Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altՌի­կա կա­տա­րած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցի ծի­րէն ներս Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ ­Տա­րօն ­Մար­գա­րեան ­Ռի­կա­յի քա­ղա­քա­պետ ­Նիլ Ու­շա­քո­վի եւ տե­ղի հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ ներ­կայ գտնո­ւած է «Ե­րե­ւան» ա­նու­նը կրող այ­գիի հան­դի­սա­ւոր բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան:

­Ռի­կա­յի քա­ղա­քա­պետ ­Նիլ Ու­շա­քով՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տին ու ­Ռի­կա­յի հայ հա­մայն­քին` այ­գիի կա­ռու­ցու­մը ի­րա­կա­նու­թիւն դարձ­նե­լու հա­մար, յայտ­նած է, որ ա­նի­կա պի­տի դառ­նայ քա­ղա­քի սի­րո­ւած հան­գիս­տի գօ­տի­նե­րէն մէ­կը:

«­Ռի­կա­յի մէջ բա­ցո­ւած «Ե­րե­ւան» ա­նու­նը կրող այ­գին իս­կա­պէս մեծ նո­ւէր է հան­գիս­տի գօ­տիի հա­րե­ւա­նու­թեամբ ապ­րող տար­բեր տա­րի­քի բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար: Ա­նի­կա նաեւ լա­ւա­գոյն խորհր­դա­նիշ­նե­րէն մէկն է եր­կու քա­ղա­քի մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րո­ւած ա­մուր բա­րե­կա­մու­թեան ու յա­ջո­ղած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան»,- նշած է Ու­շա­քով:

­Մար­գա­րեան նախ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է նա­խա­ձեռ­նու­թեան հե­ղի­նակ­նե­րուն` նկա­տե­լով, որ ա­տի­կա եւս մէկ վկա­յու­թիւնն է եր­կու քա­ղա­քի մի­ջեւ օ­րէ օր զար­գա­ցող բա­րե­կա­մա­կան ու գոր­ծըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն:

«Ե­րե­ւա­նի եւ ­Ռի­կա­յի մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը տա­րի­նե­րի պատ­մու­թիւն ու­նի: ­Մեր եր­կու երկր­նե­րի մի­ջեւ բա­րե­կա­մա­կան եւ գոր­ծըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­ներն օր օ­րի զար­գա­նում են, ո­րի հա­մա­տեքս­տում ամ­րապնդ­ւում են մեր եր­կու քոյր քա­ղաք­նե­րի կա­պե­րը:

Ու­րա­խա­լի է, որ այն ի­րա­կա­նաց­ւում է կոնկ­րէտ (ո­րո­շա­կի) ծրագ­րե­րի մի­ջո­ցով: Վս­տահ եմ, որ այս գե­ղե­ցիկ այ­գին, ո­րը նա­խագ­ծո­ւած է հայ­կա­կան եւ ե­րե­ւա­նեան տար­րե­րով, կը դառ­նայ ինչ­պէս ­Ռի­կա­յի բնա­կիչ­նե­րի, այն­պէս էլ մեր քոյր քա­ղա­քի հիւ­րե­րի սի­րո­ւած վայ­րե­րից մէ­կը»,- ընդգ­ծած է ­Մար­գա­րեան: