altԻւ­րա­քան­չիւր անց­նող օ­րո­ւան հետ, ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նը ալ ա­ւե­լի բռնա­կալ կը դառ­նայ: Ընդ­դի­մա­դիր քրտա­մէտ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան թրքա­կան խորհր­դա­րա­նի 11 ան­դամ­նե­րու ձեր­բա­կա­լու­թիւ­նը վեր­ջինն է Էր­տո­ղա­նի բռնա­պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եր­կար շա­րա­նին մէջ:

 

 

­Փեն­թա­կո­նի նախ­կին պաշ­տօ­նեայ եւ «Ա­մե­րի­կեան ­Ձեռ­նե­րէ­ցու­թեան ­Հիմ­նարկ»ի գի­տաշ­խա­տող ­Մայ­քըլ ­Ռու­պին, ան­ցեալ շա­բաթ, ջախ­ջա­խիչ նիւթ մը հրա­պա­րա­կած է Էր­տո­ղա­նի մա­սին` թո­ւար­կե­լով ա­նոր խայ­տա­ռակ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն քա­նի մը հա­տը…
Ամ­փո­փե­լով՝ ձեր ու­շադ­րու­թեան կը ներ­կա­յաց­նեմ ­Ռու­պի­նի ծա­ւա­լուն յօ­դո­ւա­ծը, որ տե­ղադ­րո­ւած էր «­Նիւ­զո­ւիք»ի եւ­րո­պա­կան հրա­տա­րա­կու­թեան կայ­քին մէջ` «­Տաս­ներ­կու հարց, որ թուրք լրագ­րող­նե­րը չեն հա­մար­ձա­կիր տա­լու» խո­րա­գի­րով:

1. Ինչ­պէ՞ս Էր­տո­ղա­նը դար­ձաւ մի­լիա­ռա­տէր:
Էր­տո­ղա­նը մեծ­ցած է աղ­քատ ըն­տա­նի­քի մը մէջ՝ մին­չեւ ­Պոլ­սոյ քա­ղա­քա­պետ դառ­նա­լը, երբ բա­խում ու­նե­ցաւ 13 փտա­ծու­թեան հե­տաքն­նու­թիւն­նե­րու: 2004 թո­ւա­կա­նին, երբ ան ­Թուր­քիոյ վար­չա­պետն էր, Ան­գա­րա­յի մէջ Ա.Մ.Ն. դես­պա­նա­տու­նը Ո­ւա­շինկ­թըն ու­ղար­կած հե­ռա­գի­րի մը մէջ կը գրէր, որ «ան առ­նո­ւազն ութ դրա­մատ­նա­յին հա­շիւ­ներ ու­նի ­Զո­ւի­ցե­րիոյ մէջ»: ­Բա­ցի այդ, գաղտ­նի հե­ռա­խօ­սա­յին ձայ­նագ­րու­թիւն­նե­րէն բա­ցա­յայ­տո­ւե­ցան ա­նոր հրա­հանգ­նե­րը` «գրե­թէ մէկ մի­լիառ տո­լար կան­խիկ գու­մար վերց­նե­լու մա­սին: Էր­տո­ղան օգ­տա­գոր­ծեց իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը դա­տա­րան­նե­րու վրայ` դա­տը չե­ղեալ յայ­տա­րա­րե­լու եւ ձեր­բա­կա­լե­լու այն դա­տա­խազ­ներն ու դա­տա­ւոր­նե­րը, ո­րոնք կը ձգտէին հե­տա­մուտ ըլ­լալ ա­տոր»:

2. Ո՞ւր է Էր­տո­ղա­նի հա­մալ­սա­րա­նա­կան վկա­յա­կա­նը:
Էր­տո­ղան կը պնդէ, որ 1981ին ա­ւար­տած է ­Պոլ­սոյ ­Մար­մա­րա­յի հա­մալ­սա­րա­նը: Հ­նա­րա­ւոր է, որ ա­նոր վկա­յա­կա­նը կեղ­ծո­ւած է: «­Քա­ռա­մեայ բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւ­նը պար­տա­դիր նա­խա­պայ­ման է նա­խա­գահ ըլ­լա­լու հա­մար: Ե­թէ Էր­տո­ղան կը ստէ վկա­յա­կա­նի մա­սին, ար­դեօք ան կրնա՞յ մնալ իբ­րեւ նա­խա­գահ»:

3. Ար­դեօք կա՞յ մէկ այլ պատ­մու­թիւն՝ յե­ղաշրջ­ման փոր­ձի ե­տին:
Էր­տո­ղան ա­զա­տեց աշ­խա­տան­քէ եւ բան­տար­կեց իր հա­զա­րա­ւոր քա­ղա­քա­կան հա­կա­ռա­կորդ­նե­րը, զա­նոնք մե­ղադ­րե­լով ­Ֆե­թուլ­լահ ­Կիւ­լէ­նի հե­տե­ւորդ­նե­րը ըլ­լա­լուն մէջ, որ իբր ե­ղած է ­Յու­լիս 15ի յե­ղաշրջ­ման կազ­մա­կեր­պի­չը, ինչ որ թուրք նա­խա­գա­հը ա­նո­ւա­նեց «պար­գեւ Աս­տու­ծոյ կող­մէ»:

4. Ե­թէ կայ FETO, կա՞յ ար­դեօք ETO:
Էր­տո­ղան ­Կիւ­լէ­նի շար­ժու­մը կ­՛ա­նո­ւա­նէ «­Ֆե­թուլ­լիս­տա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն (FETO)…. Ե­թէ թոյ­լատ­րե­լի է խօ­սիլ FETOի մա­սին իբ­րեւ ա­հա­բեկ­չա­կան խում­բի, ար­դեօք հա­ւա­սա­րա­պէս ըն­դու­նե­լի՞ կ­՛ըլ­լայ յի­շա­տա­կել «Էր­տո­ղա­նա­մէտ­նե­րու ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն»ը (ETO)»:

5. Ե­թէ ­Կիւ­լէ­նը ա­հա­բե­կիչ է, ա­պա ին­չո՞ւ Էր­տո­ղա­նը կ­՛աշ­խա­տէր ա­նոր հետ մին­չեւ 2013 թո­ւա­կա­նը:
­Կիւ­լէ­նը եւ Էր­տո­ղա­նը գրե­թէ միեւ­նոյն կրօ­նա­կան փի­լի­սո­փա­յա­կան սկզբունք­նե­րու կրող­ներ էին մին­չեւ 2013 թո­ւա­կա­նի ի­րենց բա­ժա­նու­մը: Ին­չո՞ւ այժմ ­Կիւ­լէ­նը «ա­հա­բե­կիչ» կը հա­մա­րո­ւի:

6. Ին­չո՞ւ կը հա­ղոր­դեն Քր­տա­կան Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան (PKK) յար­ձա­կում­նե­րուն մա­սին, բայց ոչ Ի.Լ.Ի.­Պ.ի:
«Երբ PKKն ­կամ քրտա­կան ծայ­րա­յե­ղա­կան խում­բե­րը կը յար­ձա­կին, ա­տոնք օ­րեր շա­րու­նակ ­Թուր­քիոյ մէջ գե­րիշ­խող խո­րա­գիր­ներ են, քա­նի որ հե­տաքն­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կ­՛ա­նո­ւա­նեն կաս­կա­ծեալ­նե­րը եւ այլն… ­Սա­կայն երբ ԻԼԻ­Պը կը յար­ձա­կի, ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կ­՛ար­գի­լէ հրա­պա­րա­կում­նե­րը հե­տաքն­նու­թեան մա­սին»:

7. Ին­չո՞ւ ­Թուր­քիոյ հե­տա­խու­զու­թիւ­նը կ­՛օգ­նէ «­Նուս­րա ճա­կատ»ին եւ ԻԼԻ­Պին:
«Ան­հեր­քե­լի փաս­տեր կան, որ թէ՛ «­Նուս­րա ճա­կատ»ը` «Ալ ­Քա­յի­տա»ի սու­րիա­կան թե­ւը, թէ՛ Ի.Լ.Ի.­Պ.ը ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն ստա­ցած են զէնք, ա­ջակ­ցու­թիւն եւ սար­քա­ւո­րում­ներ: Երբ լրագ­րող­նե­րը բա­ցա­յայ­տե­ցին այս պատ­մու­թիւ­նը եւ լու­սան­կար­չա­կան ա­պա­ցոյց­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին, Էր­տո­ղա­նի պա­տաս­խա­նը ե­ղաւ` լու­րը հրա­պա­րա­կած թեր­թի խմբա­գի­րին ձեր­բա­կա­լու­մը: ­Նոյն կեր­պով, երբ թուրք զի­նո­ւոր­նե­րը կանգ­նե­ցու­ցին զէն­քի ա­ռա­քու­մը դէ­պի ­Սու­րիա, Էր­տո­ղան հրա­մա­յեց ձեր­բա­կա­լել ոչ թէ մաք­սա­նենգ­նե­րը, այլ զի­նո­ւոր­նե­րը…»:

8. Ար­դեօք թո՞ւրք մա­հա­պարտ­նե­րու ջո­կատ կանգ­նած էր ­Փա­րի­զի սպա­նու­թիւն­նե­րուն ե­տին:
«2013ին մար­դաս­պան­ներ մա­հա­պատ­ժի են­թար­կե­ցին ե­րեք քիւրտ գոր­ծի­չի, ­Փա­րի­զի ի­րենց գրա­սե­նեա­կին մէջ: Ա­նոնք ե­րեքն ալ PKKի ան­դամ­ներ էին… Ֆ­րան­սա­յի մէջ ձեր­բա­կա­լո­ւած Օ­մար ­Կիւ­նէ­յը 32ա­մեայ թուրք մըն էր, որ Ֆ­րան­սա տե­ղա­փո­խո­ւած է 9 տա­րե­կա­նին: Ս­պա­նու­թե­նէն ետք կա­տա­րո­ւած հե­ռա­խօ­սա­զանգ­նե­րու ստու­գու­մէն պար­զո­ւած էր, որ ան ետ զան­գած է ­Թուր­քիոյ հե­տա­խու­զա­կան ծա­ռա­յու­թեան գոր­ծա­կալ­նե­րուն…»:

9. Ին­չո՞ւ Էր­դո­ղան իր փե­սա­յին նշա­նա­կած է քա­րիւ­ղա­յին տնտե­սու­թեան նա­խա­րար:
«էր­տո­ղա­նի 37ա­մեայ փե­սան` ­Պա­րաթ Ալ­պայ­րա­քը, դար­ձած է ­Թուր­քիոյ ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար 2015ի ­Նո­յեմ­բեր 24ին: Ար­դեօք ա՞ն էր ա­մե­նա­բարձր ո­րա­կա­ւո­րում ու­նե­ցո­ղը, թէ՞ այլ գոր­ծօն­ներ դեր խաղ­ցած են»:

10. Կր­նա՞նք խօ­սիլ Էր­տո­ղա­նի կա­պե­րուն մա­սին:
Էր­տո­ղա­նի մտե­րիմ ըն­կեր, սէու­տեան գոր­ծա­րար Եա­սին ալ ­Քա­տին, ըստ Ա.Մ.Ն. գան­ձա­տան բա­ժան­մուն­քին, «մե­ղադ­րո­ւած է «Ալ ­Քա­յի­տա»ի ա­ռաջ­նորդ Ու­սա­մայ ­Պըն ­Լա­տե­նի հետ մին­չեւ 2014 թո­ւա­կա­նը ու­նե­ցած կա­պե­րուն մէջ»: Էր­տո­ղան յա­մա­ռօ­րէն յայ­տա­րա­րած է.- «Ես կը ճանչ­նամ պա­րոն ­Քա­տին: Ես կը հա­ւա­տամ ա­նոր, ինչ­պէս ես ին­ծի: Անհ­նա­րին է, որ պա­րոն ­Քա­տին կա­պո­ւած ըլ­լայ ո­րե­ւէ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան հետ կամ ա­ջակ­ցի ա­նոնց­մէ ո­րե­ւէ մէ­կուն»: Էր­տո­ղան մտե­րիմ է նաեւ աֆ­ղանս­տան­ցի ­Կիւլ­պե­տին ­Հեք­մա­թեա­րի հետ, որ «կա­պեր ու­նի «­Թա­լի­պան»ի եւ «Ալ ­Քա­յի­տա»ի հետ»: ­Միւս ըն­կե­րը` ­Խա­լիտ ­Մաշ­հա­լը («­Հա­մաս» խմբա­ւոր­ման զի­նո­ւած ա­ռաջ­նորդ), ­Թուր­քիա ժա­մա­նած էր իբ­րեւ Էր­տո­ղա­նի անձ­նա­կան հիւր…

11. Ի՞նչ գոր­ծարք կնքած էր ­Փու­թի­նի հետ:
Էր­տո­ղանն ու ­Փու­թի­նը, վեր­ջերս խա­ղա­ղու­թիւն կնքե­լէ ետք, հա­մա­ձայ­նու­թեան ե­կան կա­զա­մու­ղի ծրա­գի­րին շուրջ եւ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­ցին ­Թուր­քիոյ կող­մէ ռու­սա­կան հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գի ձեռք­բեր­ման վե­րա­բե­րեալ: Ե­ղա՞ծ են ար­դեօք այլ գաղտ­նի հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ:

12. Ին­չո՞վ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է դա­տա­րա­նի կող­մէ «Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Բար­գա­ւա­ճում» կու­սակ­ցու­թեան փակ­ման մեր­ժու­մը:
2008ին ­Թուր­քիոյ սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նը շատ մօտ էր Էր­տո­ղա­նի իշ­խող կու­սակ­ցու­թեան լու­ծար­ման: ­Սա­կայն, վեր­ջին պա­հուն, դա­տա­ւոր­նե­րէն մէ­կը փո­խեց իր քուէն: Պն­դում­ներ կան, որ «գոր­ծա­րար մը, որ եր­կար ժա­մա­նակ հե­տապն­դում­նե­րու կ­՛են­թար­կո­ւէր Էր­տո­ղա­նի կող­մէ, գու­մար փո­խան­ցած է այդ դա­տա­ւո­րի հա­շո­ւե­հա­մա­րին քո­ւէար­կու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ա­ռաջ»:
­Նո­յեմ­բեր 6ին, ­Պոլ­սոյ մէջ դոկ­տո­րի պա­տո­ւա­ւոր կո­չում ստա­նա­լու ա­րա­րո­ղու­թեան ժա­մա­նակ, Էր­տո­ղա­նը հպար­տօ­րէն յայ­տա­րա­րեց.- «­Հոգս չէ, որ ին­ծի բռնա­տէր կամ այ­դօ­րի­նակ ու­րիշ բան կո­չեն. մէկ ա­կան­ջէ կը մտնէ, միւ­սէն կ­՚ել­լէ»։

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ - «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»