Print
Category: Հայ Դատ

Հայաստանի  պետութիւնը  եւ  ամբողջ  հայաշխարհը   կ'ողջունէ

Ֆրանսայի Ազգային Ժողոքի լիագումար նիստը սկսաւ երէկ առաւօտուն ժամը 9.30ին (տեղական ժամով) եւ աւարտեցաւ երեք ժամ յետոյ, օրինագիծի վաւերացումով:
Առաջին անգամ խօսք առաւ նախագիծի հեղինակ Վալերի Պոյէր: Անկէ ետք քաղաքական կուսակցութիւններու պատգամաւորներ եւ կառավարութեան կողմէ պատգամաւոր մը խօսք առին, տեսակէտներ յայտնելով նախագիծի մասին:


Նշենք, որ նախագիծի քուէարկութենէն ետք, բանաձեւը օրէնքի ձեւով պիտի յղուի Ծերակոյտին: Այնտեղ ալ քուարկութեամբ ընդունուելէն ետք՝ օրէնքը պիտի ստորագրուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի կողմէ՝ օրէնքի ուժ տալով փաստաթուղթին: Այս օրէնքին համաձայն Ցեղասպանութիւնը մերժողները մէկ տարի ազատազրկման եւ 45 հազար եւրօ տուգանք պիտի վճարեն: Քուէարկութենէն առաջ Ֆրանսայի Եւրոպայի արտաքին յարաբերութիւններու նախարար Ճան Լէոնէթթէն ըսաւ, թէ Թուրքիա պէտք է ընդունի 1915ի Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Իսկ Ֆրանսայի իշխող կուսակցութենէն Քրիստիան Ժաքոպ, ըսաւ թէ նախագիծը առանց արգելքի պիտի վաւերացուի: Ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ Ռան Մարք Այրուօլթ ըսաւ, թէ Ֆրանսան ասկէ առաջ ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, հիմա երկրորդ հանգրուանն է: Իսկ յաջորդը Ծերակոյտի վաւերացումն է: Կը կարծենք, որ օրէնքը ուժի մէջ պիտի մտնէ մինչեւ գարնան:
Երէկ Թուրքիոյ խպրհրդարանական պատուիրակութեան նախագահ Վոլքան Պոզքըր Պոլիս վերադարձին յայտարարած էր, որ նախագիծը եթէ նոյնիսկ այս հանգրուանին վաւերացուի, դեռ Ծերակոյտի հանգրուանը կայ:
Ֆրանսայի թրքական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու կողմէ երէկ «Լէ Ֆիկարօ» թերթին մէջ ամբողջական էջով մը յատարարութիւն մը դրուած էր, ուր կը շեշտուէր, թէ Ֆրանսայի մէջ կÿապրի մօտ 600 հազար թուրք:
Նշենք, որ 2006ի Հոկտեմբեր 16ին Ֆրանսայի Ազգային ժողովը հաւանութիւն տուած էր Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող մէկ այլ օրինագիծի: Սակայն այդ օրէնքը կեանքի կոչելու համար անհրաժեշտ էր անոր հաստատումը Ծերակոյտի կողմէն: Սենատը 2011թ. Մայիսին կայացած նիստին ընթացքին քննած էր նախագիծը եւ ձայներու 196 դէմ եւ 74 կողմ յարաբերակցութեամբ մերժած էր Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող այդ օրինագիծը:

 

ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Անթիւ յոխորտանքներ

Թուրքիոյ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Ֆարուք Չելիք, երէկ, Ֆրանսայի խորհրդարանի որոշումէն անմիջապէս ետք, հանդէս եկաւ յոխորտալով, թէ ՝«անոնք (Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի երեսփոխանները) կը կարծեն թէ կրնան փոխել պատմական իրականութիւնը: Կը խղճամ անոնց»:

Քուէարկութեան ժամերուն, խորհրդարանի շէնքի հրապարակին առջեւ համախմբուած էին թուրք ծայրայեղականներ, որոնք բողոքի ցոյց կատարեցին, ոստիկանական ուժերու հսկողութեան տակ:


Թուրքիա ետ կանչեց Ֆրանսայի մէջ իր դեսպանը

Փարիզի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճիօղլու (որ մի քանի օր առաջ յայտնի դարձած էր թէ արդէն գնած էր Անգարա վերադարձի իր տոմսակը - ամէն պարագայի պատրաստ ըլլալու համար) ըսած է, թէ «Մեր յարաբերութիւնները հսկայական վնաս պիտի կրեն»:
Ինչպէս յայտնի դարձաւ երէկ երեկոյեան, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ետ կանչած է դեսպանը:
Ուրիշ նախարար մըյ Թուրքիոյ միջավայրի նախարար Էրտողան Պայրաքթար, հանդէս եկած է սպառնալիքով՝ «Պատրաստ ենք պատասխան քայլեր տալու»...

«Ֆէյսպուք»ի մէջ յարձակումներ

Նախագիծի հեղինակ Վալերի Պոյէրի Ֆէյսպուքի էջը ողողուած է հայանպաստ գրութիւններով. նոյն պահուն հոն տեղ գտած են բազմաթիւ թրքական գրառումներ եւ լեզուական յարձակումներ, ուղղուած՝ ֆրանսացի երեսփոխանին:

«ԵՐԿԱԿԻ ՉԱՓԱՆԻՇԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ» ՀՐԱԺԱՐԵԼՈՒ ԿՈՉ

Ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը ֆրանսացի երեսփոխաններուն կոչ ուղղած է «երկակի չափանիշերու քաղաքականութենէն» հրաժարելու:
Թուրքիոյ խորհրդարանը որդեգրած է փաստաթուղթ մը, որուն մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի. «Անցեալին տեղի ունեցած իրադարձութիւններու ուսումնասիրութիւնը պատմաբաններու, գիտնականներու գործն է: Մենք խորապէս վրդովուած ենք Թուրքիոյ պատմութեան վարկաբեկման ուղղուած միակողմանի դիրքորոշումէն: Քննարկուելիք օրինագիծը կոպիտ կերպով կը խախտէ մարդու իրաւունքներն ու ազատութիւնները»:
Թուրք երեսփոխանները Ֆրանսային նաեւ կոչ ուղղած են‘ երկակի չափանիշերէն հրաժարելու եւ չձեռնարկելու այնպիսի քայլերու, որոնք կրնան փճացնել Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի փոխադարձ յարաբերութիւնները: Այդ յայտարարութեան դէմ քուէարկած է քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը:

 

Հաւանական է, Որ Ֆրանսայի Օրինակը Ընդունին Նաեւ ԵՄ անդամ Միւս Երկրները. Կիրօ Մանոյեան

Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունումը Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէն կÿամրապնդէ հայ-ֆրանսական յարաբերություները: Tert.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան, մեկնաբանելով Ֆրանսայի Ազգային ժողովի ընդունած նախագիծը:
«Սա հայկական կողմի յաղթանակն է: Իսկ եթէ օրինագիծի ընդունումը ազդէ թուրք-ֆրանսական յարաբերություններուն վրայ, ապա ան երկարատեւ բնոյթ չ'ունենար: Չնայած Թուրքիան անընդհատ սպառնալիքներ կը հնչեցնէ, սակայն այնտեղ ալ կայ հակառակ տեսակէտ: Այսինքն, այդ վատթարացող յարաբերութիւնները աւելի շատ խորհրդանշական բնոյթ պիտի կրեն, քան գործնական»,-ըսաւ Մանոյեան:
Ան այն կարծիքը յայտնեց, որ Ֆրանսայի օրինակը, հնարաւոր է, որ որդեգրեն Եւրամիութեան միւս անդամ երկիրները: «Յատկապէս խօսքը այն պետութիւններու մասին է, որոնք արդէն ընդունած են ցեղասպանութիւնը»,- նշեց Մանոյեան։