Print
Category: Յունական լուրեր

Յունաստանի կառավարութիւնը խորապէս մտահոգուած է տեսնելով, թէ մէկ օր առաջ երկրի տնտեսութեան նախարար Էվանկելոս Վենիզէլոսի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները բնաւ չեն բաւարարած Պրիւքսելը, այլ ընդհակառակը՝ յաւելեալ ճընշումներու առիթ տուած են, խորացնելով վերապահութեան մթնոլորտը Յունաստանի հանդէպ:


Այս կլիմայի ազդեցութեան տակ, կառավարութեան խօսնակ Իլիաս Մոսիալոս յայտնեց, թէ նոր քայլերու դիմելու անհրաժեշտութիւն կայ, որ «աշխատաւորներու կամ թոշակաւորներու վրայ պիտի չկեդրոնանան»...
«Թրոյքա»ի եւ Յունաստանի կառավարութեան միջեւ ժխտական կլիման վատթարացուցած է երկխօսութիւններու մէջ անվստահութեան մակարդակը: Նոյն պա-հուն Աթէնք կը գնահատէ թէ՝ Գերմանիոյ կառավարութեան կեցուածքի  շատ լուրջ փոփոխութիւն կայ:
«Սեւ ցուցակ»ի հրապարակում
Յունաստանի պետութեան հանդէպ 150.000 եւրօ գումարէ աւելի  պարտքեր ունեցող  ընկերութիւններու «սեւ ցուցակը» հրապարակուեցաւ տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ: Հարկային սպասարկութիւնը կը նախատեսէ այս ձեւով 41 միլիառ եւրօ գումարի եկամուտ ապահովել: