9-10 Պոֆոր հաշուող զօրաւոր քամիները լուրջ խանգարում յառաջացուցած են երկրի նաւային ուղիներու իրագործման մէջ: Նաւերը կապուած կը մնան Փիրէայի եւ Ռաֆինայի նաւահանգիստներուն մէջ, մինչ նոյն վիճակը կը տիրէ Վոլոս, Գավալա եւ Ռիոյի մէջ:

Աթէնքի մէջ հրշէջ սպասարկութիւնը 50է աւելի զանգեր ստացած է ինկած ծառերէ ճամբաները մաքրելու դիմումով: