Յուլիս 31էն մինչեւ Օգոստոս 6 ժամանակահատուածին ընթացքին ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գծին վրայ հակառակորդ կողմը հրադադարը խախտած է աւելի քան 100 անգամ:

Ինչպէս կը հաղորդէ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը, հակառակորդը շուրջ 400 կրակոց արձակած է հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: ԼՂՀ դիրքապահ ստորաբաժանումները պահպանած են հրադադարի պայմանները: