Print
Category: Յունական լուրեր

altՆո­յեմ­բեր 23ին, Սու­րիոյ սահ­մա­նին վրայ ռու­սա­կան հա­լա­ծի­չին Թուր­քիոյ կող­մէ վար առ­նո­ւե­լէն ետք, ա­ւե­լիով փա­փուկ հարց դար­ձած է օ­դա­յին սահ­ման­նե­րու յար­գան­քի հար­ցը, ո­րու նկատ­մամբ Թուր­քիա շատ «զգա­յուն» վե­րա­բե­րում ցոյց տո­ւաւ, Ռու­սաս­տա­նի հետ դի­ւա­նա­գի­տա­կան մեծ տագ­նա­պի պատ­ճառ դար­ձած յար­

ձա­կո­ղա­կան իր այդ քայլն ալ ար­դա­րաց­նե­լով նոյն այդ զգայ­նու­թեամբ:

Մինչ­դեռ Թուր­քիա ի՛նք կը շա­րու­նա­կէ բռնա­բա­րել օ­դա­յին սահ­ման­նե­րը իր դրա­ցի եր­կիր­նե­րուն, ո­րոնց հետ իբ­րեւ թէ վճռած է վա­րել «զե­րօ հար­ցի» քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը: Այս­պէս, թրքա­կան ռազ­մա­կան օ­դու­ժի չորս հա­լա­ծիչ­ներ Յունուար 7ին բռնա­բա­րած են Յու­նաս­տա­նի օ­դա­յին տա­րած­քը, Ե­գէա­կա­նի հիւ­սի­սա­յին հա­տո­ւա­ծին մէջ, ինչ­պէս յայտ­նած է Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, որ շեշ­տած է նաեւ, թէ ա­նոնց­մէ եր­կու­քը օժ­տո­ւած էին ռում­բե­րով:

Յու­նա­կան բա­նա­կի նախ­կին փոխ-հրա­մա­նա­տար Ֆ­րան­կու­լիս Ֆ­րան­կոս Մոս­կո­ւա­յի «­Ռոս­քա­յա Կա­զե­թա» թեր­թին յայտ­նած է, թէ «Ան­գա­րա գրգռիչ այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով կ­՚ու­զէ աշ­խար­հին ցոյց տալ, թէ Թուր­քիա չի ճանչ­նար ա­րե­ւե­լեան Մի­ջերկ­րա­կա­նի օ­դա­յին եւ ծո­վա­յին առ­կայ սահ­ման­նե­րը»։ Ար­դա­րեւ, Ե­գէա­կա­նի մէջ գտնո­ւող յու­նա­կան կղզի­նե­րու շրջա­նին մէջ կայ շուրջ 15 քմնոց օ­դա­յին տա­րա­ծու­թեան հա­տո­ւած մը, զոր Թուր­քիա կը մեր­ժէ ճանչ­նալ իբ­րեւ յու­նա­կան եւ ուր 2015ին ոչ նո­ւազ քան 1300 ան­գամ խախ­տած է յու­նա­կան սահ­մա­նը, 31 ան­գա­մուն հաս­նե­լով մին­չեւ Յու­նաս­տա­նի հո­ղե­րը: 2014ին, Թուր­քիոյ եւ Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ օ­դա­յին սահ­ման­նե­րու խախ­տում­նե­րու ա­ռըն­չո­ւող 2224 դէպք ար­ձա­նագ­րո­ւած է իսկ ա­պօ­րի­նի թռիչք­նե­րու թի­ւը 2014էն 2015 կրկնա­պատ­կո­ւած է: