Print
Category: Յունական լուրեր

Այսօր Հինգշաբթի, սկիզբ կառնէ երկրի աշխատաւորական մեծագոյն սենտիքաներու կողմէ կազմակերպուած բողոքի արշաւը: Թաքսիներու վարորդները կը բանան գործադուլներու արշաւը, որ կը շարունակուի բժիկներու, պետական  եւ օդանաւային հսկողութեան պաշտօնեաներու, ապա նաեւ ուսուցիչներու գործադուլով:

Աշխատաւորները կը բողոքեն Յունաստանի նախարարաց խորհուրդին կողմէ յայտարարուած քայլերուն դէմ, որ կը նախատեսեն ամսականներու կրճատումներ, սեփականաշնորհումներ, աշխատանքէ արձակումներ:
Զայրոյթի ու հիասթափութեան զգացումներով ընդունուեցան տնտեսութեան նախարար Էվանկելոս Վենիզէլոսի յայտարարութիւնները, երէկ գիշեր կայացած նախարարական խորհուրդի որոշումներուն կապակցութեամբ, որ արմատական լուծումներու առաջնորդուելու հարկադրանքին առջեւ      գտնուած է:
Նախարարը յստակացուց թէ եւրոպական հսկողուեթեան մարմինը՝ «թրոյքա»ն, նախազգուշացուցած է թէ Յունաստանին յատկացուող վարկի 6րդ բաժինը կարելի չէ տուեալ նկատել, այն պարագային որ փոփոխութիւնները արագ կշռոյթով չÿիրագործուին:
Երկրի ընկերային եւ տնտեսական բոլոր շրջանակներու մասնակցութեամբ գործադուլը իր գագաթնակէտին պիտի հասնի այս շաբաթավերջին, Թեսաղոնիկէի մէջ կայանալիք 76րդ Միջազգային Ցուցահանդէսին բացման առիթով: