altՆիսի մէջ Յուլիս 14-ին ահաբեկչութեան հետեւանքով մահացած ՀՀ քաղաքացին ամուսնացած էր, փոքր երեխայ ունէր: Այս մասին կը յայտնեն NEWS.am-ի աղբիւրները:

 

Ըստ աղբիւրին` երիտասարդ կինը իր ամուսինին եւ փոքրիկին հետ կը բնակէր Նիս: Անոնք Հայաստանէն էին, որոշ ժամանակ առաջ տեղափոխուած էին Ֆրանսա:

Նշենք, որ մահացած կինը Հայաստանի քաղաքացի էր: Նախնական տեղեկութիւններով, վիրաւորներուն մէջ նոյնպէս հայեր կան:
Յիշեցնենք, որ Յուլիս 14-ի երեկոյեան` տեղական ժամանակով ժամը 22:30-ի մօտ, Նիսի Անգլիական ափին հաւաքուած մարդոց խումբի մը մէջ մեծ արագութեամբ բեռնատար մը մխրճուած է: Վարորդը մարդոց մէջ մխրճուած էր Պասթիլի գրաւման օրուայ տօնական հրավառութեան ժամանակ: Բեռնատարը, մօտ 2 քմ․ զիգզագաձեւ շարժուելով, փորձած է հնարաւորինս շատ մարդիկ ճզմել: Յետոյ վարորդը կրակ բացած է մարդոց վրայ:

Ոստիկանութեան գործողութիւններու արդիւնքով ան սպաննուած է: Բեռնատարին մէջ յայտնաբերուած է մեծ քանակութեամբ զէնք եւ պայթուցիկ:
Ըստ վերջին տեղեկութիւններուն` զոհուած է 84 մարդ, աւելի քան 18-ի վիճակը ծայրայեղ ծանր է: Վարորդը Ֆրանսայի եւ Թունիսի քաղաքացի է: Ան 31 տարեկան է: Նախապէս ոստիկանութեան ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուած էր գողութեան եւ խուլիգանութեան համար:

Ըստ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեանի` զոհերուն մէջ ՀՀ քաղաքացի մը կայ: Իր հերթին Հայ եկեղեցւոյ Նիսի հոգեւոր հովիւ Հայր Գրիգոր աբեղայ Խաչատրեան NEWS.am-ին յայտնած է, որ զոհուած կինը 40 տարեկան է, նաեւ վիրաւորներուն մէջ կայ երեք հայ: