Print
Category: Յունական լուրեր

Երէկ կէս գիշերին, Յունաստանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն՝ ՍԻՐԻԶԱ կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած կառավարութեան դէմ անվստահութեան քուէի կապակցութեամբ։

«Անհասկնալի եւ աւելորդ քայլ» բնութագրած էին Նոր Հանրապետութիւն եւ ՓԱՍՕՔ կուսակցութեանց ներկայացուցիչները տուեալ դիմումը, որը սակայն կը վայելէր ՍԻՐԻԶԱյի, Անկախ Յոյներ, Համայնավարներու եւ Ոսկեայ Արշալոյս կուսակցութեանց նեցուկը։ ՏԻՄԱՐ որոշած էր ձեռնպահ մնալ։

Անվստահութեան քուէի ընդունման համար անհրաժեշտ էր 151 երեսփոխաններու համաձայնութիւնը, որ չգոյացաւ:

Նշենք, որ Նոր Հանրապետութիւն եւ ՓԱՍՕՔ միասնաբար կը հաշուեն 155 երեսփոխաններ  (127 եւ 28) իսկ ընդդիմութեան ձայները կը բաժնուին հետեւեալ ձեւով՝
ՍԻՐԻԶԱ 72, Անկախ Յոյներ 18, Ոսկեայ Արշալոյս 18 (15 են առանց երեք կալանաւորուած երեսփոխաններուն), ՏԻՄԱՐ 14 եւ Համայնավար կուսակցութիւն 12։

Հաշիւը կը լրացնեն 11 անկախ երեսփոխաններ։