Տնտեսական ճգնաժամի եւ եւրոպական պարտքերու տագնապը ձիւնամրրիկի հետեւանքներ կը սպառնայ ունենալ ամբողջ Եւրոպայի համար: Շուկաները չեն համոզուած, որ Եւրոպական Միութենէն ներս զօրաւոր կամք կը ցուցադրուի տագնապի առաջքը առնելու եւ լուծումներու առաջնորդուելու գծով:

Գերմանական ձգձգումները եւ ծրագիրներու յետաձգումները՝ խոր մտահոգութիւններու առիթ կը դառնան, ցոյց տալով Եւրոպական Միութեան շրջանակներէն ներս բազմաբնոյթ ու բազմակարծիք մօտեցումները:
Պրիւքսելի մէջ անարդիւնք անցաւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան խորհրդաժողովը, որ Իտալիոյ մէջ զարգացումները կանխելու, ինչպէս նաեւ Յունաստանի երկրորդ վարկի տրամադրման հարցերը քննարկելու համար հրաւիրուած էր: Պրիւքսելի պաշտօնատարներու անորոշ կեցուածքի արձագանգումը անմիջապէս արտացոլաց սակարաններու եւ պարտատոմսերու պատկերին վրայ: Eurogroupի երէկ կէսօրէ ետք հաղորդուած միացեալ յայտարարութիւնը անբաւարար հանդիսացաւ մշուշոտ պատկերը մաքրելու, շեշտելով անորոշութեան ու մտահոգութեան կլիման:
Եւրոպական հարաւին պատկանող երկիրները, ինչպէս եւ միջազգային շուկաները ճնշումներ կը բանեցնեն Գերմանիոյ դէմ, արագ լուծումի մը յանգելու իմաստով. Գերմանիա սակայն կը փորձէ իրեն համար յարմար պայմաններ յաջողցնել եւ ստիպել վտանգուած երկիրները իր ծրագիրը ընդունելու:
Փորձագէտներու կարծիքին համաձայն՝ ֆրանսական ծրագիրը մէկդի դրուած է                                   առայժմ, եւ սեղանի վրայ բերուած է գերմանական ծրագիրը:
Նոյն պահուն, սակարանային շուկաներուն մէջ դրամատուներու պարտատոմսերը ճնշումներու կÿենթարկուին: Աթէնքի սակարանէն ներս դեռ աւելի բարդ դարձաւ կացութիւնը, Հոլլանտայի տնտեսութեան նախարարի յայտարարութենէն ետք, թէ Յունաստան պիտի ուղղուի լռելեան սնանկացման: