Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է, թէ իր համակարգչային ցանցի դէմ լայնածաւալ յարձակումին պատճառով յանցագործները հազարաւոր փաստաթուղթեր գողցած են։

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Ուիլիըմ Լինն յայտարարած է, որ Փենթակոնի համակարգչային ցանցի դէմ յարձակումը կազմակերպած են օտարերկրեայ իշխանութիւնները, սակայն երկիրի մը անունը չէ նշած։
Ըստ անոր, այս տարուայ մարտին Փենթակոնի համակարգիչի ցանցին դէմ յարձակումներու պատճառով 24 հազար փաստաթուղթ գողցուած է։