Նոյն օրուան մէջ երկու յարձակումներ ցնցեցին Նորվեկիան: Առաջին յարձակումը պայթում մըն էր մայրաքաղաք Օսլոյի կեդրոնը գտնուող կառավարութեան շէնքին դէմ:

Նորվեկիոյ ոստիկանութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, պայթումը խլած է առնուազն 8  քաղաքացիներու կեանքը եւ պատճառած աւելի քան 29  վիրաւոր: Պայթումին պատճառով ծանր վնասուածքներ ստացած են կառավարական եւ մօտակայ շէնքերը:
Օսլոյի պայթումէն որոշ ժամանակ մը ետք, մայրաքաղաքէն 45 վայրկեան հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ութոյա կղզիին մէջ տեղի ունեցած Աշխատաւորական կուսակցութեան երիտասարդական ճամբարին մէջ կատարուեցաւ հրացանաձգութիւն: Յարձակումին զոհերուն թիւը հասաւ 93-ի: Կղզիին մէջ տեղի կ՛ունենար իշխող Աշխատաւորական կուսակցութեան տարեկան երիտասարդական ճամբարը, երբ ոստիկանի տարազով կասկածելին ժամանած էր բանակավայր եւ իր շուրջը հաւաքած երիտասարդները՝  անոնց տեղեկացնելու համար Օսլոյի մէջ կատարուած պայթումին մասին: Երիտասարդները իր շուրջ համախմբելէ ետք, յանցագործը կրակ բացած էր անոնց վրայ՝ ըսելով, որ բոլորին պիտի սպաննէ:
Վերապրողներուն վկայութիւններուն համաձայն, յանցագործը, որ իր հետ ունէր ատրճանակ մը եւ գնդացիր մը, կրակ բացած էր նոյնիսկ լողալով փախչիլ փորձող երիտասարդներուն վրայ:
Երիտասարդական ճամբարին կը մասնակցէին 15-էն 22 տարեկան շուրջ 700  պատանիներ եւ երիտասարդներ:



Հայաստան կը դատապարտէ յարձակումը

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ցաւակցական հեռագրով եւ արտաքին գործոց նախարարի խօսքերով Հայաստան խստօրէն դատապարտեց Նորվեկիոյ մէջ յարձակումները: «Մենք ցաւակցութիւն ու զօրակցութիւն կը յայտնենք Նորվեկիոյ բարեկամ ժողովուրդին եւ կառավարութեան»: