Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թր­քա­կան «­Գորշ ­Գայ­լեր» ծայ­րա­յեղ ազ­գայ­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան քա­ղա­քա­կան թե­ւը հան­դի­սա­ցող Ազ­գայ­նա­կան ­Շար­ժում կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ ­Տեւ­լեթ ­Պահ­չե­լի, իր կու­սակ­ցու­թեան ­Յու­նիս 8ի նիս­տի ըն­թաց­քին, ար­տա­յայ­տո­ւած է ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւի վա­ւե­րաց­ման

մա­սին՝ ցոյց տա­լով, որ վեր­ջին 101 տա­րի­նե­րուն շատ բան չէ փո­խո­ւած ազ­գայ­նա­մոլ­նե­րու մտայ­նու­թեան մէջ:

Թր­քա­կան «­Միլ­լի­յէթ» թեր­թը կը գրէ, թէ ­Պահ­չե­լի ար­դա­րա­ցու­ցած է ե­րիտ­թուր­քե­րուն կող­մէ հա­յե­րը տե­ղա­հա­նու­թեան են­թար­կե­լու ո­րո­շու­մը՝ զայն ա­նո­ւա­նե­լով «հիա­նա­լի ո­րո­շում»: Օգ­տա­գոր­ծե­լով թրքա­կան կեղծ թէ­զե­րը՝ ան մաս­նա­ւո­րա­պէս ը­սած է.- «Ով ի՛նչ ու­զէ, թող ը­սէ. թուրք ժո­ղո­վուր­դի թի­կուն­քէն դա­շու­նա­հա­րած­նե­րու տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը հիա­նա­լի քա­ղա­քա­կան ո­րո­շում էր, որ փրկեց թրքա­կան հայ­րե­նի­քը։

Փա՜ռք Աս­տու­ծոյ, որ կա­տա­րո­ւած է այն, ինչ անհ­րա­ժեշտ էր: ­Տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը տե­ղի՛ն էր։ Այ­սօր ալ ե­թէ նման ի­րա­վի­ճակ ստեղ­ծո­ւի, ա­նի­կա ան­խու­սա­փե­լի պի­տի ըլ­լայ: Այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի իթ­թի­հա­տա­կան (ե­րիտ­թուր­քեր) ղե­կա­վար­նե­րը ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեամբ կա­տա­րած են ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւ­նը»։

­Պահ­չե­լի խօ­սած է նաեւ ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւին կողմ քո­ւէար­կած թուրք պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն մա­սին՝ կրկին օգ­տա­գոր­ծե­լով վի­րա­ւո­րա­կան ձե­ւա­կեր­պում­ներ: