- Ներկայ հնգամեակի վերջաւորութեան՝ պղինձի արտադրութիւնը պիտի կրկնապատկուի Հայաստանի մէջ։ Արդիւնաբերական նոր ձեռնարկութիւններ կը կառուցուին ներկայիս։ Զանգեզուրի մէջ, շուտով կþաւարտի պղինձի ճոխացման կարեւոր գործարանի մը կառուցումը։ Մեծ յոյսեր կապուած են նոյնանման ուրիշ գործարանի մը, որ կը կառուցուի Հայաստանի պղինձի զտման

- Հայկական գորգերու արտադրութիւնը 1966ին պիտի հասնի 25 հազար քառակուսի մեթրի։ Ասոր կարեւոր մէկ մասը պիտի արտածուի։ Ազգային ճոխ զարդարանք ունեցող «Երեւան», «Ղազախ», «Ղարաբաղ», «Լոռի», «Շիրվան» եւ այլ գորգեր՝ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն արտասահմանի մէջ։ Հայ արհեստագէտներու արտադրութիւնը յատկապէս գնահատուած է այս

- Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի աշխատակիցները սկսած են գրել մատենագրական գիրք մը, որուն վերնագիրը պիտի ըլլայ «Գիտութիւնը Հայաստանի մէջ՝ վերջին կէս դարուն»։ Այնտեղ պիտի նշուին 1920էն ի վեր Հայաստանի մէջ լոյս տեսած գիտական բոլոր գործերուն անունները եւ կենսագրական կարճ տեղեկութիւններ պիտի տրուին անոնց հեղինակներուն մասին։

Բ. Աշխարհամարտէն ասդին, Սեւ Ափրիկէի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, մինչ ֆրանսական, անգլիական եւ պելճիքական գրեթէ բոլոր գաղութները անկախութեան տիրացան, եւրոպացի եկուորներու փոքրամասնութեան մը կողմէ ղեկավարուող երկիր մը կը բաժնուի մայր երկրէն՝ պայթուցիկ կացութիւն մը ստեղծելով Ափրիկէի եւ աշխարհին մէջ: Արդարեւ,

- Փարիզի մեր թղթակիցը կը գրէ.- Կիրակի գիշեր, Նոյեմբեր 7, «Փլէյել» սրահին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան (2500 հոգի, բերնէ բերան լեցուն սրահ) եւ կազմակերպութեամբ Հայկական ուսմանց կեդրոնին (Centre d’Etudes Armeniennes), տեղի ունեցաւ «Armenia 1915» ջարդերու մասին վաւերաթուղթերու եւ լուսանկարներու լուսարձակումով ցուցադրութիւն,