Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հայաստանեան մամուլին մէջ նախարարներու կամ զօրավարներու զաւակներուն մասին ընդհանրապէս վարկաբեկիչ լուրեր կը տեսնենք: Վարժութեան կարգով ալ, վարկաբեկիչ արարքի մը մէջ բռնուած ըլլալու կանխակալ ենթադրութեամբ‘ սկսանք կարդալու Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար, զօրավար Սէյրան Օհանեանի զաւկին մասին լուրը:

Ուրախութեամբ կ՛արձանագրենք, որ այս անգամ սխալ էինք եւ որ մեր ազգային բանակի գլուխը կանգնած զօրավարը, որ վստահաբար ամէն կարելիութիւն ունէր իր զաւակը զօրակոչէն ազատելու կամ զայն ապահով անկիւն մը տեղաւորելու, Հայաստանի պաշտօնեաներուն եւ քաղաքական ղեկավարութեան մօտ ընդհանրացած վարքագիծէն պատուով շեղելով‘ հայրենիքի ծառայութեան իր պարտքը կատարող որդիին առանձնաշնորհեալ ոչ մէկ վիճակ ստեղծած է:
Լուրը կը կարդանք. «Ստեփանակերտ-Դրմբոն ճանապարհի 30-րդ քմ հատուածում, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի «ԿԱԶ 33081» մակնիշի ինքնաշարժը, որում եղել է նաեւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի որդին, յուլիսի 14-ին դուրս է եկել երթեւեկելի մասից, եւ մօտ 120 մեթր գլորուել ճանապարհամերձ ձորը»:
Յատկանշական է, որ հայաստանեան մամուլին մէջ անմիջապէս լոյս տեսան ակնարկներ, ուր կը շօշափուէին զինուորական ծառայութենէն իրենք անձամբ խուսափած կամ իրենց զաւակները փախցուցած քաղաքական պաշտօնատարներու անուններ:
Հայրենիքի սահման պաշտպանելու ամէնօրեայ մարտահրաւէրը դիմագրաւող հայկական բանակի զինուորներուն համար որքա՛ն յուսալքիչ պիտի ըլլար, եթէ անոնք լսէին, որ իրենց հրամանատարին զաւակը վթարի ենթարկուած է իր շքեղ մեքենան լկտիօրէն եւ գինով վիճակի մէջ վարած ըլլալուն պատճառով:
Ուրախ ենք, որ հայկական բանակի հրամանատարը անձնապէս օրինակ կը ծառայէ Հայաստանի քաղաքացիներուն, նաեւ բոլորիս, ամէնէն թանկագինը‘ որդին, չհեռացնելով վտանգաւոր դիրքերէ:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ