Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՎար­չա­պետ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեա­նի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջը կը յոր­դի ան­նա­խըն­թաց նե­րոյ­ժով։ ­Կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­նե­րը - թէ­կուզ ժա­մա­նա­կա­ւոր հան­գա­ման­քով - ար­դէն իսկ հրա­հանգ ու­նին նոր թա­փով գոր­ծի լծո­ւե­լու եւ ծրա­գիր­ներ կեան­քի կո­չե­լու։ Ըստ

պր. վար­չա­պե­տի յայ­տա­րա­րու­թեան, այդ ծրագ­րե­րը շու­տով պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւին կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տին եւ ա­նոնց հի­ման վրայ վերջ­նա­կան ձեւ պի­տի ստա­նայ եւ հրա­պա­րա­կո­ւի կա­ռա­վա­րու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

«Ակն­կա­լում եմ շատ հա­մար­ձակ, գործ­նա­կան քայ­լեր»,- ը­սած է նո­րան­շա­նակ վար­չա­պե­տը կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տին միա­ժա­մա­նակ շեշ­տե­լով, որ իր դահ­լի­ճի ան­դամ­նե­րը պի­տի ըլ­լան «կա­ռա­վար­ման նոր մշա­կոյ­թի կրող­ներ»։
Կաս­կած չկայ, որ այս բա­ռա­պա­շա­րը ինք­նին տպա­ւո­րիչ է եւ պր. վար­չա­պե­տին դրած խնդիր­նե­րը՝ կեն­սա­կա՛ն։ ­Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րը ցոյց պի­տի տան, թէ ի՞նչ քատ­րե­րէ պի­տի բաղ­կա­նայ նոր վար­չա­կազ­մը եւ ի՞նչ թա­փով պր. վար­չա­պե­տը պի­տի կա­րո­ղա­նայ ճամ­բայ հա­նել այս նոր վար­չա­մե­քե­նան եւ թէ որ­քա՞ն շուտ պի­տի ար­դիւ­նա­ւո­րո­ւի ա­նոր աշ­խա­տան­քը։

Այս հար­ցադ­րու­թիւ­նը յատ­կա­պէս այժ­մէա­կան է այ­սօր, երբ կը տես­նենք, որ կա­ռա­վա­րու­թեան աշ­խա­տան­քի զգա­յուն բե­ւեռ­նե­րէն մէ­կը՝ Է­կո­նո­մի­կա­յի (ազ­գա­յին տնտե­սու­թեան) նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ա­րագ ձե­ւա­փոխ­ման կ­՚են­թար­կո­ւի պր. վար­չա­պե­տին կող­մէ եւ, ըստ էու­թեան, կը վե­րա­ծո­ւի ներդ­րում­նե­րու քա­ջա­լեր­ման եւ սպա­սարկ­ման կեդ­րո­նի մը։

Յի­շեց­նենք, որ այս նա­խա­րա­րու­թիւ­նը Հ.Հ. նա­խա­գա­հին հետ ստո­րագ­րո­ւած հա­մա­խո­հա­կան (coalition) պայ­մա­նագ­րով վստա­հո­ւած է ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ան դրո­ւած է պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեա­նը տակ մեր երկ­րի փայ­լուն տնտե­սա­գէտ­նե­րէն նա­խա­րար Ար­ծո­ւիկ ­Մի­նա­սեա­նի։ ­Նա­խա­րա­րու­թեան աշ­խա­տան­քի ծի­րը ցարդ ընդգր­կած է ­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան գրե­թէ ամ­բողջ տա­րած­քը։ Ան ե­ղած է քա­ղա­քա­կան ող­նա­յա­րը մեր երկ­րի ազ­գա­յին տնտե­սու­թեան ո­լոր­տին։ Այս­տեղ է, որ ճշդո­ւած են ուղ­ղու­թիւն­նե­րը մեր երկ­րի տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։ Այս­տեղ է, որ մշա­կո­ւած է այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը։ ­Ներդ­րում­նե­րու քա­ջա­լե­րումն ու սպա­սար­կու­մը մէկ կողմ­նա­կի ե­րեսն են միայն այդ մեծ եւ տա­րո­ղու­նակ գոր­ծին։

Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ հա­կա­ռակ իր եօթ­նամ­սեայ ժրա­ջան եւ այ­լա­պէս բազ­մար­դիւն գոր­ծու­նէու­թեան, նա­խա­րա­րու­թեան ձեռ­քե­րը կաշ­կան­դո­ւած մնա­ցին հա­մա­կար­գա­յին մեծ փո­փո­խու­թիւն­ներ կա­րե­լի դարձ­նե­լու մար­զին մէջ։ Այս բա­նին հա­մար պա­տաս­խա­նա­տու են նախ­կին վար­չա­պետն ու իր ե­տին կե­ցած քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը։ ­Լիա­յոյս էինք, որ նո­րան­շա­նակ վար­չա­պե­տին ա­ռա­ջին քայ­լե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­նար այս նա­խա­րա­րու­թեան ու­ժա­կա­նու­թիւն­նե­րու լիար­ժէք վե­րա­կանգ­նու­մը։ ­Կը թուի, թէ այդ չէ նա­խա­տե­սու­թիւ­նը այ­սօր։ Եւ հարց է, թէ ինչ­պէ՞ս տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ տնտե­սու­թեան ամ­բող­ջա­կան վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը։

Տն­տե­սու­թեան ո­լոր­տէն ներս, մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գին սիւ­նե­րը խախ­տե­լու եւ զայն վճռա­կա­նօ­րէն լու­ծար­քի են­թար­կե­լու պատ­մա­կան գոր­ծը կեդ­րո­նա­կան տեղ կը գրա­ւէ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պլատ­ֆոր­մին մէջ։ Այս ա­ռա­քե­լու­թեամբ է, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ստանձ­նած է Է­կո­նո­մի­կա­յի նա­խա­րա­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ ­Մեր յստակ ակն­կա­լու­թիւնն է այ­սօր, որ վար­չա­պետ ­Կա­րա­պե­տեա­նի տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը լիո­վին եւ ան­վե­րա­պա­հօ­րէն իւ­րաց­նէ այս ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։

Կ­՛ու­զենք ան­կեղ­ծօ­րէն խոս­տո­վա­նիլ, որ մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գի լու­ծար­ման խնդրին մէջ, պր. վար­չա­պե­տին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը այ­սօր մե­ծա­պէս մտա­հո­գիչ կը գտնենք։ ­Սեպ­տեմ­բե­րի 14ին, Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վին հետ իր անդ­րա­նիկ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, պր. վար­չա­պե­տը ը­րած է հե­տե­ւեալ հաս­տա­տու­մը. «­Մո­նո­պո­լիա­նե­րի մա­սով՝ դրանք միշտ չեն վա­տը։ ­Մո­նո­պո­լիան ինչ­պէ՞ս է ա­ռա­ջա­նում. բնոյ­թից է կա­խո­ւած՝ այն բնա­կա­նո՞ն է, թէ՞ ոչ։ ­Շու­կան փոքր է, եւ է­ֆէկ­տիւ (ար­դիւ­նա­ւէտ) աշ­խա­տան­քի դէպ­քում շու­կա­յի խա­ղա­ցող­նե­րից մէ­կը կա­րող է մո­նո­պոլ (մե­նաշ­նոր­հեալ) դիրք շա­հել։ ­Բայց ե­թէ ին­քը բնա­կան դաշ­տում է ա­նում, այլ ոչ թէ՝ ադ­մի­նիստ­րա­տիւ ռե­սուր­սի (վար­չա­կան մի­ջոց­նե­րի) հա­շո­ւին, դա այլ բան է»։

Թող նե­րո­ւի մե­զի ը­սե­լու, որ տնտե­սա­գի­տա­կան թէա­կա­նու­թիւն­նե­րով յա­գե­ցած այս խօս­քե­րը բո­լո­րո­վին ան­տե­ղի են այս ճգնա­ժա­մա­յին հար­ցի քննարկ­ման մէջ։ Ան­տե­ղի եւ ա­պա­կողմ­նո­րո­շի՛չ։ Պր. վար­չա­պե­տը քաջ գի­տէ, թէ ի՞նչ է բնոյ­թը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գին։ Ան քաջ գի­տէ, թէ ինչ­պէ՞ս գո­յա­ցած է ան եւ գի­տէ, թէ ով­քե՞ր են բե­մին վրայ գոր­ծող շա­հա­տէր­նե­րը։ ­Նաեւ գի­տէ, թէ լաւ մե­նաշ­նորհ­ներ առ­հա­սա­րակ գո­յու­թիւն չու­նին եւ չեն կրնար ու­նե­նալ։

ՄԵՆԱՇՆՈՐՀՆԵՐԸ ՎԱՏ ԵՆ՝ ՏՆՏԵՍԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՐԵՒԷ ՉԱՓԱՆԻՇՈՎ։ Ա­նոնք կը կե­ղե­քեն եր­կի­րը եւ կ­՛ի­րա­ւազր­կեն ժո­ղո­վուր­դը եւ կը քայ­քա­յեն ազ­գա­յին տնտե­սու­թեան հի­մե­րը։ Եր­բեմն պե­տու­թիւնն ու հա­սա­րա­կու­թիւ­նը հար­կադ­րո­ւած են պե­տա­կա­նօ­րէն վե­րահս­կո­ւած ժա­մա­նա­կա­ւոր մե­նաշ­նորհ­ներ ստեղ­ծե­լու (պա­տե­րազ­մա­կան բա­ցա­ռիկ պայ­ման­նե­րու մէջ), որ­պէս­զի ճգնա­ժա­մա­յին պա­րէ­նա­ւոր­ման հար­ցեր լու­ծեն՝ գի­տակ­ցե­լով հան­դերձ, թէ ի՞նչ են տո­ւեալ մե­նաշ­նոր­հի վնաս­նե­րը։ ­Մենք այս մե­նաշ­նորհ­նե­րու մա­սին չէ, որ կը խօ­սինք։ ­Մենք կը խօ­սինք ազ­գա­յին հարս­տու­թեան թա­լա­նի հի­ման վրայ ստեղ­ծո­ւած մե­նաշ­նոր­հա­յին կայս­րու­թիւն­նե­րու մա­սին, ո­րոնց կազ­մա­ւոր­ման ա­կա­նա­տե­սը ե­ղած է պր. վար­չա­պե­տի սե­րուն­դը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Քա­ջա­լե­րո­ւած պր. վա­չա­պե­տին այս ե­լոյ­թէն, ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան թե­ւին պատ­կա­նող ո­րոշ պատ­գա­մա­ւոր­ներ ա­ռաջ քա­շե­ցին նաեւ «խո­շոր խա­ղա­ցող»ի վար­կա­ծը՝ ջա­նա­լով տար­բե­րել զայն մե­նաշ­նոր­հա­յին գոր­ծա­րա­րէն։ ­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան մէջ այդ­պի­սի տար­բե­րա­կում գո­յու­թիւն չու­նի։ ­Գո­յու­թիւն չու­նի նաեւ «փոքր շու­կայ»։ Հա­յաս­տա­նի «խո­շոր խա­ղա­ցող»նե­րը կը գոր­ծեն նախ­կին ­Խորհր­դա­յին Միու­թեան «խո­շոր շու­կայ»ին մէջ։ ­Հա­յաս­տա­նի «խո­շոր խա­ղա­ցող»նե­րը խո­շոր են, քա­նի որ ա­նոնք հա­զար տե­սա­նե­լի եւ ան­տե­սա­նե­լի մի­ջոց­նե­րով փա­կած են ­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան մուտ­քե­րը այլ ներդ­րող­նե­րու առ­ջեւ եւ յա­ջո­ղա­պէս «սե­փա­կա­նաշ­նոր­հած»՝ «խո­շոր շու­կա­յին» հետ աշ­խա­տե­լու բո­լոր ու­ղի­նե­րը։

Մեր կար­ծի­քով, պր. վար­չա­պե­տը սխալ կ­՛ը­նէ իր էու­թե­նէն պար­պե­լով այն իսկ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, որ կո­չո­ւած է այս գոր­ծին շար­ժիչ ոյ­ժը ըլ­լա­լու։ ­Մեր եր­կի­րը պէտք ու­նի յստակ ար­դիւ­նա­բե­րա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան (industrial policy), որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նայ ա­ներկ­բա­յօ­րէն ուղ­ղոր­դել տնտե­սա­կան ա­ռողջ, հե­տե­ւո­ղա­կան եւ հե­ռա­հա­յեաց ա­ճի գո­յաց­ման գոր­ծըն­թաց մը տնտե­սու­թեան հա­մար։ ­Զայն ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար՝ եր­կի­րը նաեւ պէտք ու­նի տնտե­սա­կան հա­մա­պար­փակ վար­դա­պե­տու­թեան (doctrine) մը, որ նա­խա­րար Ար­ծո­ւիկ ­Մի­նա­սեա­նի դի­պուկ բնո­րո­շու­մով՝ «պէտք է մեր տնտե­սու­թեան բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ա­նե­լիք­նե­րը եւ տես­լա­կա­նը ու­ղեն­շի»։ Այս ար­մա­տա­կան մօ­տե­ցու­մով է, որ կա­րե­լի կը դառ­նայ տնտե­սու­թեան մեծ տե­ղա­շար­ժը։ ­Բո­լոր այլ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը ի վեր­ջոյ կ­՛ա­պա­հո­վեն տնտե­սու­թեան տեղ­քայ­լը միայն։

Ե­թէ մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գի լու­ծար­ման մեծ մար­տահ­րա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջե­լու պատ­րաստ է պր. վար­չա­պե­տը, ան չի կրնար ու­նե­նալ ա­ւե­լի հզօր եւ վճռա­կան գոր­ծըն­կեր մը երկ­րի քա­ղա­քա­կան դաշ­տէն ներս քան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը։ ­Բո­լոր միւս հար­ցե­րէն ա­ւե­լի այս հարցն է ո­րո­շի­չը իր ա­ռա­քե­լու­թեան։ ­Մեր տնտե­սու­թիւ­նը պէտք է լայն բա­ցո­ւի իս­կա­կան ձեռ­նե­րէ­ցու­թեան առ­ջեւ։ Ա­մէն գոր­ծա­րար պի­տի գոր­ծէ իր սե­փա­կան ռիս­քե­րով, փո­խա­նակ իր ռիս­քե­րը փա­թա­թե­լու հան­րու­թեան վզին։ ­Մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գի տէ­րե­րը մեր երկ­րի մե­ծա­գոյն ձրիա­կեր­ներն են։ Ա­նոնց գո­յու­թիւ­նը ոչ միայն կը վտան­գէ մեր եր­կի­րը, այ­լեւ բա­ցէ ի բաց կ­՛ա­նար­գէ մեր հա­ւա­քա­կան ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը։ Այս դաշտն է, որ երկ­րի բո­լոր ար­դա­րա­խոհ ու­ժե­րը վճռա­կա­նօ­րէն պի­տի մաք­րեն ա­մուր հի­մե­րու վրայ դնե­լու հա­մար մեր երկ­րի լի­նե­լիու­թիւ­նը եւ մեր տնտե­սու­թիւ­նը բարձ­րաց­նե­լու աշ­խար­հի ա­ռա­ջա­ւոր տնտե­սու­թեանց մա­կար­դա­կին։

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ