altՍեպ­տեմ­բեր 14-15ի օ­րե­րուն, 98 տա­րի ա­ռաջ, Անդրկով­կա­սի հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան ամ­բողջ տա­րած­քին վրայ, հայ ժո­ղո­վուր­դը կը դի­մագ­րա­ւէր հա­մաթրքա­կան շար­ժու­մի հա­յա­կուլ յոր­ձան­քին օր­հա­սա­կան վտան­գը։

 

 

­Սեպ­տեմ­բեր 14ին, Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի վեր­ջին օ­րե­րուն, Անդր­կով­կա­սի բռնագ­րաւ­ման ձեռ­նար­կած թրքա­կան բա­նա­կը, ­Նու­րի փա­շա­յի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, յա­ջո­ղե­ցաւ մուտք գոր­ծել ­Պա­քու՝ ա­զե­րի թուր­քե­րու մու­սա­ւա­թա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը զի­նու զօ­րու­թեամբ պար­տադ­րե­լու հա­մար քա­ղա­քի բնակ­չու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կազ­մող հա­յե­րուն եւ ռուս­նե­րուն։

Ա­միս­նե­րու վրայ եր­կա­րած հա­յեւ­ռուս հե­րո­սա­կան դի­մադ­րու­թիւնն ու ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, ­Ռոս­տո­մի գլխա­ւո­րած դաշ­նակ­ցա­կան ու­ժե­րու եւ Ս. ­Շա­հու­մեա­նի ղե­կա­վա­րած պոլ­շե­ւի­կեան ջո­կատ­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեամբ, պար­տու­թիւն կրած էին։
Ս. ­Շա­հու­մեան եւ պոլ­շե­ւի­կեան հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը նա­ւով փա­խուստ տո­ւած էին քա­ղա­քէն, իսկ Ի­րան տե­ղա­կա­յո­ւած ­Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րու՝ անգ­լիա­կան զօր­քին օգ­նու­թեան հաս­նե­լու խոս­տում­նե­րը ա­պար­դիւն մնա­ցած էին։

­Պա­քու իր մուտ­քին յա­ջորդ ա­ռա­ւօ­տեան իսկ, ­Նու­րի փա­շա ձեռ­նար­կեց ամ­բողջ շրջա­նի հայ­կա­կան օ­ճախ­նե­րուն դէմ անխ­նայ կո­տո­րած­նե­րու՝ յատ­կա­պէս թի­րախ ու­նե­նա­լով ­Ղա­րա­բա­ղի ու ­Զան­գե­զու­րի հա­յա­թա­փու­մը, թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տակ առ­նե­լու հա­մար ­Հա­յաս­տա­նի հա­րա­ւա­յին եւ ա­րե­ւե­լեան դար­պաս­նե­րը։

­Հեգ­նա­կա­նօ­րէն՝ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը այդ օ­րե­րուն կը գտնո­ւէր իր ամ­բող­ջա­կան փլուզ­ման սե­մին։ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը գրե­թէ ա­ւար­տած էր ­Գեր­մա­նիոյ ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թեամբ եւ ­Թուր­քիոյ ջախ­ջա­խու­մով։ ­Բայց Անդր­կով­կա­սի մէջ թրքա­կան բա­նա­կը դեռ չէր սպա­ռած իր ու­ժե­րը, ընդ­հա­կա­ռակն՝ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ներ­քին դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րէն ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տո­ւե­լու պա­տե­հա­պաշտ ռազ­մա­վա­րու­թեամբ, տեն­դա­գին լծո­ւած էր ­Պա­քո­ւին տի­րա­նա­լու եւ հոն­կէ դէ­պի կեդ­րո­նա­կան Ա­սիա բա­ցո­ւե­լու եւ հա­մաթր­քա­կան կայս­րու­թիւն մը կեան­քի կո­չե­լու իր ցնոր­քին ի­րա­կա­նաց­ման։

Այդ ի­մաս­տով մա­հա­մերձ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան վեր­ջին գա­լա­րումն ու հա­կա­հայ մո­լեգ­նու­մը ե­ղան թրքա­կան զօր­քին ­Նու­րի փա­շա­յի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ ­Պա­քու մուտ­քը եւ հոն մնա­ցած հայ ան­զէն բնակ­չու­թեան հա­մա­տա­րած սպան­դը։
­Դեկ­տեմ­բեր 1917ի վեր­ջե­րէն իսկ, երբ Պ­րեսթ-­Լի­թովս­քիի «հաշ­տու­թեան» դաշ­նա­գի­րը ստո­րագ­րուե­ցաւ ­Ռու­սաս­տա­նի մէջ իշ­խա­նու­թեան տի­րա­ցած պոլ­շե­ւիկ­նե­րուն եւ գեր­մա­նա­ցի­նե­րուն մի­ջեւ, ­Գեր­մա­նիոյ զի­նա­կից ­Թուր­քիան սրեց իր ա­խոր­ժակ­նե­րը ­Պաքուին տի­րա­նա­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Իր կող­քին ու­նե­նա­լով Անդրկով­կա­սով մէկ ցրո­ւած թա­թար-թուրք բնակ­չու­թիւ­նը եւ վա­յե­լե­լով ­Գեր­մա­նիոյ մեր­ձե­նա­լու ու­ղին ընտ­րած վրա­ցի­նե­րու հա­մակ­րան­քը, չը­սե­լու հա­մար ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, օս­մա­նեան բա­նա­կի ա­րե­ւե­լեան զօ­րա­մա­սե­րը շարժ­ման մէջ դրո­ւե­ցան՝ Պ­րես­թի դաշ­նագ­րով կա­տա­րո­ւած պոլ­շե­ւի­կեան զի­ջում­նե­րէն ա­ւե­լին զի­նու զօ­րու­թեամբ ձեռք ձգե­լու պա­տե­հա­պաշ­տու­թեամբ։
Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տի բուռն հանգ­րո­ւանն էր, գեր­մա­նա­կան զօր­քե­րը վա­ռե­լա­նիւ­թէ կտրո­ւած էին եւ թուր­քե­րը հա­մաթր­քա­կան ի­րենց ար­շա­ւան­քին ի նպաստ օգ­տա­գոր­ծե­ցին ­Պա­քո­ւի նաւ­թա­հո­րե­րուն տի­րա­նա­լու խայ­ծը եւ ա­պա­հո­վե­ցին գեր­ման սպա­յա­կոյ­տին օրհ­նու­թիւ­նը ի­րենց զի­նո­ւո­րա­կան նոր ար­կա­ծախնդ­րու­թեան...

Ի­րա­պէս ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն էր եւ այդ­պի­սի՛ վախ­ճան ու­նե­ցաւ ­Պա­քո­ւի ուղ­ղու­թեամբ թրքա­կան բա­նա­կի ար­շա­ւան­քը։
­Պա­քուն այդ շրջա­նին բազ­մազ­գեան քա­ղաք էր՝ բա­ռին բուն ի­մաս­տով, ո­րով­հե­տեւ թա­թար-թուր­քե­րը հա­մե­մա­տա­բար փոք­րա­մաս­նու­թիւն էին քա­ղա­քի հայ, ռուս եւ վրա­ցի բնա­կիչ­նե­րուն միա­ցեալ համ­րան­քին բաղ­դա­տած։ Ա­ւե­լի՛ն. ­Պա­քո­ւի մէջ այդ օ­րե­րուն կեդ­րո­նա­ցած էր ռու­սա­կան զօր­քի հայ զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րու մեծ թիւ մը, որ ան­ցած էր պոլ­շե­ւիկ­նե­րու կող­մը եւ իր ռուս ու հայ հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ կը հա­կակշ­ռո­ւէր ­Լե­նի­նի հա­ւա­տա­րիմ զի­նա­կից­նե­րէն ու գլխա­ւոր գոր­ծա­կից­նե­րէն հայ պոլ­շե­ւիկ ղե­կա­վար Ս­տե­փան ­Շա­հու­մեա­նի կող­մէ։

Այդ օ­րե­րուն ­Պա­քո­ւի մէջ նկա­տա­ռե­լի ուժ կը ներ­կա­յաց­նէր, թէ՛ քա­ղա­քա­կան եւ թէ զի­նո­ւո­րա­կան ա­ռում­նե­րով, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Պա­քո­ւի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն՝ իր գլխա­ւո­րած ­Պա­քո­ւի ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դով։ ­Պա­քու հաս­տա­տո­ւած էր, այդ շրջա­նին, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր եր­րոր­դու­թեան վեր­ջին մո­հի­կա­նը՝ ­Ռոս­տո­մը, որ ­Թիֆ­լի­սի եւ Ե­րե­ւա­նի հետ ամ­բող­ջա­կան հա­մա­կար­գում ա­ռա­ջա­ցու­ցած էր եւ ձեռ­նար­կած ­Պա­քո­ւի պաշտ­պա­նու­թեան՝ ընդ­դէմ իթ­թի­հատ-մու­սա­ւաթ հա­մաթր­քա­կան նկրտում­նե­րուն։

­Պա­քո­ւի հե­րո­սա­մար­տը ­Յու­նի­սէն մին­չեւ ­Սեպ­տեմ­բեր տե­ւեց՝ ար­ձա­նագ­րե­լով յաղ­թա­նա­կի ան­մո­ռա­նա­լի պա­հեր եւ պատ­մու­թեան յանձ­նե­լով ազ­գա­յին մեր ինք­նավս­տա­հու­թիւնն ու հպար­տու­թիւ­նը վա­րա­րող ռազ­մա­կան նո­ւա­ճում­ներ։ ­Ռոս­տո­մի կող­քին ­Պա­քու փու­թա­ցած էին ֆե­տա­յա­կան սե­րուն­դին մե­ծա­նուն հե­րոս­նե­րը, ո­րոնք ­Սար­դա­րա­պա­տեան հե­րո­սա­մարտ­նե­րու ի­րենց յաղ­թա­կան նո­ւա­ճում­նե­րէն խան­դա­վառ, հա­ւա­քո­ւած էին ­Պա­քու՝ նո­րաս­տեղծ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­րե­ւե­լեան թի­կուն­քը վնա­սա­զեր­ծե­լու նպա­տա­կով։

Ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով կռո­ւի պայ­ման­նե­րուն մէջ մղուե­ցաւ ­Պա­քո­ւի հե­րո­սա­մար­տը, որ մին­չեւ ­Սեպ­տեմ­բեր 14 պար­տու­թեան մատ­նեց թրքա­կան զօր­քը։ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գլխա­ւո­րած հայ­կա­կան ու­ժե­րը կռի­ւը շա­րու­նա­կե­ցին նաեւ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու դա­սալ­քու­թե­նէն ետք, երբ ­Լե­նի­նի ցուց­մուն­քով եւ Ս­տե­փան ­Շա­հու­մեա­նի հրա­հան­գով՝ ­Յու­լի­սի վեր­ջե­րուն պոլ­շե­ւիկ­նե­րը ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րով նաւ բարձ­րա­ցան եւ հե­ռա­ցան ­Պաքուէն...

­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը մին­չեւ ­Սեպ­տեմ­բեր 14 ա­ռան­ձինն ղե­կա­վա­րեց ­Պա­քո­ւի հե­րո­սա­կան դի­մադ­րու­թիւ­նը թրքա­կան բա­նա­կին դէմ եւ քա­ղա­քէն հե­ռա­ցաւ միայն այն ա­տեն, երբ ­Պարս­կաս­տա­նէն օգ­նու­թեան հա­սած ­Դաշ­նա­կից զօր­քի հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը ո­րո­շեց ­Պա­քուն յանձ­նել թուր­քե­րուն։
­Սեպ­տեմ­բեր 14էն 15ի լոյս գի­շերն իսկ, հայ­կա­կան դի­մադ­րու­թեան ու­ժե­րու հե­ռա­նա­լով ան­պաշտ­պան մնա­ցած ­Պա­քո­ւին տի­րա­նա­լով, ­Նու­րի փա­շա­յի թրքա­կան զօրքն ու մու­սա­ւա­թա­կան թա­թար­նե­րը ան­մի­ջա­պէս լծո­ւե­ցան քա­ղա­քի ան­զէն հայ բնակ­չու­թեան բար­բա­րո­սա­կան ջար­դին։

Եւ ­Սեպ­տեմ­բե­րի այս օ­րե­րուն, 98 տա­րի ա­ռաջ, սկսաւ հա­յե­րու երկ­րորդ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը Անդր­կով­կա­սի տնտե­սա­կան մայ­րա­քա­ղաք ­Պա­քո­ւի մէջ։ Օ­րեր տե­ւած ջար­դին, քան­դու­մին ու թա­լա­նին զոհ գա­ցին շուրջ 6 հա­զար հա­յեր։
­Պա­քո­ւի մէջ հա­յե­րու դէմ գոր­ծո­ւած երկ­րորդ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ե­ղաւ 15 ­Սեպ­տեմ­բեր 1918ի ջար­դը՝ «կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լով» 13 տա­րի ա­ռաջ, 1905ի սկզբնա­ւո­րու­թեան, թա­թար ամ­բո­խին կող­մէ ի­րա­գոր­ծո­ւած ազ­գա­յին «մաք­րազ­տում»ի նա­խա­դէպ կո­տո­րած­նե­րը։ ­Հա­կա­հայ խժդժու­թիւն­նե­րը, վայ­րագ սպա­նու­թիւն­ներն ու ա­ւե­րում-ա­ւա­րու­մը թրքա­կան միեւ­նոյն մատ­նա­հետ­քե­րը ու­նէին՝ գլխա­ւոր ու հիմ­նա­կան եր­կու տար­բե­րու­թիւն­նե­րով։

Ա­ռա­ջին. 1905ին կատ­ղած թուրք-թա­թար ամ­բոխն էր ջար­դա­րա­րը, իսկ 1918ին թրքա­կան զօրքն ու այս­պէս կո­չո­ւած «Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան» կա­նո­նա­ւոր բա­նա­կի զի­նուոր­նե­րը ուղ­ղա­կի մաս­նակ­ցե­ցան հա­յե­րու սպան­դին։ Երկ­րորդ. 1905ին ռուս ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հրահ­րե­ցին հա­կա­հայ յար­ձա­կում­նե­րը, իսկ 1918ին ­Պա­քու մտած թրքա­կան բա­նակն էր հա­կա­հայ ազ­գա­յին «մաք­րազտ­ման» ձեռ­նար­կո­ղը...
«­Հա­յաս­տան-Ար­ցախ» կայ­քէ­ջի 15 ­Յու­նո­ւար 2010ին հրա­պա­րա­կած մեկ­նա­բա­նա­կան մէկ նիւ­թին հա­մա­ձայն, Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մա­բան­նե­րէն Եու­րա ­Յով­սէ­փեան դի­տել կու տայ, որ ­Պա­քուի հա­յե­րուն 1918ի կո­տո­րա­ծով իր սկզբնա­կան՝ հիմ­նա­րար գլխա­ւոր փու­լը ա­ւար­տեց «Ատր­պէյ­ճան» ա­նու­նով եր­կիր ու պե­տու­թիւն ստեղ­ծե­լու թրքա­կան պե­տու­թեան հա­մաթր­քա­կան ծրագ­րի ի­րա­կա­նա­ցու­մը.-

«Այդ­պէ՛ս, 1918ի ­Սեպ­տեմ­բեր 15ին ­Պա­քու ի­րենց մուտ­քին ա­ռա­ջին իսկ պա­հէն, թուր­քե­րը գոր­ծադ­րու­թեան յանձ­նե­ցին հա­յու­թիւ­նը սպան­դի են­թար­կե­լու եւ քա­ղա­քը հա­յե­րէ պար­պե­լու ի­րենց ո­րո­շու­մը։ ­Պա­քո­ւի մէջ եւ ա­նոր շրջա­կայ­քը սկսան հա­յե­րու կո­տո­րած­նե­րը. ո­րոշ տո­ւեալ­նե­րով՝ շուրջ 30 հա­զար մարդ սպան­նո­ւե­ցաւ այդ ժա­մա­նակ։ Ա­տի­կա ար­դէն իսկ «էթ­նի­կա­կան զտում» էր՝ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լու­թեան հո­ղի վրայ, ո­րուն ձեռ­նար­կե­ցին թրքա­կան եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը։ ­Գոր­ծադ­րու­թեան մե­խա­նիզմ­ներն ու ե­ղա­նակ­նե­րը նոյնն էին, ինչ որ 19րդ ­դա­րու 90ա­կան­նե­րուն կի­րար­կո­ւե­ցան Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին»։

Ն­ման տա­րո­ղու­թեամբ ազ­գա­յին ա­ղէ­տի մը տա­րե­լիցն է 14-15 ­Սեպ­տեմ­բե­րը, ո­րուն հե­տե­ւան­քով ­Պա­քո­ւի հա­յու­թիւ­նը մե­ծա­գոյն կո­րուստ­ներ կրեց՝ մարդ­կա­յին եւ նիւ­թա­կան։ ­Հիմ­նո­վին տկա­րա­ցաւ նաեւ հայ­կա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը ­Պա­քո­ւի վրայ... ­Բայց հա­յեր շա­րու­նա­կե­ցին կառ­չած մնալ ­Պա­քո­ւին՝ մին­չեւ որ 20 դա­րու վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին հա­մա­թուրք ցե­ղաս­պա­նը իր մա­հա­ցու վեր­ջին հա­րո­ւա­ծը տո­ւաւ ­Պա­քո­ւի վե­րապ­րող հա­յե­րուն։

­Պա­քո­ւի գրաւ­ման եւ ամ­բողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նի հա­յու­թեան դէմ գոր­ծադ­րո­ւած ջար­դե­րուն 98րդ ­տա­րե­լի­ցը յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի մա­նա­ւանդ այս օ­րե­րուն, երբ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Թուր­քիոյ հա­մաթր­քա­կան մեղ­սակ­ցու­թեամբ՝ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կոր­ծա­նե­լու եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­րե­ւե­լեան դար­պա­սը հա­յա­թա­փե­լու գոր­ծար­քը վերս­տին թափ ա­ռած է Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ ներ­խու­ժու­մով՝ ա­ւե­լի քան 100ա­մեայ ­Հա­յա­սաա­նու­թեան ան­պա­տիժ մնա­ցած հա­մաթր­քա­կան պե­տա­կան մեծ ո­ճի­րը շա­րու­նա­կե­լու մո­լուց­քով։

Ն.