­altՀա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան, Ար­ցա­խի, ­Չե­խիոյ, Ֆ­րան­սա­յի, ­Լի­բա­նա­նի, ­Սու­րիոյ եւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու 16 այլ հայ լրագ­րող­նե­րու հետ միա­սին, ես եւս հրա­ւի­րո­ւած էի մաս­նակ­ցե­լու «Ա­լիք» հայ­կա­կան օ­րա­թեր­թի 85ա­մեա­կի յո­բե­լեա­

նին նո­ւի­րո­ւած տօ­նա­կա­տա­րու­թեան: «Ա­լիք»ը լոյս կը տես­նէ ­Թեհ­րա­նի մէջ, 1931 թո­ւա­կա­նէն ի վեր:

­Քա­նի որ ա­սի­կա իմ ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւնս էր Ի­րան, ես ան­մի­ջա­պէս հասկ­ցայ, որ ա­նի­կա շատ կը տար­բե­րի այն երկ­րէն, ո­րուն մա­սին ես լսած ու կար­դա­ցած էի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ: Ի­րան հին քա­ղա­քակր­թու­թիւն ու­նե­ցող կա­րե­ւոր եր­կիր է, որ յա­ճախ սխալ ըն­կա­լո­ւած է օ­տար­նե­րու կող­մէ:

­Թեհ­րան մի­լիո­նա­ւոր բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող խո­շոր քա­ղաք է, որ կը փոր­ձէ յաղ­թա­հա­րել խե­լա­յեղ եր­թե­ւե­կու­թիւ­նը: Ի­րա­վի­ճա­կը ա­ւե­լի կը բար­դաց­նեն տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր ա­րա­գա­շարժ հե­ծա­նիւ­նե­րը, ո­րոնք մեծ ա­րա­գու­թեամբ կը սլա­նան ինք­նա­շարժ­նե­րու ա­րանք­նե­րով բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով, մինչ հե­տիոտ­նե­րը կը նե­տո­ւին խիտ եր­թե­ւե­կու­թեան շար­քե­րուն մի­ջեւ` անմ­տօ­րէն վտան­գե­լով ի­րենց կեան­քը: Ըստ էու­թեան, Ի­րան այ­ցե­լու­թեան ա­ռա­ւել վտան­գա­ւոր կող­մը ո՛չ վար­չա­կարգն է, ոչ ալ զի­նեալ­նե­րը, այլ փո­ղո­ցի հա­սա­րակ հա­տու­մը…

Ես նաեւ բա­ցա­յայ­տե­ցի, որ ի­րան­ցի­ներր եւ ի­րա­նա­հա­յե­րը շատ հիւ­րըն­կալ, բա­րի եւ քա­ղա­քա­վար մար­դիկ են: Ա­նոնք ա­մէն ինչ կ­՛ը­նեն բո­լո­րո­վին ան­ծա­նօթ մար­դոց օգ­նե­լու հա­մար: ­Հա­յե­րը, իբ­րեւ քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նու­թիւն, կ­՛օգ­տո­ւին կրթու­թեան եւ պաշ­տա­մուն­քի լիա­կա­տար ա­զա­տու­թիւն­նե­րէն: Ա­նոնք ու­նին ի­րենց սե­փա­կան դպրոց­նե­րը եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ամ­բողջ երկ­րի տա­րած­քին: ­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ թե­մեր կան ­Թեհ­րա­նի, Ս­պա­հա­նի եւ ­Թաւ­րի­զի մէջ:

­Հայ հա­մայն­քի շքեղ կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կը «Ա­րա­րատ» հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին միու­թեան կեդ­րոնն է, որ կը նե­րա­ռէ քա­նի մը հեք­թար մար­զա­կան շի­նու­թիւն­ներ, ո­րոնց շար­քին` ֆութ­պո­լի մար­զա­դաշտ, պաս­քեթ­պո­լի եւ թե­նի­սի մար­զա­դահ­լիճ­ներ, լո­ղա­ւա­զան­ներ եւ մա­տուռ ­Թեհ­րա­նի ա­մե­նա­հե­ղի­նա­կա­ւոր մա­սե­րէն մէ­կուն մէջ: ­Մեր այ­ցը Ի­րան հա­մըն­կաւ հա­մա­հայ­կա­կան 48րդ­ ա­մե­նա­մեայ խա­ղե­րու բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան հետ, ո­րուն կը մաս­նակ­ցէին Ի­րա­նի տար­բեր շրջան­նե­րէ, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թե­նէն, Ար­ցա­խէն, ­Ջա­ւախ­քէն ու Վ­րաս­տա­նէն ժա­մա­նած հայ սկաուտ­ներ ու մար­զիկ­ներ: ­Յա­ջորդ օ­րը, Ի­րա­նի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տու­նը պաշ­տօ­նա­կան բո­ղոք ներ­կա­յա­ցուց Ի­րա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան` հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րուն Ար­ցա­խի մար­զիկ­նե­րուն ընդգրկ­ման հա­մար:

Ի­րա­նա­հա­յե­րը կեն­սա­կան կա­մուր­ջի դեր կը խա­ղան ի­րենց զոյգ հայ­րե­նիք­նե­րու` Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջեւ: ­Հա­կա­ռակ Ատր­պէյ­ճա­նի բո­ղոք­նե­րուն եւ յա­մառ ջան­քե­րուն` խո­չըն­դո­տե­լու ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, Ի­րա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հաս­տա­տա­կա­մօ­րէն կը պահ­պա­նէ հա­ւա­սա­րակ­շիռ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ եր­կու հա­րե­ւան պե­տու­թիւն­նե­րուն հետ: ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան, Ի­րա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ հայ հա­մայն­քի մի­ջեւ մէկ այլ կա­րե­ւոր օ­ղակ է Ի­րա­նի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան, բարձ­րա­կարգ եւ փոր­ձա­ռու դի­ւա­նա­գէտ Ար­տա­շէս ­Թու­մա­նեա­նը:

«Ա­լիք» թեր­թի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ժա­մա­նած լրագ­րող­նե­րուն հա­մար կազ­մած էր յա­գե­ցած ծրա­գիր, նե­րա­ռե­լով այ­ցե­լու­թիւն­ներ հայ­կա­կան դպրոց­ներ, հայ­կա­կան բու­ժա­րան, ­Գիւ­լիս­տա­նի պա­լատ, ­Թա­գա­ւո­րա­կան ոս­կեր­չա­կան թան­գա­րան եւ ­Չար­մա­հալ միու­թեան կեդ­րոն, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ զրոյց-հան­դի­պում հայ հա­մայն­քին հետ: Լ­րագ­րող­նե­րը նաեւ հան­դի­պում ու­նե­ցան ­Թեհ­րա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին, ­Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան, ­Հայ մշա­կու­թա­յին եւ մար­զա­կան միու­թեան, եր­կու խո­շոր ի­րա­նա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան խօս­նա­կին, մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րին ու «քա­ղա­քա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րոն»ին հետ: Այ­ցե­լու­նե­րը ա­մէն տեղ կ­՛ըն­դու­նո­ւէին մեծ ջեր­մու­թեամբ եւ յար­գան­քով…
Լ­րագ­րող­նե­րը նաեւ պա­տիւ ու­նե­ցան հան­դի­պե­լու Ի­րա­նի ­Մէճ­լի­սի (խորհր­դա­րան) եր­կու հայ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն հետ, ո­րոնք ա­ռանց­քա­յին դեր կը խա­ղան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու եւ հայ հա­մայն­քի մի­ջեւ:

Ան­ցեալ շա­բաթ ե­րե­կո­յեան լրագ­րող­նե­րը ներ­կայ գտնո­ւե­ցան «Ա­լիք» թեր­թի 85ա­մեա­կի պաշ­տօ­նա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թեան, ուր հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան ամ­պիո­նէն շնոր­հա­ւո­րե­լու թեր­թին` քա­նի մը սե­րունդ­ներ կրթե­լու եւ ի­րա­զե­կե­լու գոր­ծին մէջ ու­նե­ցած իր ե­զա­կի ձեռք­բե­րում­նե­րուն հա­մար, ո­րոնց ան յա­ջո­ղած է ի­րա­կա­նաց­նել նո­ւի­րեալ խմբա­գիր­նե­րու, լրագ­րող­նե­րու, թեր­թի անձ­նա­կազ­մի, բա­րե­րար­նե­րու եւ տե­ղի հա­մայն­քա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ:
Այ­ցե­լու­թեան գա­գաթ­նա­կէ­տը` շրջա­գա­յու­թիւնն էր Ս­պա­հան եւ ­Թաւ­րիզ պատ­մա­կան քա­ղաք­նե­րով, նե­րա­ռեալ յա­տուկ «ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն» ­Սուրբ ­Թա­դէոս (­Թա­դէ) եւ Սբ. Ս­տե­փա­նոս վան­քեր:

­Ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան ա­ռա­ւել յու­զիչ պա­հը ու­ղե­ւո­րու­թիւնն էր Ա­րաքս գե­տի հու­նով Ի­րա­նի եւ ­Նա­խի­ջե­ւա­նի մի­ջեւ սահ­մա­նի եր­կայն­քով, որ ա­ռաջ ­Հա­յաս­տա­նի մէկ մասն էր, իսկ հի­մա ինք­նա­վար հան­րա­պե­տու­թիւն է Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մին մէջ: Լ­րագ­րող­նե­րէն շա­տե­րու աչ­քե­րուն ար­ցունք յայ­տո­ւե­ցաւ, երբ ա­նոնք սահ­մա­նի այն կող­մին վրայ կը դի­տէին դա­տարկ դաշ­տը, ուր ժա­մա­նա­կին հնա­գոյն գե­րեզ­մա­նոցն էր` հա­զա­րա­ւոր հայ­կա­կան խաչ­քա­րե­րով, ո­րոնք Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը դա­ժա­նօ­րէն ոչն­չա­ցու­ցած էին, ա­տով իսկ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած մշա­կու­թա­յին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եւ մարդ­կու­թեան դէմ ուղ­ղո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն…

­Հա­կա­ռակ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին բազ­մա­թիւ ի­րա­նա­հա­յե­րու ար­տա­գաղ­թին այլ եր­կիր­ներ, հիմ­նա­կա­նօ­րէն Կ­լեն­տէյլ, ­Քա­լի­ֆոր­նիա` հա­մայն­քի զգա­լի մա­սը կառ­չած կը մնայ իր ար­մատ­նե­րուն, կրկնա­պատ­կե­լով իր ջան­քե­րը, որ­պէս­զի շա­րու­նա­կէ իր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը իբ­րեւ կա­րե­ւոր կա­մուրջ Ի­րա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ - «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»