­altՀա­յա­գի­տա­կան մե­ծար­ժէք ժա­ռան­գու­թեան տէր՝ բազ­մա­վաս­տակ հե­ղի­նա­կու­թիւն է փրո­ֆե­սոր ­Սի­րար­փի ­Տէր-­Ներ­սէ­սեա­ն, ո­րուն ծննդեան 120ա­մեա­կը կը նշենք ­Սեպ­տեմ­բեր 5ի այս օ­րը։

 

 

­Բա­նա­սէր ու պատ­մա­բան, յատ­կա­պէս բիւ­զան­դա­գի­տու­թեան եւ հայ­կա­կան ման­րան­կար­չու­թեան խո­րի­մաց հե­տա­զօ­տող՝ ­Սի­րար­փի ­Տէր-­Ներ­սէ­սեան գի­տա­կան իր ամ­բողջ ճա­նա­չո­ղու­թիւ­նը, կո­րովն ու աշ­խա­տան­քը նո­ւի­րա­բե­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ու­րոյն եւ հա­րուստ մշա­կոյթն ու ա­րո­ւես­տը աշ­խար­հին ծա­նօ­թաց­նե­լու՝ գի­տա­կան հա­մա­կող­մա­նի ար­ժե­ւոր­ման լոյ­սին բե­րե­լու ծա­ռա­յու­թեան։

Ինչ­պէս որ մե­ծար­ժէք հա­յա­գէ­տին նո­ւի­րո­ւած հան­րա­գի­տա­կան իր անդ­րա­դար­ձին մէջ ա­մե­րի­կեան «Ա­րո­ւես­տի ­Պատ­մա­բան­նե­րու ­Բա­ռա­րան»ը կ­՚ընդգ­ծէ՝ «­Տէր-­Ներ­սէ­սեա­նի ա­կա­դե­մա­կա­նու­թիւ­նը կը յատ­կան­շո­ւի ընդ­հա­նուր պատ­մու­թիւնն ու ա­րո­ւես­տի պատ­մու­թիւ­նը ի­րա­րու զօ­դե­լու ըն­դու­նա­կու­թեամբ։ Ա­նոր «­Հա­յաս­տան եւ ­Բիւ­զան­դա­կան ­Կայս­րու­թիւ­նը» (1954) գոր­ծը կը սկսի ամ­բող­ջա­պէս պատ­մա­գի­տա­կան գլուխ­նե­րով։ Ան նաեւ հրա­տա­րա­կեց պատ­մու­թեան ամ­բող­ջա­կան գիրք մը՝ «­Հա­յե­րը» (1969ին)։ ­Թէեւ ա­նոր գոր­ծը կեդ­րո­նա­ցաւ ընդ­հա­նուր առ­մամբ բիւ­զան­դա­կան դա­րաշր­ջա­նին վրայ, այ­դու­հան­դերձ՝ ա­նոր նո­ւի­րու­մը յատ­կա­պէս հայ­կա­կան ա­րո­ւես­տին անձ­նադ­րոշմ էր ու մտա­ւո­րա­կան։ Ան կը հա­կադ­րո­ւի իր նա­խոր­դին՝ Josef Strzygowskiին՝ հա­մա­ձայն չըլ­լա­լով ժան­րի ընդ­հան­րա­ցու­մին կամ չա­փա­զան­ցու­թեան եր­թա­լուն (­Կար­սո­յեան)»...

­Սի­րար­փի ­Տէր-­Ներ­սէ­սեան ծնած է 1896ի ­Սեպ­տեմ­բե­րի 5ին՝ ­Կոս­տանդ­նու­պո­լիս, ­Միհ­րան ­Տէր-­Ներ­սէ­սեա­նի եւ Ա­գա­պի Օր­մա­նեա­նի ըն­տա­նե­կան յար­կին տակ։ ­Կա­նուխ տա­րի­քէն զրկո­ւած Է ծնող­նե­րէն։ Ա­նոր դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ կրթու­թեան գոր­ծը ստանձ­նած են մօ­րա­քոյ­րը՝ Եւ­գի­նէ Օր­մա­նեան եւ մօ­րեղ­բայ­րը՝ ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ պատ­րիարք, պատ­մա­բան, բա­նա­սէր, աս­տո­ւա­ծա­բան ­Մա­ղա­քիա Օր­մա­նեա­նը։

­Սի­րար­փի ­Տէր-­Ներ­սէ­սեան ա­ւար­տած է ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ Ե­սա­յեան վար­ժա­րա­նը, ա­պա՝ անգ­լիա­կան հայ-սքու­լը (բարձ­րա­գոյն դպրոց)։ 1915ին գա­ցած է ­Պուլ­կա­րիա, ա­պա՝ ­Զո­ւի­ցե­րիա: 1917-1919ին ան ու­սա­նած է ­Ժը­նե­ւի հա­մալ­սա­րա­նի գրա­կա­նու­թեան բաժ­նին մէջ։ 1919ին տե­ղա­փո­խո­ւած է ­Փա­րիզ, ուր ­Սոր­պո­նի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ա­շա­կեր­տած է բիւ­զան­դա­գէտ­ներ Շ. ­Գի­լին, Գ. ­Մի­լէ­յին, ռո­մա­նա­կան եւ գո­թա­կան ա­րո­ւեստ­նե­րու պատ­մա­բան Հ. ­Ֆո­սի­յո­նին։ 1922ին ­Փա­րի­զի ­Բարձ­րա­գոյն Ու­սում­նա­սի­րու­թեանց Դպ­րո­ցին մէջ ե­ղած է Գ. ­Մի­լէ­յի օգ­նա­կա­նը։

1930-1931ին ­Սի­րար­փի ­Տէր-­Ներ­սէ­սեան ե­ղած է Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Մա­սա­չու­սեթց նա­հան­գի Ո­ւե­լէս­լիի քո­լէ­ճի ա­րո­ւես­տի պատ­մու­թեան դա­սա­խօս, 1937-47ին՝ նոյն քո­լէ­ճի ա­րո­ւես­տի բաժ­նի եւ ­Ֆարնս­վորթ թան­գա­րա­նի տնօ­րէն։ 1946 թո­ւա­կա­նին ­Հա­րո­ւըր­տի հա­մալ­սա­րա­նի ­Տում­պար­թըն Օքս գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան հաս­տա­տու­թեան մէջ ար­ժա­նա­ցած է բիւ­զան­դա­կան ա­րո­ւես­տի պրո­ֆե­սո­րի կոչ­ման, իսկ 1963 թո­ւա­կա­նէն՝ վաս­տա­կա­ւոր պրո­ֆե­սո­րի տիտ­ղո­սին։

1963ին ­Սի­րար­փի ­Տէր-­Ներ­սէ­սեան հանգս­տեան կո­չո­ւե­ցաւ եւ վե­րա­դար­ձաւ ­Փա­րիզ։ Այ­նու­հե­տեւ դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ եւ­րո­պա­կան բա­զում հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ։ 1973ին ի մի բե­րաւ գի­տա­կան իր տար­բեր աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րը եւ հրա­տա­րա­կեց «­Բիւ­զան­դիո­նը եւ հայ­կա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը» խո­րագ­րով։

­Սի­րար­փի ­Տէր-­Ներ­սէ­սեան վախ­ճա­նե­ցաւ 1989ի ­Յու­նիս 7ին եւ թա­ղո­ւե­ցաւ Viroflayի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ, Ֆ­րան­սա։ ­Մեծ հա­յա­գէ­տին անձ­նա­կան գրա­դա­րա­նը նո­ւի­րո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի ­Մա­տե­նա­դա­րա­նին։ ­Յետ մա­հու, ա­նոր «­Ման­րան­կար­չու­թիւ­նը ­Կի­լի­կիոյ հայ­կա­կան թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ, տաս­ներկ­րոր­դէն տա­սը­չոր­րորդ դար» գոր­ծը 1993ին ար­ժա­նա­ցաւ ­Տում­պար­թըն Օքս մա­տե­նա­շար թիւ 31ի հրա­տա­րա­կու­թեան։ Իսկ Ֆ­րան­սա­յի մէջ, ի պա­տիւ մեծ հա­յա­գէ­տին, ­Հայ-բիւ­զան­դա­կան ­Ման­րան­կար­չու­թեան ­Սի­րար­փի ­Տէր-­Ներ­սէ­սեան հիմ­նադ­րամ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Institut de Recherchesի մէջ։

­Սի­րար­փի ­Տէր-­Ներ­սէ­սեան թղթա­կից ան­դամ էր Ֆ­րան­սա­յի Ար­ձա­նագ­րու­թեանց ու ­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան Գ­րա­կա­նու­թեան Ա­կա­դե­միա­յին, Ֆ­րան­սա­յի Հ­նա­գէտ­նե­րու Ազ­գագ­րա­կան ­Միու­թեան, Բ­րի­տա­նա­կան Ա­կա­դե­միա­յին։ Ար­ժա­նա­ցած է բազ­մա­թիւ մրցա­նակ­նե­րու եւ պար­գեւ­նե­րու, այդ շար­քին՝ Անգ­լիա­յի Հ­նա­գէտ­նե­րու ­Միու­թեան ոս­կէ շքան­շա­նին (1960ին), Ֆ­րան­սա­յի Ար­ձա­նագ­րու­թեանց ու ­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան Գ­րա­կա­նու­թեան Ա­կա­դե­միա­յի Շ­լիւմ­պեր-­Ժէի ա­նո­ւան (1963), Հ.Ս.Ս.Հ. Գ.Ա. «Ա­նա­նիա ­Շի­րա­կա­ցու ա­նո­ւան» (1981ին) մրցա­նակ­նե­րուն։ Ան գի­տա­կան զե­կու­ցում­նե­րով հան­դէս ե­կած է մի­ջազ­գա­յին տար­բեր գի­տա­ժո­ղով­նե­րու մէջ, ինչ­պէս՝ Ա­րե­ւե­լա­գէտ­նե­րու ­Մոս­կո­ւա­յի ­Հա­մա­գու­մա­րը (1960) եւ ­Պատ­մա­բան­նե­րու ­Սո­վե­տաֆ­րան­սա­կան ­Գի­տա­ժո­ղո­վը (Ե­րե­ւան, 1969)։

­Սի­րար­փի ­Տէր-­Ներ­սէ­սեան հե­ղի­նակ է շուրջ 140 մե­նագ­րու­թեանց եւ յօ­դո­ւած­նե­րու՝ ֆրան­սե­րէն, անգ­լե­րէն եւ հա­յե­րէն լե­զու­նե­րով։
­Լոյս ըն­ծա­յած է «­Բա­րե­ղա­մի և ­Հո­վա­սա­փի վէ­պի նկա­րա­զար­դու­մը» (1938, ֆրան­սե­րէն) բիւ­զան­դա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը, ո­րու հա­մար ար­ժա­նա­ցած է ֆրան­սա­կան Գ­րա­կա­նու­թեան եւ ­Պատ­մու­թեան Ա­կա­դե­միա­յի մրցա­նա­կին, ա­պա՝ «12,13, 14 դա­րե­րու հայ­կա­կան նկա­րա­զարդ ձե­ռագ­րե­րը ­Վե­նե­տի­կի Մ­խի­թա­րեան հայ­րե­րու գրա­դա­րա­նին մէջ» եր­կը (ֆրան­սե­րէն), ո­րուն հա­մար ար­ժա­նա­ցած է ­Փա­րի­զի ­Յու­նա­կան Ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ­Միու­թեան մրցա­նա­կին, այ­նու­հե­տեւ՝ «­Հա­յաս­տա­նը եւ ­Բիւ­զան­դա­կան ­Կայս­րու­թիւ­նը» (1945, անգ­լե­րէն), ո­րուն հա­մար ստա­ցած է ­Ժե­նե­րալ Պ­րե­մոն մրցա­նա­կը։

Հ­րա­տա­րա­կած է նաեւ «­Չես­թեր ­Պի­թի գրա­դա­րան. հայ­կա­կան ձե­ռագ­րե­րու ցու­ցակ՝ հայ ա­րուես­տի պատ­մու­թեան նե­րա­ծա­կա­նով» (1958), «Աղ­թա­մար, Ս. Խսչ ե­կե­ղե­ցի» (1965), «­Հայ­կա­կան ձե­ռագ­րե­րը Ֆ­րիր ա­րո­ւես­տի պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ» (1963), «­Հայ­կա­կան ձե­ռագ­րե­րը Ո­ւոլ­թեր­սի Ա­րո­ւես­տի պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ» (1973, բո­լո­րը անգ­լե­րէն) աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը։

­Սի­րար­փի ­Տէր-­Ներ­սէ­սեա­նի եր­կու կա­րե­ւոր յօ­դո­ւած­նե­րը, գրո­ւած 1944-45ին («7րդ ­դա­րու երկ մը, նո­ւի­րո­ւած պատ­կեր­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեա­նը») եւ 1946ին («7րդ ­դա­րու հայ­կա­կան ման­րանկար­չու­թիւ­նը եւ Էջ­միած­նի Ա­ւե­տա­րա­նի ման­րան­կար­նե­րը»), հա­կա­ռակ մինչ այդ ըն­դու­նո­ւած տե­սա­կէ­տին, կ­՚ա­պա­ցու­ցա­նեն, որ հա­յե­րը ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րէն են, ո­րոնք ու­նե­ցած են որմ­նան­կար­չու­թիւն։ ­Տէր-­Ներ­սէ­սեան 1933 եւ 1964 թո­ւա­կան­նե­րուն «էջ­միած­նի Ա­ւե­տա­րա­նի» սկզբնա­ւոր­ման (989 թ.) եւ ա­ւարտ­ման (7րդ ­դար) ման­րան­կար­նե­րու օ­րի­նա­կով բա­ցա­յայ­տեց այն, որ հա­յե­րը 7-10րդ ­դա­րե­րուն ու­նե­ցած են ինք­նա­տիպ բարձ­րա­րո­ւեստ ման­րան­կար­չու­թիւն։

Ն.