altԾան­րօ­րէն ճնշո­ւած ճա­նա­պար­հի մը վրայ կը յա­ռա­ջա­նայ Յու­նաս­տա­նը՝ ի տես սուր մի­ջոց­նե­րով յատ­կան­շո­ւած Հա­մա­ձայ­նագ­րի մը կա­յաց­ման։ Եր­կի­րը խեղ­դո­ւած է տնտե­սա­կան ա­նել կա­ցու­թեան առ­ջեւ եւ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կը զգայ բա­րե­լաւ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, մինչ եւ­րո­պա­ցի գոր­ծըն­կեր­նե­րը դժգոհ ու պա­հան­ջա­տէր կը ներ­կա­յա­նան։

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Պ­րիւք­սե­լի մէջ կա­յա­ցաւ Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տի, Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գա­հի, Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պե­տի եւ Քո­մի­սիո­նի ղե­կա­վա­րի քա­ռա­կողմ ա­ռան­ձին հան­դի­պու­մը, ուր քննար­կու­մի դրո­ւե­ցաւ «ճա­նա­պար­հա­յին քար­տես»ի մը ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը։ Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը non-paper-ի մի­ջո­ցաւ յայտ­նեց թէ այ­սօր Չո­րեք­շաբ­թի օր «ընդ­հա­նուր եզ­րեր» պար­բա­կող եւ կա­յուն հա­մա­ձայ­նու­թեան մը յան­գեց­նող ա­ռա­ջարկ­ներ պի­տի ներ­կա­յաց­նէ, հա­շո­ւի առ­նե­լով ե­րեք հիմ­նա­կան նա­խադ­րեալ­ներ՝ հան­րա­քո­ւէի ար­դիւն­քը, երկ­րի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու ղե­կա­վար­նե­րու ընդ­հա­նուր դիր­քո­րո­շում­նե­րը եւ վար­կա­տու­նե­րու ա­ռա­ջար­կու­թիւն­նե­րը։

Նոյն պա­հուն, Յու­նա­սա­նի հա­մար «կա­մուրջ ծրա­գիր» մը ի­րա­կա­նաց­նե­լու պա­հանջ­քով ձայ­նե­րը կը բազ­մա­նան, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ կար­ճա­ժամ­կէտ ֆի­նան­սա­ւո­րում ա­պա­հո­վո­ւի երկ­րին հա­մար եւ առ­ժա­մա­բար բա­ւա­րա­րո­ւին տնտե­սու­թեան բազ­մա­կողմ կա­րիք­նե­րը, որ օ­րէ - օր կը խո­րա­նան։

Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը փոր­ձէ ժա­մա­նակ շա­հիլ, խնդրե­լով 7-10 մի­լիառ եւ­րո­յի ֆի­նան­սա­կան շունչ, մին­չեւ վերջ­նա­կան Հա­մա­ձայ­նագ­րին կա­յա­ցու­մը։

Ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ Եւ­րո­գօ­տիի տնտե­սու­թեան նա­խա­րար­նե­րու հան­դի­պու­մը, ուր մաս­նակ­ցե­ցաւ Յու­նաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ նա­խա­րար Էֆք­լի­տիս Ցա­քա­լո­թոս, դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­ներ ձգե­լով. այ­նու­մե­նայ­նիւ, եւ­րո­պա­ցի գոր­ծըն­կեր­նե­րու տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը չեն փո­խո­ւած՝ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու նիւ­թին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ա­նոնք կարծ­րա­ցու­ցած են ի­րենց դիր­քե­րը եւ յստա­կօ­րէն նոր ծրա­գիր մը կը պա­հան­ջեն վար­չա­պետ Ցիփ­րա­սի կող­մէ։

Այ­սօր դար­ձեալ եւ­րո­գօ­տիի նա­խա­րար­նե­րու հե­ռա­ձայ­նա­յին հան­դի­պում նա­խա­տե­սո­ւած է, ուր պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւին յու­նա­կան թե­զե­րը, մինչ կը գնա­հա­տուի թէ նոր գա­գաթ­նա­ժո­ղով կրնայ գու­մարուիլ դար­ձեալ այս շա­բա­թա­վեր­ջին։

Տո­ւեալ մթնո­լոր­տին մէջ՝ Քո­մի­սիոն, Եւ­րո­պա­կան Կեդ­րո­նա­կան Դ­րա­մա­տուն եւ Ար­ժոյ­թի Մի­ջազ­գա­յին Ֆոն­տը պի­տի գնա­հա­տեն ու վեր­լու­ծեն երկ­րի ֆի­նան­սա­կան կա­րիք­նե­րը եւ յու­նա­կան պարտ­քի կեն­սու­նա­կու­թեան աս­տի­ճա­նը։«­Բո­լոր այս բա­նե­րը պէտք է ա­րա­գօ­րէն կա­տա­րո­ւին, ո­րով­հե­տեւ շատ կարճ ժա­մա­նակ կայ մեր առ­ջեւ» դի­տել տո­ւած է Eurogroup -ի նա­խա­գահ Ե­րուն Տայ­սելպ­լում։

Տն­տե­սա­գէտ­նե­րու նա­մա­կը

Հռ­չա­կա­ւոր տնտե­սա­գէտ­ներ հրա­պա­րա­կա­յին նա­մակ մը ու­ղար­կած են Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քե­լին, պա­հան­ջե­լով «­Յու­նաս­տա­նի դէմ վե­րա­փո­խո­ւած վե­րա­բեր­մունք եւ դա­ժան կե­ցո­ւած­քի վե­րա­նա­յում», դի­տել տա­լով թէ Յու­նաս­տա­նէն պա­հան­ջո­ւած պայ­ման­նե­րը «փամ­փուշտ մըն են, ուղ­ղո­ւած՝ մար­դոց գլխին, որ պի­տի սպան­նէ Յու­նաս­տա­նը, բայց նաեւ եւ­րո­գօ­տին»։ Նա­մա­կը հրա­տա­րա­կո­ւած է եւ­րո­պա­կան բազ­մա­թիւ թեր­թե­րու մէջ, ինչ­պէս գեր­մա­նա­կան Tagesspiegel, ֆրան­սա­կան Le Monde, բրիտ­նա­կան Guardian, ե­ւայլն։

Տն­տե­սա­գէտ­նե­րը կը նշեն, թէ պատ­գա­մը յստա­կօ­րէն ուղ­ղո­ւած է վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քե­լին, եւ զինք կը հրա­ւի­րեն հան­դէս գա­լու, որ­պէս իս­կա­կան ղե­կա­վար, որ Եւ­րո­պան յոյ­սի, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ բար­գա­ւաճ­ման փա­րոս պի­տի դարձ­նէ, նշա­նա­կա­լի ազ­դե­ցու­թիւն բե­րե­լով ամ­բողջ աշ­խար­հին վրայ։