Print
Category: Յօդուածագրութիւն

«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի

հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:


Հեռաձայնի խնդիր

Հեռաձայնը մարդու պատմութեան ամէնէն հրաշալի գիւտերէն մէկն է: Ոչինչ այնքան կ՝օգնէ մեզի ու այնքան հաճելի գործ կը տեսնէ բարեկամի մը հետ խօսելու համար, որքան կը տեսնէ հեռաձայնը: Մարդ երբեմն որքա՛ն կարօտով կը սպասէ որ սիրելի մարդ մը փնտռէ զինքը, կամ ինք փնտռէ սիրելի մէկը: Ինչպիսի կարօտ մը ունինք իրարու հետ զրուցելու, իրարու որպիսութիւնը հարցնելու, կամ մեր որպիսութեան մասին խօսելու: Ես ալ բնականաբար կը սիրեմ հեռաձայնով խօսիլը: Միայն թէ խնդիր մը կայ: Աշխարհի վրայ առանց բացառութեան ամէն մարդ շատ առատ ժամանակ ունի հեռաձայնով խօսելու համար, իսկ ես չունիմ: Կամ ինծի այնպէս կը թուի թէ ես չունիմ: Ես միակն եմ որ օրուան մէջ, մանաւանդ աշխատանքի ժամերուն, ժամանակ չունի զրոյցը երկարելու: Պէտք է ըսելիքս ըսեմ, կամ լսելիքս լսեմ եւ վերջացնեմ: Որովհետեւ այդ պահուն աշխատանքս ընդհատուած է եւ աշխատանքս պէտք է շարունակուի, որովհետեւ պայման է որ աճապարեմ, գործս շուտ վերջացնեմ: Մինչդեռ բարեկամս, որ հեռաձայնին միւս մարդն է, յատկապէս շատ ժամանակ ունի, կրնայ խօսիլ ժամեր շարունակ, նոյնիսկ մինչեւ գիշեր կամ վաղը առաւօտ: Կ՝երեւի թէ արդէն անհամբերութեամբ կը սպասէր որ խօսէր ինծի հետ եւ հիմա որ կապուած ենք թելով, կը խօսի՜ հա՜ կը խօսի: Ես առանց պատասխանելու գլուխս կը շարժեմ, կարծես թէ դիմացինս պիտի տեսնէ որ գլխով կը հաստատեմ, բայց չեմ խօսիր, որպէսզի խօսքը չերկարի, իսկ ան կը շարունակէ, այդ նիւթը կ՝աւարտէ, ուրիշ նիւթի կ՝անցնի: Կը կասկածիմ որ առջեւը, հեռաձայնի սեղանիկին վրայ ունի խօսելիք նիւթերուն մէկ ցանկը: Մինչդեռ գիտեմ, որ աշխարհի բոլոր խօսողները նիւթերու ցանկի պէտք չունին հեռաձայնով խօսելու համար, մանաւանդ հիմա, որ մարդիկ նոյնիսկ ճեմիշի մը մէջէն կրնան խօսիլ բարեկամի մը հետ: Երանի կուտամ դիմացիններուս որոնք այսքան շատ ժամանակ ունին կամ ընդհակառակը կը ցաւիմ, որ անոնք այսքան շատ պարապ ժամանակ ունին եւ խօսելու համար զիս կը փնտռեն: Միայն թէ ես ալ ապուշ մը չեմ, ես ալ կեանք ու ապրում ունիմ, ես ալ խօսք ունիմ ըսելիք, բան ունիմ պատմելիք, ուստի եթէ խօսելու ըլլամ, դիմացինէս աւելի երկար պիտի խօսիմ: Հարցն այն է որ հիմա ժամանակը չէ: Մտքէս կ՝ըսեմ. աւելի վերջ հեռաձայնը ես կը բանամ, հանգիստ կը խօսինք, ուստի հիմա կարճ կապենք: Բայց կարճ կապելը բան մըն է որ միայն մէկ կողմին տրուած է, այս պարագային՝ ինծի տրուած է: Եւ միայն մէկ կողմին տրուած «կարճ կապել»ը գործ չի տեսներ, օդին մէջ կը մնայ: Իրաւ ալ դիմացինս կարճ կապելու կողմնակից չէ: Եթէ իրեն հարցնես, պիտի ըսէ.
-Եղբայր, դեռ նոր սկսանք խօսիլ:
Կամ
-Եղբայր, դեռ ինչե՜ր ունիմ պատմելիք:
կամ
-եղբայր, առտուընէ ի վեր մէկը կը փնտռեմ որպէսզի խօսիմ: Հիմա որ գտեր եմ, ձգեցէք խօսիմ:
Իրաւունք ունի, բայց իրաւունքի կողքին ժամանակ ալ ունի, իսկ ես չունիմ: Երբ կը զգամ որ նիւթը վերջանալու վրայ է, կը պատրաստուիմ «ցտեսութիւն» ըսելու, բայց ան յանկարծ կը հարցնէ.
-Էհ, ուրիշ ի՞նչ կայ տեսնենք:
Կը պատասխանեմ.
-Բան չկայ:
Մինչդեռ ինչեր կան, բայց հիմա կրնամ կուլ տալ զանոնք: Անշուշտ աւելորդ է ըսել որ ինծի համար մեծ զոհողութիւն է «բան չկայ» ըսել, երբ ըսելու այնքան շատ բան կայ եւ երբ այդ բոլորին մասին խօսիլն ալ շատ մեծ հաճոյք պիտի պատճառէր ինծի: Բայց ակամայ «բան չկայ» կ՝ըսեմ, այսինքն դիտմամբ կը ստեմ, որովհետեւ չեմ ուզեր նոր նիւթ բանալ: Գիտեմ որ ամէն նիւթ կամուրջ մըն է դէպի ուրիշ նիւթ մը:
Եւ այս խօսակցութեան ընթացքին բարեբախտաբար խօսակիցս դիմացի կողմէն չի տեսներ թէ ես յաճախ ժամացոյցս կը նայիմ: Երբեմն կը մխիթարուիմ ու կը յուսադրուիմ, երբ բարեկամս յանկարծ կ՝ըսէ.
-Արդեօք քեզ ժամավաճա՞ռ կ՝ընեմ:
Ասիկա զիս կը յուսադրէ, որովհետեւ մտածել կուտայ որ վերջաւորութեան հասնելու վրայ ենք, բայց իրականութեան մէջ որքան ալ զիս յուսադրէ, աղիտալի նախադասութիւն է, որովհետեւ պարտաւոր եմ անմիջապէս պատասխանել.
-Քաւ լիցի, քաւ լիցի, ինչ ըսել է, խնդրեմ:
Աղէտ մըն է այս, որովհետեւ դիմացինս բառացիօրէն ու տառացիօրէն պիտի հաւատայ այս խօսքիս ու աւելի հանգիստ կերպով պիտի շարունակէ նոր հարցեր բերել օրակարգի: Կայ նաեւ ուրիշ աղիտալի կէտ մը: Խօսակիցս, որ սովորական բաներ կ՝ըսէր ու շարունակ ժամացոյցիս նայիլ կուտար, յանկարծ կ՝ըսէ այնպիսի բան մը որ կը ցնցուիմ: Կա՛մ այն է որ ինծի համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող բան մըն է այդ, կամ այն է որ սուտ կամ սխալ բան մըն է որուն դիմաց անտարբեր չեմ կրնար մնալ: Կը ցնցուիմ ու այս անգամ ես եմ որ կը սկսիմ լեզու թափել: Ես եմ որ կ՝երկարեմ խօսակցութիւնը:
Իրաւ որ չափազանցութիւն կամ երգիծանք չէ: Հեռաձայնի այսպիսի խօսակցութիւններ յաճախ կը պատահին գործի ժամերուս: Եւ այսպիսի խօսակցութեան մը ամէնէն ծիծաղաշարժ կողմն ալ այն է որ դիմացինս մօտաւորապէս քսան վայրկեան խօսելէ ետք վերջապէս կ՝ըսէ.
-Է՜հ, կը բաւէ, դուն զբաղած մարդ ես, ժամանակ չունիս...:
Ընկալուչը տեղը կը դնեմ, հանգիստ շունչ մը կ՝առնեմ, բայց ի՞նչ է այդ: Յանկարծ ցաւ կը զգամ որ չկրցայ աւելի երկար խօսիլ: Ե՞րբ պիտի հասկնամ որ բարեկամի մը հետ խօսիլը աւելի կարեւոր է քան թէ բոլոր այն գործերը որոնք ինծի կը սպասեն:

«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - Ռ. Հատտէճեան
(Յուշատետր - 71)