Ելեկտրական հոսանքի լուրջ խանգարում կայ Կիպրոսի տարածուն շրջանի մը մէջ, նոյնիսկ մայրաքաղաքի մէջ

Ուժգին պայթում մը արձանագրուեցաւ այսօր Երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 06:00ին, Կիպրոսի Լարնաքա եւ Լեմեսոս քաղաքներուն միջեւ գտնուող նաւային խարիսխէն ներս:


Պայթումը յառաջացաւ խարիսխի վառօդանոցէն ներս պատահած հրդեհի հետեւանքով: Ամբողջ  շըրջանը ոստիկանութեան ուժերու հսկողութեան տակ առնուեցաւ, մինչ ելեկտրական հոսանքի լուրջ խանգարում կայ Կիպրոսի տարածուն շրջանի մը մէջ, նոյնիսկ մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ:
Վիրաւորներու թիւը չէ հրապարակուած, սակայն նախնական տուեալները 8 զոհի մասին խօսք կընեն: Մեծ թիւով հիւանդատար կառքեր հասած են դէպքի վայրը եւ բժշկական խնամքի տակ առած են վիրաւորները:
Ականատեսներու վկայութիւններուն համաձայն, կանուխ առաւօտեան լսուեցաւ պայթումի ուժգին ձայնը, ապա մուխ երեւցաւ: Տեղական մամուլի հաղորդումներուն համաձայն, մեծ է աղէտը. հրշէջ ինքնաշարժներու օգտագործումով ջանք կը տար-ւի մարելու հրդեհը: Ըստ ոստիկանութեան բանբերի հաղորդած լուրերուն, նաւային խարիսխէն ներս պահք դրուած էին 98 վառօդի տակարներ:
Կիպրոսի կառավարութիւնը կոչ ուղղած է Լարնաքայի եւ Լեմեսոսի քաղաքացիներուն՝ հեռու մնալ հիւանդանոցներէն, որպէսզի անհրաժեշտ խնամքը տրուի կարիքաւոր վիրաւորներուն:
Մայրուղիները փակուած են եւ միայն հիւանդատար ինքնաշարժներու շրջանառութիւնը արտօնուած է:
Խարիսխի շրջակայքը ականուած վայրի տեսարան կը ներկայացնէ: