­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ յա­տուկ տեղ եւ դեր ու­նի հայ գիր­քը: 1932էն ի վեր գոր­ծող կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի տպա­րա­նէն ցարդ լոյս տե­սած է ա­ւե­լի քան 2000 գիրք` հա­յե­րէն եւ օ­տար տար­բեր լե­զու­նե­րով:

­Հայ գիր­քի տա­րած­ման նպաս­տող կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի գրա­տու­նը, որ այս տա­րի կը բո­լո­րէ իր 40րդ ­տա­րին, հա­րուստ է կրօ­նա­կան, հա­յա­գի­տա­կան, գրա­կան, պատ­մա­կան, ե­րաժշ­տա­կան, ա­րո­ւես­տի եւ ման­կա­պա­տա­նե­կան գիր­քե­րու ճոխ հա­ւա­քա­ծո­յով: Գ­րա­տան մէջ կա­րե­լի է գտնել նաեւ յու­շա­նո­ւէր­նե­րու եւ խտա­սա­լիկ­նե­րու տե­սա­կա­նի:

­Յայտ­նենք, որ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի գրա­տու­նը, իր 40ա­մեա­կին ա­ռի­թով, մեր ժո­ղո­վուր­դին կը ներ­կա­յա­նայ ար­դիա­կան նոր կայ­քով մը` www.ciliciabookstore.com:
­Նոր կայ­քը, նա­խոր­դին բաղ­դա­տած, ա­ւե­լի ամ­բող­ջա­կան, գու­նա­զարդ, ճշգրիտ ու ա­պա­հով է:

Ապսպ­րանք­նե­րու ի­մաս­տով` ինչ­պէս «Ա­մա­զոն»ն­ ու «Ի-պէյ»ն­ են, կա­րե­լի է «քրե­տիթ քարտ»ի եւ հաս­ցէի ներ­մու­ծու­մով՝ ուղ­ղա­կի պա­տո­ւի­րել գրա­տու­նէն, ա­ռանց միջ­նոր­դի կամ ե-նա­մա­կի: ­Նախ­կին ձե­ւին մէջ գիր­քին կշիռ­քը չկար, հի­մա երբ ապսպ­րան­քը դրո­ւի, հա­մա­կարգ­չա­յին ծրա­գի­րը ինք կը հա­շո­ւէ գիր­քե­րուն կշիռքն ու փո­խադ­րու­թեան գինն ալ, ու ըստ այնմ կ­՛ա­ւելց­նէ ա­ռաք­ման ծախ­սե­րը: ­Պար­զա­պէս, գնո­ղը պար­տի ո­րո­շել փո­խադ­րու­թեան մի­ջո­ցը («­Լի­պան­փոսթ», «­Տի. Էյչ. Էլ» կամ «­Ֆե­տեքս»), հա­մա­ձայն գի­նին կամ իր նա­խընտ­րու­թեան:

­Կայ­քը ու­նի զա­նա­զան բա­ժին­ներ, հա­մա­ձայն գիր­քե­րու լե­զո­ւին կամ նիւ­թին, բան մը, որ կը դիւ­րաց­նէ ընտ­րու­թիւ­նը: Ա­ւե­լի՛ն, կա­րե­լի է փնտռել հե­ղի­նա­կի կամ գիր­քի ա­նու­նով, ինչ որ կ­՛ա­րա­գաց­նէ փնտռտու­քի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը:

­Կայ­քը կը նե­րա­ռէ շուրջ 1000 գիրք, 60 յու­շա­նո­ւէր, 40 տե­սա­կի տե­սա­հո­լո­վակ: Իւ­րա­քան­չիւր գիր­քի նկա­րին վրայ սեղ­մե­լով՝ կա­րե­լի է ի­մա­նալ հե­ղի­նա­կին ա­նու­նը, տպագ­րու­թեան թո­ւա­կանն ու վայ­րը, ամ­փոփ բա­ցատ­րա­կան մը գիր­քին մա­սին, հրա­տա­րակ­չա­կան ֆոն­տին ա­նու­նը, կշիռ­քը եւ գի­նը` թղթա­կազմն ու լա­թա­կազ­մը ան­ջա­տա­բար ներ­կա­յա­ցո­ւած են:

­Վեր­ջա­պէս, կայ­քը ա­ւե­լի ար­դիա­կան է ու հա­մա­հունչ մի­ջազ­գա­յին կայ­քե­րու չա­փա­նիշ­նե­րուն, իսկ ապսպ­րան­քը` ա­պա­հով ու վստա­հե­լի, ո­րով­հե­տեւ «Աու­տէ» դրա­մա­տան ճամ­բով ու ա­պա­հո­վու­թեան մի­ջազ­գա­յին բո­լոր չա­փա­նիշ­նե­րը կը լրաց­նէ:
Ար­տա­սահ­ման եւ ի մաս­նա­ւո­րի Ա­մե­րի­կա, ­Քա­նա­տա եւ Եւ­րո­պա ապ­րող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն դիւ­րու­թիւն կ­՛ըն­ձե­ռո­ւի գիտ­նա­լու եւ ապսպ­րե­լու կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րէն, ա­ռանց միջ­նոր­դի ու յա­ւե­լեալ ճի­գի` տու­նը նստած: