Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

alt16 ­Յու­նի­սին, Ի­տա­լիոյ ­Վե­րո­նա քա­ղա­քին մէջ կա­յա­ցած է փո­ղո­ցի մը ա­նուա­նա­կո­չու­թիւ­նը։ ­Փո­ղո­ցը կո­չո­ւած է ջղա­յին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու մաս­նա­գէտ, ­Վե­րո­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նի ա­ռա­ջին վե­րա­տե­սուչ Հ­րայր ­Թեր­զեա­նի ա­նու­նով։

 

 

Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնո­ւած են ­Վե­րո­նա­յի քա­ղա­քա­պետ Ֆ­լա­վիօ ­Տո­զի, ­Վե­րո­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ ­Նի­քո­լա ­Սար­թոր, ­Վե­րո­նա­յի շրջա­նի փոխ-նա­խա­գահ Անտ­րէա ­Սար­տել­լի, Ի­տա­լիոյ ­Հա­յե­րու ­Միու­թեան նա­խա­գահ ­Մի­նաս ­Լու­րեան, յայտ­նի գրող եւ Հ­րայր ­Թեր­զեա­նի նո­ւի­րո­ւած կեն­սագ­րա­կան գիր­քի հե­ղի­նակ Ան­թո­նիա Արս­լան, բազ­մա­թիւ ու­սա­նող­ներ եւ դա­սա­խօս­ներ, ա­կա­դե­մա­կան շրջա­նակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ­Վե­րո­նա­յի բնա­կիչ­ներ։

­Մի­ջո­ցառ­ման մաս­նա­կից­նե­րուն իր խօս­քը ուղ­ղած է Ի­տա­լիոյ մօտ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան ­Վիք­թո­րիա ­Պաղ­տա­սա­րեան, որ նշած է, թէ Հ­րայր ­Թեր­զեան մէկն է հա­զա­րա­ւոր այն հա­յե­րէն, ո­րոնք, որ­պէս ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րող­նե­րու զա­ւակ, ո՛չ միայն չյու­սա­հա­տե­ցան, այլ նաեւ պահ­պա­նե­լով հայ­կա­կան ին­քու­թիւ­նը՝ կրցան նո­ւի­րո­ւիլ նոր հայ­րե­նի­քին, ուր յար­գան­քի ու գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցան։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ­Վե­րո­նա քա­ղա­քի ու հա­մալ­սա­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան։