altՏիգ­րա­նա­կեր­տի Սուր շրջա­նին մէջ կը գտնո­ւի հայ­կա­կան Ս. Սար­գիս կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցին, որ ան­ցեալ տա­րի վնաս­ներ կրած էր թրքա­կան բա­նա­կին եւ քրտա­կան ու­ժե­րուն մի­ջեւ եր­կա­րա­տեւ զի­նեալ բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով ու կը գտնո­ւէր կի­սա­քանդ վի­ճա­կի մէջ։

 Թուր­քիոյ բնա­պահ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը այժմ վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ծրա­գիր կազ­մած է Սու­րի 11 պատ­մա­կան կա­ռոյց­նե­րուն հա­մար։ Ա­նոնց մէջ կը գտնո­ւի նաեւ հայ­կա­կան կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցին, եւ նա­խա­տե­սո­ւած է, որ այս աշ­խա­տան­քը ա­ւար­տի 2018ին։