Print
Category: Յունական լուրեր

Մինչեւ 2011ի վերջաւորութիւնը կը նախատեսուի թէ պետական ապահովագրական  IKA հաստատութեան ծախսերը պիտի հասնին 740 միլիոն եւրօ գումարի: Ինչպէս կը հաղորդէ հելլէն մամուլը, IKAի ղեկավար  Եր. Վետուրիս պահանջք ներկայացուցած է պետական յաւելեալ յատկացման, դիտել տալով թէ անկարելի է այսպիսի գումարներով հակակշռել  ծախսերը:


Մամուլի երէկուան հրապարակումներով՝ IKA պիտի պարտաւորուի 400 միլիոն եւրօի վարկի մը համար դիմում ներկայացնել, որպէս երաշխիք ներկայացնելով 200 միլիոնի պետական իր պարտատոմսերը: