Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altԾ­րա­գիր մը, որ տա­րի­նե­րէ ի վեր հե­տապնդո­ւած էր, վեր­ջա­պէս ի­րա­կա­նա­ցո­ւե­ցաւ: Կնքո­ւե­ցաւ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը Եր­կու քա­ղաք­նե­րու քա­ցա­քա­պետ­նե­րու կող­մէ Ա­ւի­լիա­նա­յի` Ան­ճե­լօ ­Փաթ­րի­ցիո­յի, ­Սե­ւա­նի` ­Ռու­դիկ ­Ղու­կա­սեա­նի մի­ջեւ, Ա­ւի­լիա­նա­յի խորհրդի պա­լա­տին

մէջ, հռչա­կե­լով ­Սե­ւան / Ա­ւի­լիա­նա քա­ղաք­նե­րը ՔՈՅՐ քա­ղաք­ներ, ո­րոնք պի­տի գոր­ծակ­ցին մշա­կու­թա­յին, մար­զա­կան, ե­րի­տա­սար­դա­կան, ա­րո­ւես­տի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լորտ­նե­րէն ներս:

­Ներ­կայ էին նաեւ Հ.Հ. ­դես­պա­նու­հի ­տիկ. ­Վիք­թո­րիա ­Բաղ­դա­սա­րեա­նը, փոխ ­դեսպան ­տիկ. Ա­նա­հիտ ­Թով­մա­սեա­նը, դեսպանի օգ­նա­կան ­Վիք­թո­րիա ­Պօ­ղո­սեա­նը, պրն. ­Ղու­կա­սեա­նի օգ­նա­կան ­Դա­ւիթ ­Թո­րո­սեա­նը, փ­րոֆ. ­Պայ­քար ­Սի­վա­զը­լեա­նը եւ հոծ բազ­մու­թիւն մը: Այս ­Վայ­րէն քա­նի մը քլմ. հե­ռա­ւո­րու­թեան զե­տե­ղո­ւած ­Խաչ­քա­րի օրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Մի­լա­նո­յի ­հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւո­ր հովիւ հայր ­Թով­մա­յի ­ձե­ռամբ:

Ներ­կայ էին ­քա­ղա­քա­պետ­նե­րը, ­դես­պա­նու­հին իր անձ­նա­կազ­մով, տեղ­ւոյն կա­թո­ղի­կէ ­հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, եւ ­Մի­լա­նո­յի հայ­կա­կան հա­մայն­քին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ու Ա­ւի­լիա­նա­յի բնա­կիչ­նե­րը: ­Հան­դի­սու­թիւն­նե­րը ա­ւար­տե­ցան ճոխ հիւ­րա­սի­րու­թեամբ մը: