Լ­րագ­րու­թիւ­նը մեծ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն են­թադ­րող աշ­խա­տանք է: ­Տե­ղե­կու­թիւ­նը զէնք է եւ լրագ­րո­ղը, լուր ու տե­ղե­կու­թիւն փո­խան­ցե­լով հան­րու­թեան, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ զայն «կը զի­նէ»:

Եւ ինչ­պէս տան մէջ գործ­նա­կան ա­ռու­մով հրա­զէն պա­հո­ղը, ե­թէ զայն գոր­ծա­ծել չի գի­տեր, ան­պայ­մա­նօ­րէն ինքն իր կամ իր տան մէկ ան­դա­մին գլխուն փոր­ձանք կը

բե­րէ: ­Նոյնն է լրագ­րու­թեան պա­րա­գա­յին, երբ ան­ճիշդ, խե­ղա­թիւ­րո­ւած կամ յե­րիւ­րա­ծոյ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տա­րա­ծե­լը միայն վնաս կը պատ­ճա­ռէ հան­րու­թեան:

­Վեր­ջերս հայ­կա­կան կայ­քի մը մէջ լուր մը կար­դա­ցի, որ կը վե­րա­բե­րէր ­Ռու­սիոյ Ա­պա­հո­վու­թեան խոր­հուր­դի նիս­տէն ներս քննար­կու­մի մը, ուր տուեալ երկ­րի նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր ­Փու­թին բա­ներ մը ը­սած է Հ.Հ. նա­խա­գա­հի հաս­ցէին: Ան­հա­ւա­նա­կան չէ, որ ­Փու­թին կրնայ ար­տա­յայ­տած ըլ­լայ այդ միտ­քե­րը, կա­րե­ւո­րը այդ չէ: ­Կա­րե­ւո­րը այն է, որ «լրա­տո­ւու­թիւ­նը» կը սկսի հե­տե­ւեալ բա­ռե­րով. «Ա­սում են, թէ…»: Այ­լեւս կրնաք ե­րե­ւա­կա­յել, թէ ինչ­քան հա­ւաս­տի կրնայ ըլ­լալ հա­ղոր­դում մը, որ կը սկսի «ա­սում են, թէ»ով: ­Հե­քիաթ­ներն են, ո­րոնք կը սկսին «ա­սում են, թէ»ով, կամ… բան­ջա­րա­վա­ճա­ռին խա­նու­թին մէջ կա­յա­ցած զրոյց­նե­րը յա­ճա­խորդ­նե­րուն մի­ջեւ:

­Կա­րե­լի չէ կար­դալ լրա­տո­ւու­թիւն մը, որ կը սկսի «ա­սում են, թէ»ով: ­Խոս­տո­վա­նիմ, որ այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը ծայ­րէ ծայր կար­դաց լու­րը… ոչ թէ հրա­պա­րա­կա­գի­րի բնա­կան մղու­մով դրդո­ւած, այլ ո­րով­հե­տեւ այդ վայր­կեա­նին սրամ­տու­թեան մը, կուշտ ու կուռ խնդա­լու կա­րի­քը կը զգար:
­Դեռ կայ այս հա­ղոր­դու­մին միւս ե­րե­սը: Ե­թէ ­Ռու­սիոյ նման երկ­րի մը Ա­պա­հո­վու­թեան ­Խոր­հուր­դէն ներս խօ­սակ­ցու­թեան մը ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը հա­սած են այդ կայ­քէ­ջին, ու­րեմն այդ պե­տու­թիւ­նը շա­տոնց գո­յու­թե­նէ դադ­րած պէտք է ըլ­լար, չէ՞: ­Վա՜յն է պա­տեր ­Ռու­սիոյ ու ­Փու­թի­նին… Ե­թէ ­Փու­թին այդ­քան հե­տաքրք­րո­ւած է, թէ իր գլխա­ւո­րած այդ պե­տա­կան մար­մի­նէն ներս խօ­սո­ւած­նե­րը ինչ­պէ՞ս կը հաս­նին հայ­կա­կան կայ­քէ­ջի մը, թող յա­ւե­լեալ դրամ ծախ­սէ, յա­ւե­լեալ մի­ջոց­ներ ձեռք առ­նէ… Իր գիտ­նա­լիքն է. մեզ չի հե­տաքրք­րեր:

­Բայց ե­րե­ւոյ­թը ոչ միայն խնդա­լիք չէ, այլ նոյ­նիսկ վտան­գա­ւոր է: Ո­րով­հե­տեւ շատ յա­ճախ կ­՛ընդգ­րէ հայ­կա­կան զգա­յուն բնա­գա­ւառ­ներ, ուր ոչ միայն լրագ­րո­ղա­կան նրբան­կա­տու­թիւ­նը, այլ նաեւ քա­ղա­քա­կան զգու­շա­ւո­րու­թիւնն են խնդրոյ ա­ռար­կայ: Այս­պէս, վեր­ջերս Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ­Հա­լէպ ու­ղար­կո­ւած էր մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն՝ եր­կու օ­դա­նաւ­նե­րով: ­Պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նի կող­մէ յայ­տա­րա­րո­ւած էր, թէ այդ օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը պի­տի բաշ­խո­ւի բո­լո՛ր հա­լէ­պաբ­նակ սու­րիա­ցի­նե­րուն, անխ­տի՛ր:

­Հի­մա, հայ լրագ­րող մը աղ­մուկ-ա­ղա­ղա­կով, մե­ծաշ­ռինդ ո­ճով մը «լրա­տո­ւու­թիւն» կը կա­տա­րէ՝ ը­սե­լով, որ այդ օ­ժան­դա­կու­թեան 90 տո­կո­սը չէ հա­սած հա­լէ­պա­հա­յու­թեան, ու ա­սոր պատ­ճառն ալ ­Բե­րիոյ թե­մի ա­ռաջ­նորդն է. այս պա­րա­գա­յին՝ հո­գե­ւո­րա­կան մը: ­Փա՞ստ՝ ­Հա­լէ­պէն եր­կու ան­ձեր այն մա­սին «վկա­յեր» են լրագ­րո­ղին եւ… voila, boom !!
­Բա­րե­բախ­տա­բար չու­շա­ցաւ հա­կա­դար­ձու­թիւ­նը եւ նոյ­նինքն ­Հա­լէ­պէն: Ոչ միայն ­Հա­լէ­պէն, այլ՝ տեղ­ւոյն «­Գան­ձա­սար» շա­բա­թա­թեր­թի խմբա­գիր ­Զար­միկ ­Չի­լա­փո­շեան-­Պօ­ղի­կեա­նէն: Այ­սինքն՝ պա­տաս­խա­նա­տու եւ ղե­կա­վար հան­գա­մանք ու­նե­ցող անձ­նա­ւո­րու­թե­նէ մը:
­Հա­լէ­պի պաշ­տօ­նա­կիցս կուռ յօ­դո­ւա­ծով մը կը կա­տա­րէ կա­րե­ւոր մատ­նան­շում­ներ, թէ նման հա­ղոր­դում­ներ ան­պա­տաս­խա­նա­տու կեր­պով տա­րա­ծե­լը կը հե­տապն­դէ քա­նի մը նպա­տակ­ներ:

Այս­պէս.
«1.- ­Հան­րու­թեան մօտ իր ղե­կա­վար­նե­րուն նկատ­մամբ անվս­տա­հու­թեան մթնո­լորտ ստեղ­ծել.
«2.- ­Մար­դոց տնտե­սա­կան ծանր վի­ճա­կը օգ­տա­գոր­ծե­լով, տե­ւա­բար ակն­կա­լո­ղի ու իբ­րեւ թէ այդ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան օգ­նու­թիւն­նե­րը չստա­ցո­ղի խեղ­ճա­ցած ու ա­նի­րա­ւուած վի­ճա­կի մէջ ներ­կա­յաց­նել.
«3.- ­Մեր մա­մու­լին մէջ իսկ զե­տե­ղո­ւած պատ­կեր­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը շրջո­ւած ներ­կա­յաց­նել՝ այս ան­գամ ոչ միայն հա­լէ­պա­հա­յու­թեան, այ­լեւ ողջ հա­յաշ­խար­հի հան­րա­յին կար­ծի­քը այն­պէս մը շե­ղե­լու, որ նպաստ­ներն ան­գամ ա­նի­մաստ ու ա­նօ­գուտ թո­ւին ու դադ­րին.
«4.- ­Հա­մայն­քը ներ­կա­յաց­նել որ­պէս ան­կազ­մա­կերպ, ան­տէր ու լքո­ւած հա­մայնք, որ­պէս­զի հնա­րա­ւո­րինս պա­րարտ հող ստեղ­ծո­ւի ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան ընդ­հան­րաց­ման հա­մար»։
­Հա­յաս­տա­նէն ­Հա­լէպ ա­ռա­քո­ւած օ­ժան­դա­կու­թեան բաշ­խու­մին մա­սին վե­րոն­շեալ կայ­քէ­ջին կող­մէ կա­տա­րո­ւած ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւ­նը վտան­գա­ւոր է՝ ­Զար­միկ ­Չի­լա­փո­շեան-­Պօ­ղի­կեա­նի նշած չորս կէ­տե­րուն պատ­ճա­ռով: Իսկ ա­սոնց­մէ ա­մէ­նէն ծան­րակ­շի­ռը վեր­ջինն է. այ­սինքն՝ հա­լէ­պա­հա­յու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նել իբ­րեւ ան­տէր ու անգ­լուխ բազ­մու­թիւն մը:

­Սա ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ փորձ կը կա­տա­րուի հա­լէ­պաբ­նակ հա­յու­թիւ­նը անգ­լուխ ու ան­տէր ներ­կա­յաց­նե­լու ա­ռու­մով: Այս ախ­մախ ու էա­պէս վնա­սա­կար մօ­տե­ցու­մը նոյն­քան հին է, որ­քան ­Սու­րիոյ մէջ ու այդ երկ­րին դէմ սկսած պա­տե­րազ­մը: Օ­րին, հա­լէ­պաբ­նակ հա­յու­թիւ­նը, իբ­րեւ ժո­ղո­վուրդ եւ ղե­կա­վար մար­մին­ներ, կեան­քով ու գոր­ծո՛վ հա­կա­ռա­կին ա­պա­ցոյ­ցը տո­ւած են ու մին­չեւ այ­սօր (բա­ռա­ցիօ­րէն) կը շա­րու­նա­կեն տալ: ­Հա­լէ­պաբ­նակ հա­յու­թիւ­նը վի­րա­ւոր է: ­Թէ՛ քա­ղա­քա­կան եւ թէ մարդ­կա­յին ա­ռում­նե­րով ծան­րակ­շիռ պայ­ման­նե­րու մէջ կ­՛ապ­րի, լուրջ վտանգ­ներ կը դի­մագ­րա­ւէ: Այս բո­լո­րին մէջ սա­կայն, ու­նի ղե­կա­վա­րու­թիւն, որ հեր­քիւ­լեան աշ­խա­տանք կը տա­նի հա­մայն­քը կազ­մա­կեր­պե­լով, դպրոց­ներ ոտ­քի պա­հե­լով, ազ­գա­յին տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րով հա­ւա­քա­կան կամ­քը ա­մուր պա­հե­լով, կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն օ­ժան­դա­կե­լով: Ու այս բո­լո­րը՝ նաե՛ւ մարդ­կա­յին զո­հե­րու գնով:

­Հա­լէ­պաբ­նակ ­Զար­միկ ­Չի­լա­փո­շեան-­Պօ­ղի­կեան կայ­քէ­ջի կամ լրագ­րո­ղի ա­նուն­ներ չի նշեր: Այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը կ­՛ու­զէ հե­տե­ւիլ իր գոր­ծա­կի­ցի տրա­մա­բա­նու­թեան, ո­րով­հե­տեւ հար­ցը ա­նուն­նե­րէն շատ ա­ւե­լի ան­դին կ­՛անց­նի ու կ­՛առն­չո­ւի վտան­գա­ւոր մի­տու­մի մը, մտայ­նու­թեան մը, որ այս պա­րա­գա­յին ոչ չա­փի, ոչ ալ սահ­մա­նի գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նի:
­Զար­միկ ­Չի­լա­փո­շեան-­Պօ­ղի­կեա­նի յօ­դո­ւածն ու մեր այս միտ­քե­րը թող առ­նո­ւազն սթա­փու­թեան կոչ մը հա­մա­րո­ւին վե­րոն­շեալ ան­պա­տաս­խա­նա­տու «լրագ­րող­նե­րուն» հա­մար:
­Հա­լէ­պաբ­նակ հա­յու­թիւ­նը տէր-տի­րա­կան, ղե­կա­վա­րու­թիւն ու­նի, նոյ­նիսկ ­Հա­լէ­պի աշ­խար­հագ­րա­կան սահ­ման­նե­րէն դուրս:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ