Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ԱՄՆի մէջ գործող «Ամերիկայի ատրպէյճանցիներու ցանց» կազմակերպութիւնը (USAN) դիմած է ԱՄՆ Ծերակոյտին՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու խնդրանքով:
Ատրպէյճանական «Զերքալօ» օրաթերթը կը գրէ, որ երբ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը օրեր առաջ որդեգրեց Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ թիւ 175 բանաձեւը, Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Ամերիկայի ատրպէյճանցիներու ցանց կազմակերպութիւնը Ծերակոյտին դիմած է՝ խնդրելով նոյնպէս Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալ։

Ամերիկայի ատրպէյճանցիներու ցանցը ատրպէյճանական սփիւռքէն խնդրած է նամակներ ուղարկել Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատար անձերու, եւ պահանջել, որ նաեւ Ատրպէյճանի վերաբերեալ այդպիսի բանաձեւ մը որդեգրեն։
Ընդգծելով, որ ամերիկացի օրէնսդիրները ամերիկաբնակ ատրպէյճանցիներուն կոչը հազիւ թէ լսեն եւ որդեգրեն՝ «Զերքալօ» կը գրէ. «Բնաւ մեծ չեն յոյսերը, թէ ատրպէյճանական սփիւռքի՝ ԱՄՆի Ծերակոյտին ուղղուած կոչերը պիտի ունենան դրական արդիւնքներ»: