Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Հակառակորդի կրակոցէն հայ զինուոր մը մահացաւ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) մամլոյ ծառայութենէն կը  յայտնեն, թէ Հոկտեմբեր 5ին, Ատրպէյճան-Ղարաբաղ սահմանի արեւելեան դիրքերու վրայ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն նահատակուած է զինուոր 24ամեայ Եուրի Սարգսեանը: Ան գլուխէն ստացած է կրակոցի հարուածը:

Նոյն օրը, Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղին մօտ, հակառակորդի դիպուկահար կրակէն վիրաւորուած են երկու զինուորներ՝ Հենրիկ Խաչատրեան եւ Խաչատուր Սուքիասեան:
«Թերթ»ի տեղեկութիւններով՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի Չինարի գիւղի հատուածին վրայ հայկական զինուած ուժերը պատասխանած են հակառակորդին: Գործողութեանց արդիւնքով երկու ատրպէյճանցի զինուոր սպաննուած է:
Ատրպէյճանի բանակի այս սադրիչ գործողութիւններուն անդրադառնալով՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Կարապետեան յայտարարած է, թէ Ատրպէյճան «ոչ միայն արհամարհում է հրադադարի ռեժիմը պահպանելու միջազգային հանրութեան կոչերը, այլեւ վտանգում է տարածաշրջանի փխրուն կայունութիւնը՝ ինքնաբերաբար պատասխանատուութիւն կրելով բոլոր անցանկալի հետեւանքների համար»: