Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Յուլիս 15-17-ի շաբաթավերջին, Մոնթրէալի մէջ կայացաւ ՀՅԴ անատայի 42-րդ Շրջանային ժողովը, մասնակցութեամբ Վանգուվըրի, Թորոնթոյի, Մոնթրէալի, Լաւալի, Գէմպրիճի, Ս. Գաթրինզի եւ Համիլթընի կոմիտէութեանց պատգամաւորներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական եւ ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեանց պատգամաւորներուն:

Ժողովին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ:
Եռօրեայ նիստերու ընթացքին, ժողովը քննարկման սեղանի վրայ դրաւ կազմակերպական, քարոզչական, Հայ Դատի եւ համագաղութային հարցեր եւ անոնց լուծման ի խնդիր տուաւ համապատասխան որոշումներ:
Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, ժողովը հունաւորեց Գանատայի մէջ Հայ Դատի աշխատանքներու յառաջիկայ ռազմավարութիւնը:
Ժողովը յատուկ ուշադրութեամբ շեշտեց գաղութի նորահաս սերունդին մէջ ազգային գաղափարախօսութիւնը ամրագրելու անհրաժեշտութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմնադրման 20-ամեայ յոբելեաններուն առիթով, Շրջանային Ժողովը վերահաստատեց նաեւ ՀՅԴ Գանատայի շրջանի յանձնառութիւնները հայրենիքի հզօրացման, Ջաւախքի բարօրութեան եւ հայութեան պատմական իրաւունքներու վերականգնման գծով:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ 20011-2013 տարեշրջանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմը: