• Վերջերս, Քենտրիքոն թատրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի մեծ հաւաքոյթ մը, Սովիէթ Միութեան վարչապետ պրն. Խրուշչէվի կողմէ Յունաստանի եւ Աքրոփոլի դէմ եղած սպառնալից յայտարարութեանց առթիւ:

  • Լեւոն Քէշիշեան Ալասքայի Անքարեճ քաղաքէն կը գրէ.- Միացեալ Նահանգներու մէկ անկիւնէն միւսը, վերջապէս հասանք այս հետաքրքրական վայրը, եւ առաջին արաբ եւ հայ լրագրողն եմ, որ Ալասքա կ՛այցելէ:

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ...Ծաղկաձորի մէջ գարունըերկու անգամ կուգայ, կ՝ըսեն տեղացիները: Մէկը ա՛յն ատեն, երբ արեւի ջերմացնող շողերուն տակ ձիւնի ճերմակ սաւանի տակէն խոնարհօրէն իրենց գլխիկները դուրս կը հանեն ձիւնծաղիկները, եւ անգամ մըն ալ ա՛յն ատեն, երբ Ծաղկաձորը կը հասնին փողկապաւորները - հարիւրաւոր երախաներ: Անոնք կը նմանին ձիւնծաղիկներու գեղեցիկ փունջերու եւ ուրախ ու անհոգ՝ ստուերախիտ անտառին մէջ կը շրջին, կ՝երգեն ու կը պարեն:

  • Կեսարիայէն ղրկուած 31 Յուլիս թուակիր նամակի մը համաձայն, մէկ օր առաջ, Գարեգին պատրիարքի մահուան քառասունքին առիթով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ հանդիսաւոր արարողութիւններ  կատարուած են‘ ի ներկայութեան հաւատացեալ խուռն բազմութեան մը:

  • Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի դիւանը քննած է Երեւան, Լենինական եւ Կիրովական քաղաքներու մէջ երեւան ելած գայթակղութիւնը՝ բնակարաններու վերաբերեալ: