­altՍու­րիա­կան բա­նա­կը՝ շա­րու­նա­կե­լով ­Հա­լէ­պի հիւ­սի­սա­յին գիւ­ղե­րուն մէջ իր յա­ռաջ­խա­ղաց­քը, իր հա­կակշ­ռին տակ ա­ռաւ ­Քաս­թել­լօ տա­նող մայր ճամ­բան եւ յա­ռա­ջա­ցաւ ­Լե­րա­մոն շրջա­նին մէջ, այս­պի­սով շրջա­փա­կե­լով ­Հա­լէ­պի ա­րե­ւե­լեան շրջա­նի ու յատ­կա­պէս ­Պե­

նի ­Զե­տի մէջ կայք հաս­տա­տած զի­նեալ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը, ո­րոնք տո­ւեալ շրջա­նէն տա­րի­ներ շա­րու­նակ անխ­նայ կը հրթի­ռա­կո­ծեն ­Հա­լէ­պի խա­ղաղ բնակ­չու­թիւ­նը։ Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «­Գան­ձա­սար»։

­Բա­խում­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին եւ սու­րիա­կան բա­նա­կը կը յա­ռա­ջա­նայ դէ­պի ­Քաս­թել­լօ։ Շր­ջա­փակ­ման մէջ յայտ­նո­ւած զի­նեալ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը, ա­նել կա­ցու­թեան մատ­նո­ւե­լով, կը շա­րու­նա­կեն վրէժ լու­ծել խա­ղաղ բնակ­չու­թե­նէն ու հրթի­ռա­կո­ծել ­Հա­լէ­պի բնա­կե­լի զա­նա­զան թա­ղա­մա­սե­րը։

­Հա­լէ­պի բնա­կե­լի թա­ղա­մա­սե­րու հրթի­ռա­կոծ­ման հե­տե­ւան­քով ար­ձա­նագ­րո­ւած զո­հե­րուն թի­ւը, «ՍԱՆԱ»ի տո­ւեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն, հա­սաւ 45ի, ո­րուն 28ը ե­րե­խա­ներ են, իսկ վի­րա­ւոր­նե­րուն թի­ւը հա­սաւ 331ի։ ­Հա­լէ­պի բնակ­չու­թիւ­նը ա­պա­հո­վա­կան ա­ռու­մով ծանր պա­հեր կ­՛ապ­րի։ ­Զի­նեալ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն կող­մէ ար­ձա­կո­ւած հրթիռ­ներ եւ պայ­թող փամ­փուշտ­ներ կ­՛իյ­նան զա­նա­զան շրջան­նե­րու մէջ՝ խլե­լով ան­մեղ մար­դոց ու մա­նուկ­նե­րու կեան­քը։

­Նոր ­Գիւ­ղի մէջ եր­կու հայ վի­րա­ւոր

Ուր­բաթ՝ 8 ­Յու­լի­սին, զի­նեալ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն կող­մէ ­Հա­լէ­պի զա­նա­զան շրջան­նե­րու հրթի­ռա­կոծ­ման հե­տե­ւան­քով, Նոր ­Գիւ­ղի մէջ վի­րա­ւո­րո­ւե­ցան եր­կու հա­յու­հի­ներ՝ Հ­ռիփ­սի­մէ ­Ղա­զա­րեան եւ ­Սօ­սի ­Ղա­զա­րեան-­Հե­քի­մեան։ Հ­ռիփ­սի­մէ ­Ղա­զա­րեա­նի վի­ճա­կը կա­յուն է, ան հի­ւան­դա­նո­ցէն դուրս ե­կած է ար­դէն, իսկ ­Սօ­սի ­Ղա­զա­րեան-­Հե­քի­մեան վի­րա­բու­ժու­թեան պի­տի են­թար­կո­ւի։