­altՀո­լան­տա­կան քա­նի մը հայ հա­մայնք­ներ ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ ի­րենց օգ­նու­թիւ­նը ցու­ցա­բե­րած են Ար­ցա­խին:

«­Նի­տեր­լան­տա­կան Օ­րա­գիր»ի փո­խանց­մամբ` ան­ցած ­Կի­րա­կի Ալ­մե­լո­յի ­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Սբ. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Սուրբ ­Պա­տա­րագ եւ հո­գե­հանգս­տեան կարգ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին զո­հո­ւած­նե­րու հո­գի­նե­րուն հա­մար:

Այս կա­պակ­ցու­թեամբ բա­ցո­ւած բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մին, բա­ցի Ալ­մե­լո­յի տար­բեր հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն՝ ի­րենց օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը ցու­ցա­բե­րած են նաեւ ­Նայ­մե­խէն քա­ղա­քի «­Միա­ցեալ հա­յե­րը ­Հո­լան­տա­յի մէջ» կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րը: Ար­դէն հան­գա­նակուած է ա­ւե­լի քան 42 հա­զար եւ­րօ: