ, բայց նաեւ այդ պատ­կեր­նե­րով յու­զա­կան ու խո­հա­կան շար­ժում ստեղ­ծեց իր պաս­տառ­նե­րուն վրայ, գրա­ւեց եւ ներ­քին տա­րեր­քի մղեց իր նկար­նե­րը դի­տող­նե­րուն։

­Յատ­կա­պէս անկրկ­նե­լի ե­ղան հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­հա­շուք մե­ծու­թեան եւ հաս­տա­տա­կա­մու­թեան խորհրդա­նի­շին` Ա­րա­րատ լե­րան պատ­կեր­ման նո­ւի­րո­ւած ­Բա­շին­ջա­ղեա­նի կտաւ­նե­րը։
­Թէեւ ապ­րե­ցաւ ու ստեղ­ծա­գոր­ծեց ա­ռա­ւե­լա­բար ­Թիֆ­լի­սի մէջ, բայց ­Գէորգ ­Բա­շին­ջա­ղեան իր ողջ էու­թեամբ շնչեց հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քով ու ա­րո­ւես­տով` վե­րա­նո­րոգ­ման շունչ տա­լով հա­յու­թեան նոր սե­րունդ­նե­րուն։

­Վախ­ճա­նե­ցաւ 4 ­Հոկ­տեմ­բեր 1925ին ­Թիֆ­լի­սի մէջ եւ թա­ղո­ւե­ցաւ, իր կտա­կին հա­մա­ձայն, ­Սա­յաթ ­Նո­վա­յի շի­րի­մին կող­քին։
­Պա­տա­հա­կան չէր կտա­կը. հայ­կա­կան բնան­կար­չու­թեան մեծ վար­պե­տը հիմ­նա­կան ներդ­րում ու­նե­ցած էր հան­ճա­րեղ ­Սա­յաթ ­Նո­վա­յի գոր­ծե­րուն հա­ւաք­ման ու հրա­տա­րակ­ման, ինչ­պէս եւ հան­ճա­րեղ ա­շու­ղին ու բա­նաս­տեղ­ծին շի­րի­մը պսա­կող մա­հար­ձա­նին կա­ռուց­ման մէջ։ ­Բա­շին­ջա­ղեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց գե­րակշ­ռող մա­սը այ­սօր պա­հո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ:

Ն.