Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altԳեր­ման փաս­տա­բան­նե­րը՝ դաշ­նա­յին եւ նա­հան­գա­յին պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու, մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան­նե­րու, բժիշկ­նե­րու, գիտ­նա­կան­նե­րու ու զո­հե­րու հա­րա­զատ­նե­րու ա­նու­նով, ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նին ու թուրք քա­ղա­քա­կան այլ գոր­ծիչ­

նե­րու դա­տի տո­ւած են,- կը հա­ղոր­դէ «Ար­ցախփրես»՝ վկա­յա­կե­չե­լով գեր­մա­նա­կան Tagesschau հե­ռուս­տա-ա­լի­քի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քը:

Ո­րոշ­ման պատ­ճառ հան­դի­սա­ցած են ­Թուր­քիոյ հա­րաւ-ա­րե­ւել­քը գտնո­ւող ­Շըր­նաք նա­հան­գի ­Ճիզ­րէ քա­ղա­քին մէջ բնա­կող քիւր­տե­րու դէմ ռազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներն ու մաս­սա­յա­կան ոչն­չա­ցում­նե­րը: ­Փաս­տա­բան­նե­րը ի­րենց բո­ղո­քը ներ­կա­յա­ցու­ցած են ­Գեր­մա­նիոյ գլխա­ւոր դա­տա­խա­զու­թեան` մե­ղադ­րան­քին մէջ նե­րա­ռե­լով ոչ միայն Էր­տո­ղա­նը, այ­լեւ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցած թուրք այլ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ:

«­Մեր բա­րո­յա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւնն է վերջ տալ ­Թուր­քիոյ վա­րած յան­ցա­գործ ու ան­մարդ­կա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան: ­Պէտք է վերց­նել ան­պատ­ժե­լիու­թիւ­նը, որ­պէս­զի վերջ դրո­ւին մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը` ան­կախ ան­կէ, թէ ո՛ւր եւ ո­րո՛ւ հան­դէպ ա­տոնք կը կի­րա­ռո­ւին»,- կը նշեն փաս­տա­բան­ներ Պ­րի­տա Է­տեր ու ­Փեթ­րա ­Տեր­վի­շայ:

էր­տո­ղա­նէն բա­ցի՝ մե­ղադ­րանք ներ­կա­յա­ցո­ւած է նաեւ այլ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու, մաս­նա­ւո­րա­պէս` նախ­կին վար­չա­պետ Ահ­մեդ ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի, ներ­քին գոր­ծոց նախ­կին նա­խա­րար Էֆ­քան Ա­լա­յի, ինչ­պէս նաեւ՝ բա­նա­կի ու ոս­տի­կա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու աշ­խա­տա­կից­նե­րու դէմ:

­Նա­խա­ձեռ­նու­թեան ա­ջա­կից­նե­րէն են խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­ներ Ու­լայ Ելփ­կէ, Անտ­րէյ Եուն­քօ, քա­ղա­քա­կան այլ գոր­ծիչ­ներ, գիտ­նա­կան­ներ ու ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ ինչ­պէս ­Գեր­մա­նիա­յէն, այն­պէս ալ եւ­րո­պա­կան այլ եր­կիր­նե­րէ: ­Պեր­լի­նի մէջ դի­մու­մը ­Յու­նիս 27ին ներ­կա­յա­ցո­ւած է հան­րու­թեան: