19 Մայիսը, աշխարհասփիւռ յոյն ժողովուրդին եւ քաղաքակիրթ ողջ մարդկութեան համար, Պոնտոսի յոյներուն դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան միջազգային ոգեկոչման օրն է:

Սիրիզա-ի յառաջընթացը Ատիկէի մարզային շրջանէն ներս, Աթէնքի քաղաքապետարանի մէջ Ղ. Սաքելարիտիսի ընտրական արդիւնքները եւ «Ոսկեայ արշալոյս»ի բարձր ցուցանիշը՝ Յունաստանի տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններու Ա. հանգրուանը նշանաւորող ազդակներն էին:

Յունաստանի բարձրագոյն դատական ատեանը քննեց եւրոընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններու արտօնութեան խնդիրը, վճռելով թէ 43 կուսակցութիւններ եւ դաշնակցութիւններ կրնան մասնակցիլ 25 Մայիսին կայանալի եւրոընտրութիւններուն:

1994-2014 «Հելլէն խորհրդարանի ճանաչման որոշումէն 20 տարի ետք»
խորագրով ձեռնարկին կը մասնակցին
Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան դէմ պայքարող
երկու թուրք մտաւորականներ՝ 
Ռակըպ Զարաքօլու եւ Սայիթ Չէթինօղլու

24 ժամուայ ընդհանուր գործադուլ յայտարարած են այսօր Յունաստանի մէջ աշխատաւորական մեծագոյն սենտիքաները, ինչ որ կը նշանակէ թէ գործադուլի մէջ են բժիշկներ, լրագրողներ, դեղագործներ, քաղաքապետութեանց մօտ աշխատակիցներ, իրաւաբանական ու դատական մարզէն ներս աշխատողներ, եւայլն: